Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Իսրայէլեան Յայտարարութիւններն Ու Լիբանանի Ստացած Դիւանագիտական Ցուցանիշերը Կը Հաստատեն Առաջարկուած Լուծումները Մերժող Իսրայէլեան Յամառութիւնը»

November 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոյի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը գնահատէ ներկայ դժուար փուլին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թափած մեծ ու դժուար ջանքերը եւ կը կառչի անոնց դերակատարութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն, անոնց տրուած առաքելութիւնն ու աշխատանքի կանոնները անխախտ պահելուն:

Ան դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու անոնց ուղղուած սպառնալիքները` գնահատելով Լիբանանի շարք մը բարեկամ երկիրներու հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքի շարունակման վրայ պնդելը:

«Իսրայէլեան թշնամիի լիբանանեան շրջաններուն վրայ իր յարձակումներուն ծիրը անգամ մը եւս ընդլայնելը, քաղաքներ ու գիւղեր ամբողջութեամբ իրենց բնակիչներէն դատարկելու անոր իրերայաջորդ սպառնալիքները, Պէյրութի Հարաւային արուարձանները քանդիչ օդային յարձակումներով անգամ մը եւս թիրախաւորելը, այս բոլորը իսրայէլացի թշնամիին առ ի պատրաստութիւն թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան զինադադար հաստատելու բոլոր ջանքերը մերժելը կը հաստատեն», շեշտեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Ան վերահաստատեց, որ Լիբանան միշտ կը յարգէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումն ու անոր կէտերը:

«Իսրայէլեան յայտարարութիւններն ու Լիբանանի ստացած դիւանագիտական ցուցանիշերը կը հաստատեն առաջարկուած լուծումները մերժող իսրայէլեան յամառութիւնը եւ սպանութեան ու քանդումի երթին վրայ պնդելը, ինչ որ ամբողջ միջազգային ընտանիքը կը դնէ այս յարձակումը դադրեցնելու իր պատմական եւ բարոյական պատասխանատուութեան առջեւ», նշեց Միքաթի:

 

Նախորդը

Պըրրի Տեղեակ Պահուած Է, Թէ Զինադադարի Բանակցութիւնները Ձախողած Են, Եւ Իսրայէլ Կը Մերժէ Բանակցիլ Ու Բանակցելու Մտադրութիւն Չունի

Յաջորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան 14 Բուռն Յարձակումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.