Գլխաւոր լուրեր

Սիսի Միքաթիին Յայտնեց Լիբանանի,  Անոր Գերիշխանութեան Ու Ժողովուրդին  Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը

Սիսի Միքաթիին Յայտնեց Լիբանանի, Անոր Գերիշխանութեան Ու Ժողովուրդին Եգիպտոսի Զօրակցութիւնը

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի վերահաստատեց «Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան աջակցող Եգիպտոսի դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հողերուն կամ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին մերժումն ու դատապարտումը»: Այս մասին հաղորդեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը: Սիսի Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ Ռիատի մէջ արաբ-իսլամական արտակարգ ժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի ընթացքին շեշտեց «շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցման, շրջանի անոր ժողովուրդի ներկային...

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին Համաձայն  Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու Յղած Պատգամը Այն Է,  Որ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Սպառումով Քանի Մը  Շաբաթէն Կարգաւորում Կը Փափաքի

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայանին Համաձայն Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու Յղած Պատգամը Այն Է, Որ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Սպառումով Քանի Մը Շաբաթէն Կարգաւորում Կը Փափաքի

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը` մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւր մը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտօնատարները կրնան Լիբանանի մէջ համաձայնութիւն մը օգտագործել որոշ չափով մեղմացնելու համար միջազգային ճնշումները: Աղբիւրը նշեց, որ Իսրայէլի պաշտօնատարները մտահոգ են Ուաշինկթընի` Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման վերաբերեալ հետզհետէ աճող քննադատութիւններէն: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի Միացեալ Նահանգներու յղած պատգամը այն է, որ Լիբանանի մէջ կռիւի սպառումով քանի...

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը  Կը Քննէ Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման  Պահանջով Հայաստանի Հայցը

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը Մերժեց «Հայաստանը Ընդդէմ Ազրպէյճանի» Գործի Ծիրին Մէջ Պաքուի Ներկայացուցած Նախնական Առարկութիւնները

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մերժեց «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործի ծիրին մէջ Պաքուի ներկայացուցած նախնական երկու առարկութիւնները: Երեք տարի առաջ սեպտեմբերին Հայաստանը նախաձեռնած էր վարոյթ ընդդէմ Ազրպէյճանի` վերջինիս կողմէ «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային հռչակագիրի խախտումներու վերաբերեալ: Անցեալ տարուան ապրիլին Ազրպէյճանը ներկայացուցած էր իր նախնական առարկութիւնները:  

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը Մերժեց Ընդունիլ  Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Մասին  Ընդդիմութեան Նախագիծը

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը Մերժեց Ընդունիլ Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Մասին Ընդդիմութեան Նախագիծը

Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խմբակցութիւնը երէկ մերժեց ընդունիլ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը: Փաստաթուղթով Հայաստանի խորհրդարանին անունով կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ` Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար: Ընդդիմութեան նախագիծը չընդունուեցաւ 30 կողմ եւ 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Փաստաթուղթը նաեւ կը յորդորէր Հայաստանի կառավարութեան աշխուժօրէն համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակման հասնելու համար: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան պնդեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն օր կը զբաղի հայ...

Ակնարկ.  Ռուսական Երաշխիքներու Ակնարկութիւնները

Ակնարկ. Ռուսական Երաշխիքներու Ակնարկութիւնները

Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր զինադուլի հաստատման մասին դարձեալ համաձայնագիրի կէտերու նախագիծ կը շրջանառուի: Հինգ շաբթուան վրայ երկարող զինադուլ, որուն համար նախապայմանը ոչ միայն Հըզպալլայի ուժերու Լիթանի գետի հիւսիսային հատուած նահանջն է, այլեւ Հըզպալլայի սպառազինութեան ամբողջական դադրեցումը: Այս նախապայմանով է, որ իսրայէլեան ուժերը կը հեռանան լիբանանեան տարածքներէ, հիմք ունենալով միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանը: Անշուշտ միշտ ըստ այս թէական նախագիծին: Շատ ընդհանուր այս սկզբունքներուն...

Հըզպալլա Հրթիռակոծեց Քարմայէլի  Իսրայէլեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա Հրթիռակոծեց Քարմայէլի Իսրայէլեան Ռազմակայանը

Հըզպալլան երէկ ժամը 12:10-ին մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Քարմայէլ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի անկարգելաւորներու մարզման ռազմակայանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Քարմայէլի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ: Հըզպալլան միեւնոյն ժամանակ ճշգրտօրէն հարուածեց Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Մաալոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը եւ Իպատ դիրքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի առաջնագիծին վրայ, մասնաւորաբար Մարուն Ռաս...

Ռիատի Վեհաժողովը Դատապարտեց Իսրայէլի Ոճիրները  Եւ Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պահանջեց

Ռիատի Վեհաժողովը Դատապարտեց Իսրայէլի Ոճիրները Եւ Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պահանջեց

Երէկ Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ արաբական-իսլամական վեհաժողովը, որուն բացման արարողութեան ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ Իսրայէլի յարձակումները շարունակելը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան հաստատման ջանքերը»: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է շարունակել 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հասարակաց ջանքերը` շեշտելով պաղեստինեան իշխանութեան դերի կրճատման մերժումը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը դատապարտեց Լիբանանի հողերը թիրախաւորող...

