Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Հարուածեց Խիամ Գիւղի Մերձակայքին Մէջ Հաւաքուած Իսրայէլացի Զինուորները

October 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան երէկ իրերայաջորդ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է եւ հրետանիով ռմբակոծած հարաւային Լիբանանի Խիամ գիւղի մերձակայքին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորները:

Կուսակցութիւնը նաեւ ռմբակոծած է Ուաթա Խիամ եւ Ամրա շրջաններուն մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերը:

Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ հեռակառավարուող հրթիռով թիրախաւորած են Խիամ գիւղէն շուրջ 6 քիլոմեթր հարաւ գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ կրակ առած է, եւ անոր անձնակազմի անդամներուն մէջ արձանագրուած են սպաննուածներ ու վիրաւորներ:

Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ մեծաթիւ իսրայէլեան հրասայլեր մուտք գործած են Խիամ գիւղի մերձակայ արեւելեան շրջաններ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյ բուռն կերպով հրթիռակոծեց Հարեթ Սայտայի շրջանը, ինչ որ պատճառ դարձաւ հինգ զոհերու եւ 33 վիրաւորներու արձանագրութեան, նախնական տուեալներով:

Իսրայէլեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր 900 զինուորներ տեղափոխուած են հիւանդանոցներ:

Հըզպալլա իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր սպաննուած են 90 իսրայէլացի զինուորներ ու սպաներ եւ վիրաւորուած 750 ուրիշներ: Ոչնչացուած են 38 «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր, 4 զրահապատ մեքենաներ, 3 «Հերմես 450» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր եւ մէկ «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարք:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Տէր Զահրանիի եւ Սուժուտի բարձունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Հաշշուշ-Նապաթիէի ուղղութեամբ:

Նշենք, որ նախանցեալ օր իսրայէլեան օդուժը բուռն կերպով ռմբակոծեց Պաալպեքն ու Պեքան, ուր արձանագրուեցան 60 զոհեր:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի տուեալներով 23 սեպտեմբերէն ի վեր շուրջ 440000 անձեր Լիբանանէն անցած են Սուրիա եւ աւելի քան 22000 անձեր` Իրաք:

 

 

Նախորդը

Շէյխ Նայիմ Քասեմ` Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղար

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Գենիա Մուրադեան

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.