Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Ամերիկացի Պաշտօնատարներ Կը Յայտնեն, Որ Անորոշ Ժամանակով Յետաձգած Են Համասին Եւ Իսրայէլին Վերջնական Առաջարկի Ներկայացումը
Աղբիւրներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ կ՛ըսեն, թէ անորոշ ժամանակով յետաձգած են Համասին եւ Իսրայէլին վերջնական առաջարկի ներկայացումը: Անոնք նշած են, որ Համասի անցեալ շաբթուան մէջ նոր պահանջ ներկայացնելը համաձայնութեան գոյացումը բարդացուցած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ Համաս իր պահանջը ներկայացուցած է, մինչ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ բանակցողները կ՛աշխատին առաջարկի մանրամասնութիւններուն վրայ`...



