Անթիլիասի Մէջ Յատուկ Աղօթք` Ի Խնդիր Արցախի  Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Անթիլիասի Մէջ Յատուկ Աղօթք` Ի Խնդիր Արցախի Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման

Նկատի ունենալով 11-22 նոյեմբեր 2024-ին Ազրպէյճանի մէջ կենսոլորտին նուիրուած միջազգային համագումարի կայացումը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողեր վերադառնալու իրաւունքին եւ Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերեվարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջին վրայ: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատեց եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին...

Թալեպանները Ներկայ, Պայտըն Բացակայ ՔՈՓ29-էն

Թալեպանները Ներկայ, Պայտըն Բացակայ ՔՈՓ29-էն

Երէկ Պաքուի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ-ի կենսոլորտի փոփոխութեան ՔՈՓ29 վեհաժողովը: Աֆղանիստանի իշխող Թալեպան շարժումի կառավարութիւնը կը մասնակցի Պաքուի մէջ խորհրդաժողովին, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անկէ կը բացակայի: Աֆղանիստանի կենսոլորտի ազգային գործակալութեան նախագահ Մութիհ Հաք Խալես յայտնեց, որ թալեպաններու պատուիրակութիւնը վեհաժողովին մասնակցութեան առիթը պիտի օգտագործէ «ամրապնդելու համար միջազգային ընտանիքին հետ կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան վերաբերեալ գործակցութիւնը, եւ ներկայացնելու...

Ժիպէյլի Ալմաթ Գիւղին Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումին Պատճառով Արձանագրուեցան 23 Զոհեր

Ժիպէյլի Ալմաթ Գիւղին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Պատճառով Արձանագրուեցան 23 Զոհեր

Հըզպալլան երէկ հրթիռակոծեց Աքքայի հիւսիսը գտնուող «Շարաղա» ռազմակայանը եւ սահմանագիծին մօտ տարբեր վայրերու մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլա հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա, Իվեն Մանահեմ, Շթուլա, Զըրհիթ եւ Շումիրա բնակեցման վայրերը: Կուսակցութիւնը քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերու վրայ` ուղղակի կերպով հարուածելով զանոնք: Ան նաեւ հրթիռակոծեց Հաղոշերիմ բնակեցման վայրին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլա երէկ...

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է,  Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն  Սեղանի Շուրջ Նստելով»

«Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է. Նորին Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ, Իսկ Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ Ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրին ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ եւ համաշխարհային սիոնականութիւնը միշտ ալ կարմիրով գծած են իրենց պատմութիւնը: «Ինծի համար զարմանալին այն է, թէ մարդիկ կը զարմանան, երբ նման կերպով արտայայտուինք: Իսրայէլացիները քաղաքական եւ տնտեսական նպատակներով եւ սիոնական մտայնութեամբ եկան ու բնակեցան արաբական...

Վեհափառ Հայրապետը Յաջորդաբար Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանն Ու Վատիկանի Մէջ  Լիբանանի Նախկին Դեսպանը

Վեհափառ Հայրապետը Յաջորդաբար Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանն Ու Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Նախկին Դեսպանը

Ուրբաթ, 8 նոյեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յաջորդաբար ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան զօրավար Ժորժ Խուրիի: Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերջին շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հայոց թեմին վեհափառ հայրապետին շնորհած հովուապետական այցելութեան եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան: Յիշեալ նիւթերուն...

Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը  Հաստատեց Հայաստանին Առնուազն 65 Միլիոն  Տոլար Յատկացնելու Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ընտրութիւններուն Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 90 Առ Հարիւրը Ընտրուած Է

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ընտրութիւններուն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն 90 առ հարիւրը ընտրուած է: Այս մասին կը նշուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Մենք չենք իջեցուցած մեր նշաձողը կամ զիջած մեր արժէքները: Խոստումներ չենք ընդունած, փոխարէնը պատասխանատուութիւն պահանջած ենք», յայտարարեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան: Ան ընդգծեց, որ թեկնածուները ընտրելու ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Ռիապքով. «Մոսկուան Պատրաստ Է Լսելու Թրամփի` Ուքրանիոյ Կացութեան Կարգաւորման Վերաբերեալ Առաջարկները»

Ռուսական կողմը պատրաստ է լսելու Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը կարգաւորելու վերաբերեալ առաջարկները, սակայն այս խնդիրի յստակ լուծում չի կրնար ըլլալ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Մենք չափազանց զգուշ, պատասխանատու եւ ուշադիր կը մօտենանք այս հարցին մէջ երկիրներու կողմէ առաջարկուող որեւէ գաղափարի: Հասկնալի է, որ Ուքրանիոյ մէջ...

Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին  Լիբանանեան Զանազան Շրջաններուն Վրայ

Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին Լիբանանեան Զանազան Շրջաններուն Վրայ

Հըզպալլա յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր կատարած է 21 գործողութիւններ, որոնց շարքին ռմբակոծած է 6 բնակեցման վայրեր, 2 ռազմակայաններ եւ վայրեր, ուր հաւաքուած էին իսրայէլեան ուժեր: Հըզպալլա յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող ծովուժի «Սթելա Մարիս» ռազմակայանը, ուրկէ հիւսիսային ծովեզերեայ շրջանի հսկողութիւնը կը կատարուի: Կուսակցութիւնը նաեւ տեսակարար հրթիռներով հարուածած է Հայֆայի հարաւը գտնուող «Էլիաքիմ» ռազմակայանը, ուր կը գտնուին իսրայէլեան բանակի...

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է,  Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն  Սեղանի Շուրջ Նստելով»

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է, Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրի ընթացքին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան եւ այդ երկրի արաբ ու լիբանանցի քաղաքացիներուն տրուած ընտրական խոստումներուն, նշեց, որ ընտրութենէն առաջ խոստումները ընտրութեան յաջորդող գործէն տարբեր են: Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ...

Ամսթերտամի Մէջ Պաղեստինի Զօրակցողներու Հետ  Բախումներու Ընթացքին 15 Իսրայէլացիներ Վիրաւորուեցան

Ամսթերտամի Մէջ Պաղեստինի Զօրակցողներու Հետ Բախումներու Ընթացքին 15 Իսրայէլացիներ Վիրաւորուեցան

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 15 իսրայէլացիներ վիրաւորուած են 7 ուրիշներու հետ կապը կորսուած է Ամսթերտամի մէջ տեղւոյն «Այաքս Ամսթերտամ» եւ «Մաքապի Թել Աւիւ» 5-0 արդիւնքով աւարտած ֆութպոլի խումբերուն միջեւ մրցումէն ետք տեղի ունեցած բռնարարքներու պատճառով: Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացիներու եւ Պաղեստինի համակիրներու միջեւ բախումները ընթացք առած են, երբ իսրայէլացի համակիրներ Պաղեստինի դրօշը պատռտած են: Իսրայէլեան բանակը երէկ...

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Պիտի Խօսիմ Փութինի Հետ,  Եւ Նեթանիահուի Հետ Զրոյցս Շատ Լաւ Էր»

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Պիտի Խօսիմ Փութինի Հետ, Եւ Նեթանիահուի Հետ Զրոյցս Շատ Լաւ Էր»

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տակաւին չխօսեցայ, սակայն կը կարծեմ, որ պիտի խօսիմ»: Այս մասին հաղորդեց «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը: «Աշխարհի շուրջ 70 ղեկավարներու հետ խօսեցայ, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ զրոյցս շատ լաւ էր», ըսաւ Թրամփ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վալտայ» միջազգային համախմբումին իր մասնակցութեան ընթացքին յայտնած էր. «Կը շնորհաւորեմ Թրամփը նախագահական...

Ըստ «Ժարիտա»-ի.  Թրամփ Լիբանանցի Միջնորդներու Յայտնած Է,  Թէ Պատրաստ Է Իրանի Հետ Նոր Էջ Բանալու

Ըստ «Ժարիտա»-ի. Թրամփ Լիբանանցի Միջնորդներու Յայտնած Է, Թէ Պատրաստ Է Իրանի Հետ Նոր Էջ Բանալու

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի, անոր խումբին եւ «Ուաշինկթընի մէջ Իրանի բարեկամներու», որոնց շարքին լիբանանցի միջնորդներու միջեւ նախնական կապ հաստատուած է: Աղբիւրը նշած է, որ լիբանանցի միջնորդներ Իրանի հարցով կապ հաստատած են Թրամփի հետ եւ Թեհրանին փոխանցած Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին կողմէ...

Աուալի – Սայտա Անցարգելին Մօտ`  Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով  3 Քաղաքայիններ Զոհուեցան Եւ 3 Բանակայիններ  Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 Անդամներ Վիրաւորուեցան

Աուալի – Սայտա Անցարգելին Մօտ` Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով 3 Քաղաքայիններ Զոհուեցան Եւ 3 Բանակայիններ Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 Անդամներ Վիրաւորուեցան

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտնեց, որ իր օդուժը վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ Հըզպալլային պատկանող եւ Կազայի մէջ Համաս շարժումին պատկանող աւելի քան 110 թիրախներ հարուածած է: Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ «վեցերորդ անգամ ըլլալով» հրթիռակոծած է Մարուն Ռաս գիւղի արեւելեան ծայրամասերուն մէջ իսրայէլեան բանակի մէկ շարժումը: Մինչ այդ, իսրայէլեան օդուժը չորեքշաբթի գիշերէն մինչեւ հինգշաբթի առաւօտ շարք մը յարձակումներ գործեց...

Page 133 of 795 1 … 132 133 134 … 795

Արխիւներ