Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն համաձայն գտնուած է Իսրայէլին Հըզպալլայի հետ հաւանական համաձայնութեան վերաբերեալ պատգամ յղելու` նշելով. «Պատգամը համաձայնութեան խախտման պարագային իսրայէլեան զինուորական քայլին աջակցութիւն եւ Հըզպալլայի կողմէ սպառնալիքի գոյութեան պարագային Իսրայէլին աջակցելու Ուաշինկթընի կողմէ յանձնառութիւն կը ներառէ»:
Պաշտօնատարներուն համաձայն, «ամերիկեան պատգամը կը ներառէ համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմը նախագահելու համար պաշտօնատարի մը նշանակումը»:
Նախքան այդ, ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած էին, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները անցնող 24 ժամուան ընթացքին մեծ յառաջընթաց արձանագրած են:
Ամերիկացի պաշտօնատարները ամերիկեան կայքին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն տակաւին ո՛չ լիբանանեան, ո՛չ ալ իսրայէլեան կողմին հետ վերջնական համաձայնութեան հասած է:
«Անցնող 24 ժամուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնը Իսրայէլ ուղարկելու բաւարար յառաջընթաց արձանագրեցինք», նշած են պաշտօնատարները:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հրապարակեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկի նախագիծը` նախատեսելով, որ լիբանանեան ճակատին վրայ զինադադարը յառաջիկայ օրերուն հաստատուի եւ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ յայտարարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութենէն առաջ:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ զինադադարի առաջարկը Իսրայէլին եւ Լիբանանին կոչ կ՛ուղղէ` գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ 1559 որոշումները, լիբանանեան բանակը յանձնառու կը դառնայ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութեան, եւ զինադադարի ամբողջական գործադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 60 օր տեւողութեամբ զինադուլի ընթացքին:
Ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ յանձնառու կը դառնայ զինադադարի հաստատումէն ետք 7 օրուան ընթացքին իր ուժերը Լիբանանէն հեռացնելուն, իսկ լիբանանեան բանակը շրջանին մէջ տեղակայուելու կը սկսի իսրայէլեան ուժերու հեռացման զուգահեռ:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ զինադադարի առաջարկը կը ներառէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի զիրար ամբողջացնող հռետորաբանութիւն մը, թէ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք որեւէ անմիջական սպառնալիքէ պաշտպանելու:
Նշենք, որ Սպիտակ տունը, սակայն, չորեքշաբթի գիշեր` մեկնաբանելով Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկը, նշեց, որ բազմաթիւ տեղեկատուութիւններ կան ու բազմաթիւ նախագիծեր կը շրջանառուին, սակայն անոնք բանակցութիւններու իրավիճակը չեն արտացոլեր:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի չորեքշաբթի գիշեր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հոքշթայն այսօր ինծի հասկցուց, թէ 5 նոյեմբերէն առաջ կարելի է դրական բաներու հասնիլ»: