Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` ի տես Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումներուն: Քննարկումի նիւթ դարձաւ յատկապէս զինադուլի նախաձեռնութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ յուսատու տուեալներ ունի հաւանական զինադուլի մը կապակցութեամբ, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց ամբողջական գործադրութեան հրամայականով եւ Լիբանանի գերիշխանութեան յարգումով: Արծարծուեցաւ նաեւ գաղթականութեան խնդիրը եւ այդ իմաստով...

Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն.  Հոքշթայն Լիբանան Այցելելէ Ետք  Չորեքշաբթի Օր Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

Իսրայէլեան Պետական Ձայնասփիւռի Կայանին Համաձայն. Հոքշթայն Լիբանան Այցելելէ Ետք Չորեքշաբթի Օր Իսրայէլ Պիտի Այցելէ

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան իր այցելութենէն ետք չորեքշաբթի օր հասնի Իսրայէլ»: «Նաշրա» կայքի տեղեկութեան համաձայն, Հոքշթայնի Պէյրութ, ապա Թել Աւիւ սպասուող այցելութիւնները կը նշանակեն, թէ Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցութիւնները Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմի դադրեցման կարգաւորման պարտադրման ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Լաւատեղեակ աղբիւրներ կայքին յայտնած են, որ Հոքշթայնի այցելութիւնները կը...

Ըստ «Արապիա»-ի.  Պըրրի Կը Խոստանայ Գործադրել Այն,  Որուն Շուրջ Հոքշթայնի Հետ  Համաձայնութիւն Կը Գոյանայ

Պըրրի. «Զինադադար Հաստատելու Հաւանականութիւնը Աւելի Քան 50 Առ Հարիւր Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին` խօսելով զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն մասին, յայտնեց. «Մթնոլորտը դրական է եւ աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Աստուած ուզէ հարցերը իրենց բարեյաջող աւարտին կը հասնին»: «Իսրայէլի հետ փորձառութիւնը ոչ իսկ օր մը եղած է առանց իսրայէլեան ականներու եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ իրերայաջորդ ձգձգումներու, որոնք կ՛ականահարեն թափուած ամբողջ ջանքերը, ճիշդ ինչպէս աւելի...

Լարիժանի Ասատին Եւ Պըրրիին Նամակ Մը Փոխանցած Է

Լարիժանի Ասատին Եւ Պըրրիին Նամակ Մը Փոխանցած Է

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի փոխանցած է նամակ մը, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին պիտի ձգէ անոր պարունակութեան պատասխանելը: Լարիժանի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ նամակը, որ փոխանցած է «ուղղակի կերպով յեղափոխութեան եւ հանրապետութեան ղեկավարին կողմէ է», եւ անոր նպատակը «Դիմադրութեան ու լիբանանցի եւ սուրիացի...

Ակնարկ.  Վերահսկումի  Տարբեր Առաջադրանքներ

Ակնարկ. Վերահսկումի Տարբեր Առաջադրանքներ

Պաշտօնական Փարիզը Թել Աւիւի նկատմամբ մեղմ ըսելաձեւով խիստ յայտարարութիւններ կը հնչեցնէ: Աւելի շատ լիբանանեան կողմը պաշտպանելու դիրքերէ կը մեկնի եւ Իսրայէլի համար անընդունելի բովանդակութեամբ դիրքորոշում կ՛որդեգրէ: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս կեցուածքը ոչ այնքան Լիբանանի հանդէպ հոգատարութեամբ կը թարգմանուի, որքան հովանաւոր պետութիւններու կարգավիճակի պահպանումով հակամարտութեան կարգաւորման դերակատար, երաշխաւոր կամ միջնորդ մնալու շարժառիթներով: Աւելի պարզացուած` եթէ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հովանաւոր ռազմավարական գործընկերն...

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Եռաբլուրի Նահատակաց Պանթէոնէն

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Եռաբլուրի Նահատակաց Պանթէոնէն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 15 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու: Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի,...

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակումները, մասնաւորաբար թիրախաւորելով Ղպէյրիի շրջանը: Անօդաչու թռչող սարքեր երկու յարձակումներ գործեցին Ղպէյրիի վրայ, ապա ռմբաձիգ օդանաւ մը բուռն յարձակում գործեց շրջանին վրայ Ղպէյրիի քաղաքապետարանին մօտ, այդ պատճառով ալ շէնք մը փուլ եկաւ: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը զգուշացուց շրջանին բնակչութիւնը լքելու շրջանը, որմէ ետք Ղպէյրիի մէջ լսուեցան առատ կրակոցներ` զգուշացնելու համար բնակիչները, որ...

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի  Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած  Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

Լարիժանի. «Դիմադրութեան Եւ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Կը Զօրակցինք»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Լարիժանի երէկ այցելեց Պէյրութ: Լարիժանի Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Կը հաստատենք, որ Լիբանանի, անոր կառավարութեան, բանակին եւ Դիմադրութեան, կողքին կը կանգնինք ընդդէմ ոճրագործ, գոյացութեան յարձակումին»: Երկու կողմերը քննարկեցին «զինադադարի հարցը եւ լիբանանցի տեղահանուածներու դիմացկունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութեան հարցեր»: Լարիժանի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն...

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան.   «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

«Ազդակ»-ի 71-րդ Առցանց Լսարան. «Արցախեան Բանակցութիւններուն Կը Բացակայէր Խթանելու-Պատժելու Միջազգային Գործիքակազմը». Դոկտ. Հրայր Պալեան

«Ազդակ»-ի 71-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2024-ին, Պէյրութի ժամով` 18:00-ին: Դասախօսեց հակամարտութիւններու կարգաւորման մասնագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն դոկտ. Հրայր Պալեան: Նիւթ` «Արցախեան բանակցութիւննեուն ձախողութեան պատճառները. ի՞նչ կարելի է ընել այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դոկտ. Հրայր Պալեան նիւթը ներկայացուց բաժիններու դասակարգումով` հակամարտութեան դերակատարները, բանակցային հոլովոյթի իւրաքանչիւր փուլը, ներկայացուած նախագիծները, միջնորդական առաքելութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Նամակ Մը Յղեց Կենսոլորտի Նախարարութեան Ու ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Գրասենեակին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի գրասենեակին: Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:...

Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Մօտ Հըզպալլայի  Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Բուռն Բախումներ

Հարաւային Լիբանանի Գիւղերու Մօտ Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Բուռն Բախումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մաժտալ Զում, Նաքուրա, Շամըհ, Մանսուրի եւ Ուատի Շեպաա գիւղերը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ բանակի 188-րդ զօրաբաժինը հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններ հասած է եւ քանդած Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժերու հրթիռարձակման հարթակներ ու զէնքերու պահեստանոցներ: Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, որ Իկոզ, Տովտուան եւ Մակալան զօրախումբերը Գալիլիոյ զօրամասի հրամանատարութեան...

Թունպերկ. «Ազրպէյճանի Յարձակումին  Պատճառով Հայերը Ծայրայեղ  Դժուարութիւններու Կը Բախին»

Թունպերկ. «Ազրպէյճանի Յարձակումին Պատճառով Հայերը Ծայրայեղ Դժուարութիւններու Կը Բախին»

Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարելէ ետք վերջերս Հայաստան ժամանած աշխարհահռչակ բնապահպան, գործիչ Կրեթա Թունպերկ երէկ Երեւանի մէջ մասնակցած է «Ազրպէյճանի յարձակումի ազդեցութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան վրայ» նիւթով խորհրդաժողովին: Թունպերկ իր խօսքին մէջ Ազրպէյճանը մեղադրեց ցեղային զտումներու համար` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին պատճառով հայերը ծայրայեղ դժուարութիւններու կը բախին: «Այդ տանջանքները, ճնշումները արդարացում չունին, իսկ աշխարհը լուռ է»,...

Լաւրենթիեւ. «Ռուսիան Պատրաստ Է Սուրիոյ  Հարցով Թրամփի Վարչակազմին Հետ Աշխատելու»

Լաւրենթիեւ. «Ռուսիան Պատրաստ Է Սուրիոյ Հարցով Թրամփի Վարչակազմին Հետ Աշխատելու»

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ աշխատելու: «Անոնք շօշափելի դերակատարութիւն ունէին, ունին եւ հետագային ալ պիտի ունենան, եւ կարեւոր պիտի ըլլայ անոնց տեսակէտը նկատի ունենալ ու անոնց հետ համաձայնիլ», շեշտեց Լաւրենթիեւ: «Ինչպէս կ՛ըսուի, Թրամփ այլ տեսակի գործարքներ կը սիրէ կնքել, եւ տեսնենք այդ...

Պորել. «Ալիեւի Յայտարարութիւնները Կրնան Խանգարել ՔՈՓ29-ի Նպատակները Եւ Ազրպէյճանի  Նախագահութեան Վստահելիութիւնը»

Պորել. «Ալիեւի Յայտարարութիւնները Կրնան Խանգարել ՔՈՓ29-ի Նպատակները Եւ Ազրպէյճանի Նախագահութեան Վստահելիութիւնը»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի եւ Նետերլանտներու հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները չափազանց ցաւալի են: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորել: «Այս անընդունելի յայտարարութիւնները կրնան խաթարել կենսոլորտի փոփոխութեան խորհրդաժողովի կարեւոր նպատակները եւ Ազրպէյճանի ՔՈՓ29-ի նախագահութեան վստահելիութիւնը: Մենք կ՛աջակցինք Ֆրանսային եւ Նետերլանտներուն: «Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները կենսոլորտի համաշխարհային ֆինանսաւորման մեծագոյն ներդրողներն են` աջակցելով...

