Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընտրուած է կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար` փոխարինելով սէյիտ Հասան Նասրալլան, որ իսրայէլեան օդային յարձակումի պատճառով նահատակուեցաւ:
Կուսակցութիւնը նշեց, որ շէյխ Քասեմ ընտրուած է ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան կուսակցական մեքանիզմին համաձայն:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ մեկնաբանելով շէյխ Նայիմ Քասեմի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «ժամանակաւոր նշանակում, եւ ոչ երկար ժամանակի համար»:
Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Հըզպալլայի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը` զայն նկատելով «Հըզպալլայի ուժին ու տոկունութեան, Լիբանանի իր գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը որեւէ յարձակումէ կամ բռնագրաւումէ պաշտպանելու յստակ ապացոյց մը»:
Պաղեստինեան Համաս եւ Իսլամական Ժիհատ շարժումները շնորհաւորեցին շէյխ Նայիմ Քասեմի իբրեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրութիւնը:


