Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Միջին Արեւելքի պատուիրակներ Էյմըս Հոքշթայն եւ Պրեթ ՄքԿըրք երէկ այցելեցին Երուսաղէմ, ուր հանդիպում ունեցան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ անոնք հանդիպումի ընթացքին քննարկած են «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն մը, ինչպէս նաեւ Կազայի հարցով բանակցութիւնները շարունակելու ջանքերը»:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկացի պատուիրակներ Էյմըս Հոքշթայնին եւ Պրեթ ՄքԿըրքին յայտնեց, որ խնդիրը համաձայնութիւնը չէ, այլ զայն գործադրելու կարողութիւնը»:
Նեթանիահու յայտնած է, որ կարեւորը համաձայնութեան թուղթը չէ, այլ` «Իսրայէլի վճռականութիւնն ու կարողութիւնը համաձայնութեան գործադրութիւնը ստիպելու եւ ձախողութեան մատնելու Լիբանանէն իր անվտանգութեան որեւէ սպառնալիք` այնպիսի ձեւով մը, որ (հիւսիսի) բնակիչները ապահով կերպով իրենց տուները պիտի վերադարձնէ»:
«Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութիւնը պէտք է երաշխաւորէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը», ըսած է ան:
«Վճռած ենք դիմակայել հիւսիսի մէջ մեր դէմ ուղղուող սպառնալիքները», յայտնած է Նեթանիահու:
Նախքան այդ, Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն առաջ համաձայնութեան գոյացումը անհաւանական է»:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» 30 հոկտեմբերին հաղորդած էր, որ լաւատեղեակ աղբիւրներ այս շաբաթ օրաթերթին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Նեթանիահուին յայտնած է, թէ կ՛ուզէ, որ Կազայի մէջ պատերազմը մինչեւ իր նախագահի պաշտօնը ստանձնելը աւարտած ըլլայ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց կարգին «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին յայտնած են. «Ուաշինկթընի կարծիքով` Լիբանանի մէջ զինադադարի ապահովումը Կազայի պատերազմին վերջ տալու լաւագոյն միջոցն է»:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էին. «Յառաջիկայ օրերուն կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել»:
Աղբիւրներ Երուսաղէմի մէջ հանդիպումէն ետք «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Ամերիկեան-իսրայէլեան համաձայնութեան նախագիծը Իսրայէլին կ՛արտօնէ փոխանցման 2 ամսուան ընթացքին Լիբանանը հարուածել»` աւելցնելով. «Մենք հաւանական կը նկատենք, որ Հըզպալլան ու լիբանանեան կառավարութիւնը կը մերժեն պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան նախագիծը` (Լիբանանի) գերիշխանութիւնը ոտնահարելուն համար»:
Օրաթերթը կը նշէ, որ «ըստ նախագիծին, Իսրայէլ մէկ շաբաթ ետք կը հեռանայ, ապա լիբանանեան բանակը կը տեղակայուի կազմաքանդելու համար Հըզպալլայի ենթակառոյցը»: