Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նոր Շրջափուլ (Լիբանանի 14-րդ Նախագահի Ընտրութեան Առիթով)

January 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 յունուարին նկատմամբ արտայայտուած վճռականութիւնը կարելի է արձանագրել, որ իրականացաւ: Այս թուականը հրապարակուեցաւ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան գրեթէ առընթեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ զինադուլին պիտի հետեւի նոր շրջափուլ:

Լիբանանի բանակի հրամանատարի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր տարածաշրջանային ուժերուն կողմէ, եւ նախագահական ընտրութեան երկամեայ ոդիսականին ընթացքին անոր շուրջ յայտարարութիւնները մակընթացութեան եւ տեղատուութեան փուլերէ կ՛անցնէին:

Ի տարբերութիւն պետական այլ հաստատութիւններու, բանակը կը շարունակէր վայելել միջազգային հեղինակութիւն եւ ընկալում: Պէտք է նշել նաեւ այն, որ ներքին առումով եւս միջհամայնքային համակարգի կայացած եւ արմատաւորուած իբրեւ կառոյց անիկա յաջողեցաւ պահպանել մէկութիւնն ու ամբողջականութիւնը տագնապի տարբեր փուլերուն:

Վարքագիծի վերածուելու տպաւորութիւն կը ձգէ բանակի հրամանատարը նախագահական թեկնածու եւ ապա նախագահ ընտրելու այս ընթացքը: Ներքին իմաստով այս երեւոյթը կրնայ բացատրուիլ բանակի միջհամայնքային մէկութիւնն ու ամբողջականութիւնը պահպանած ըլլալու իրականութեամբ:

Միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու ներգրաւուածութեան չափը նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելու յաւելուած բաժին ունէր: Եթէ նախապէս, անոնք կ՛առաջադրէին անպայման ընտրութիւնը յաջողցնել եւ համաձայնական թեկնածուի շուրջ համախմբուիլ, այժմ ուղղակի թեկնածու կ՛առաջադրէին: Գործընթացը այնպէս կ՛ընթանար, որ այլ թեկնածուներ հետզհետէ չեղեալ կը յայտարարէին իրենց թեկնածութիւնը` իրողապէս կեդրոնացումը ընտրուած նախագահին վրայ ապահովելով:

Համախոհութիւնը արտաքին մեկնարկ ունէր, քան ներքին: Ներքին դաշտը կը հետեւէր արտաքինին եւ կը կեդրոնանար առաջադրուած անունին վրայ: Հերթական անգամ կը փաստուէր, որ լիբանանեան համախոհութիւնը արտաքին ներշնչում ունի: Անոր կայացումը կամ խոչընդոտումը կախեալ է շրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողներու միջեւ կայացած համաձայնութիւններէն եւ յարաբերութիւններէն: Ընտրական այս գործընթացներուն կը հնչէին նաեւ խոստումներ: Եթէ ընդառաջուի պահանջին, Լիբանան պիտի ստանայ օժանդակութիւններ: Խոստումներ` պայմանային տրամաբանութեամբ:

Համաձայնութիւնը փաթեթային էր ուրեմն: Զինադուլ, նախագահի ընտրութիւն եւ նոր շրջափուլի մեկնարկ այս երկրին համար: Պարզ է, որ պատերազմէն ետք նոր իրավիճակ է լիբանանեան քաղաքական դաշտին մէջ: Խորհրդարանը կը պահէ իր խճապատկերը: Նախագահը իր յետընտրական ճառով նոր իրավիճակ ստեղծելու, նոր առաջադրանքներ իրականացնելու եւ նոր համակարգ ձեւաւորելու մասին ակնարկութիւններ կատարեց: Յիշեց, որ տարածաշրջանային արմատական փոփոխութիւններ կատարուած են, վարչակարգեր փոխուած են եւ այդ լոյսին ներքոյ նախագծեց կատարուելիքները:

Միջազգային այն լայն արձագանգը, որ հնչեց նախագահի ընտրութեան առիթով, կրնայ առարկայանալ միջազգային ընտանիքի տարբեր ներկայացուցիչներու այցելութիւններով: Նկատենք անմիջապէս, որ տարածաշրջանին մէջ զուգահեռ աշխուժացողներուն առաջին շարքերուն են Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան: Սուրիոյ խաղատախտակին վրայ Անգարան առաւելներ արձանագրեց. անոր մրցակիցը` Սէուտական Արաբիան յատկապէս սիւննի զանգուածներուն վրայ ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին մէջ, գերաշխուժ պահուածք կը ցուցաբերէ Լիբանանի տարածքին: Այս  վազքը պիտի երեւայ վարչապետի նշանակման գործընթացին մէջ, ուր երկու պետութիւնները պիտի ունենան իրենց պատկերացումները:

Հայկական առումով օրինաչափ էր յիշեցումը, որ ստեղծուած այս համախոհական մթնոլորտը պէտք է տարածուի նաեւ վարչապետի եւ կառավարութեան նշանակումներուն պարագային: Հայկական երեսփոխանական պլոքը հերթական անգամ շեշտեց իր հետեւողականութիւնը համախոհութեամբ ոչ միայն նախագահ ընտրելու, այլ նաեւ ընդհանրապէս անդամալոյծ իրավիճակէն դուրս գալու համար բոլոր հանգուցալուծումները արդիւնաւորելու համար:

Նոր շրջափուլ է: Որպէսզի համախոհութիւնը արտաքին պարտադրանքի սահմաններէն անցում կատարէ նաեւ ներլիբանանեանի, անհրաժեշտ է բոլորի ներգրաւուածութեան եւ իրողական ներկայացուցչութեան ապահովումը պետութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ:

Լիբանանահայ դաշտը, նկատի ունենալով տարածաշրջանային փոփոխութիւններու ընդհանուր միտումները, անոնց ազդեցութիւններու յորձանուտային պայմանները,  իր կացութեան, դերին, գործառոյթներուն քննարկման հրամայականին դիմաց է նոր հանգամանքներու լոյսին տակ: Միշտ գերադաս պահելով համայնքի ամբողջականութիւնն ու անոր ապահովութիւնը:

Նախորդը

Պայտըն. «Աունը Վստահութիւնս Կը Վայելէ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 187-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.