Խմբագրական.  Չարձակուած Նետը  (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)

Խմբագրական. Չարձակուած Նետը (Գերիներու Ազատ Արձակման Յայտարարութեան Մերժումին Առիթով)

ՔՈՓ29-ի վեհաժողովը ընթացքի մէջ է: Տակաւին Երեւանը չէ յստակացուցած իր մասնակցութիւնը: Պաշտօնական դիրքորոշումը կը բացակայէր` անորոշ ձգելով իշխանութիւններուն Պաքու մեկնելու որոշումը: Խորհրդարանի նախագահին վիճակուած էր յայտնաբար պարտականութիւն` յայտարարելու, որ եթէ ռազմագերիներու վերադարձ պիտի չըլլայ, ուրեմն Հայաստանի ներկայացուցիչին  Պաքու մեկնիլը իմաստ չունի: Այս յայտարարութիւնը քաղաքականօրէն ընկալելի էր: Առաջին փուլի գերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի կողմէ ՔՈՓ29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու համաձայնութիւնն էր: Երկրորդ...

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով  Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Իսրայէլ Գիշերուան Կողքին Ցերեկով Եւս Յարձակումներ Կը Գործէ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Հըզպալլան շարունակեց հրթիռակոծել իսրայէլեան հողերն ու անոր ուժերու հաւաքման վայրերը: Հըզպալլայի մարտիկները առաւօտեան ժամը 5:00-ին հրթիռակոծեցին Մարուն Ռաս գիւղի արեւելքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Կուսակցութիւնը երէկ հրթիռակոծեց նաեւ Սահսահ ու Քաֆար Ֆրատիմ բնակեցման վայրերը եւ Թել Աւիւի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Թել Նով» օդուժի ռազմակայանը: Հըզպալլան երէկ հարաւային Լիբանանի կեդրոնական շրջանին վերեւ թռիչք կատարող «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ հակաօդային...

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը  Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Ապտելաթի. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Բացարձակ Առաջնահերթութիւն Է»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկՊէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը պէտք չէ հիմակուընէ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի 20 յունուարին նախատեսուած երդման արարողութիւնը շարունակուի»: «Եգիպտոս Լիբանանին կը տրամադրէ իր կրցած օժանդակութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երէկ հասած օժանդակութիւնները իրենց տեսակին մէջ չորրորդն էին «եւ պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն են»: «Մենք շարունակ կը պնդենք, որ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Որոշումը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ՛ողջունէ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի ծիրին մէջ Պաքուի ներկայացուցած բոլոր նախնական առարկութիւններուն մերժումն ու Հայաստանի երկու առարկութիւններուն բաւարարումը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեպտեմբեր 2021-ին նախաձեռնած էր Ազրպէյճանի դէմ դատական հայցի` վերջինիս կողմէ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային հռչակագիրի խախտումներու...

Պլինքըն. «Պատերազմը Պէտք Է Դադրեցնել, Որովհետեւ  Իսրայէլ Իրագործեց Իր Ճշդած Նպատակները»

Պլինքըն. «Պատերազմը Պէտք Է Դադրեցնել, Որովհետեւ Իսրայէլ Իրագործեց Իր Ճշդած Նպատակները»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Պէտք է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնել, եւ Քարամ Ապու Սալեմ անցակէտին վրայ սպասող 900 բեռնակառքեր կան»: Պլինքըն շեշտեց. «Պատերազմը պէտք է դադրեցնել, որովհետեւ Իսրայէլ իրագործեց իր ճշդած նպատակները, որոնք են` Համասի կարողութեան սահմանափակումը, 7 հոկտեմբերի չկրկնուիլը երաշխաւորելը»: «Կարիքը ունինք Կազայի մէջ իսկական ժամանակաւոր եւ երկարատեւ զինադադարներու, որպէսզի կարելի ըլլայ օժանդակութիւնները հասցնել անոնց...

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Մէջ  Իր Ցամաքային Գործողութեան  Երկրորդ Փուլին Սկսաւ

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Մէջ Իր Ցամաքային Գործողութեան Երկրորդ Փուլին Սկսաւ

Իսրայէլի հիւսիսային տարբեր շրջաններուն մէջ ահազանգներ հնչեցին, երբ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքեր շրջան մուտք գործեցին: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր ուղղաթիռները Աքքայի վերեւ կը հետապնդեն Լիբանանէն եկած շարք մը անօդաչու թռչող սարքեր: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը յայտնեց, որ Հայֆայի արեւելքը գտնուող Նշերի մէջ ժողովրդային կեդրոնի մը մօտ անօդաչու թռչող սարք մը պայթած է: Իսրայէլեան օդուժը երէկ շարունակեց հարաւային Լիբանանի...

Page 132 of 795 1 … 131 132 133 … 795

Արխիւներ