Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելէ Ետք Պաապտայի Պալատ. Միքաթի. «Գոյութիւն Ունին Սահմանադրական Քայլեր` Կազմելու Համար Կառավարութիւն Մը, Որ Կարող Է Գործադրել Նախագահ Աունի Երէկ Բացատրած Ուղղուածութիւնը»

Յունուար 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ խօսեցայ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան եւ իսրայէլեան թշնամիի ամբողջական հեռացման ու Լիբանանի դէմ ոտնձգութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին»:

«Նախագահ Աուն կառավարութենէն խնդրեց շարունակել ընթացիկ աշխատանքները` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը», ըսաւ Միքաթի` նշելով. «Գոյութիւն ունին սահմանադրական քայլեր` կազմելու համար կառավարութիւնը, որ կարող պէտք է ըլլայ գործադրելու նախագահին երէկ բացատրած ուղղուածութիւնը, եւ մենք Լիբանանի փրկութեան նոր աշխատանքի ծրագիրի դիմաց կը կանգնինք»:

«Կը գնահատենք բոլոր քաղաքական տեսակէտները, եւ իւրաքանչիւր անձ ազատ է իր ուզածը ըսելու, իսկ կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ սահմանադրական քայլերը իրենց հունով կ՛ընթանան», ըսաւ ան` նշելով. «Նախագահ Աուն աշխատանքի ծրագիրի ընդհանուր գիծեր հաստատեց եւ խօսեցաւ բազմաթիւ հարցերու մասին, որոնք կարելի է գործադրել եւ անոնց վրայ աշխատիլ»:

Նշենք, որ «Ժատիտ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Միքաթի այսօր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի ընկերակցութեամբ Դամասկոս պիտի այցելէ:

Կիպրոսի Նախագահին Հետ Հանդիպում

Նորընտիր նախագահ Ժոզեֆ Աունի` միջազգային բարձրաստիճան առաջին հիւրին հետ տեսակցութիւնը Կիպրոսի նախագահին հետ հանդիպումը եղաւ: Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլոս նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Այսօր եկայ կանգնելու համար լիբանանեան պետութեան կողքին, որովհետեւ Կիպրոսը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին թիկունք կը կանգնի: Նախագահ Աունին հրաւէր յանձնեցի Պրիւքսել այցելելու` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հանդիպումէս ետք: Ուզեցի, որ նախագահ Աունը անձամբ շնորհաւորող առաջին նախագահը ըլլամ»:

Իտալիոյ Փոխվարչապետին Հետ

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նաեւ Իտալիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Թաժանին, որ յայտնեց, որ իմաստութեամբ եւ մեծ վստահելիութեամբ օժտուած նախագահ մը ունենալը շատ կարեւոր է խաղաղութիւն հաստատելու համար ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ:

Ան շեշտեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը երաշխիք մըն է Լիբանանի կայունութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ յարաբերութիւններուն համար:

Պքերքէի Մէջ

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ երեկոյեան այցելեց Պքերքէ եւ հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Ռայի պատրիարքը հանդիպման ընթացքին գնահատեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի երդման ճառին բովանդակութիւնը` զայն նկատելով Լիբանանի փրկութեան ճամբու քարտէս: Ան նաեւ ողջունեց տեղական, արաբական եւ միջազգային աջակցութիւնը, որուն արժանացաւ նախագահ Աունի ընտրութիւնը, ինչ որ կ՛օգնէ իրականացնելու տենչացուած փրկութիւնը:

«Լիբանանցիներու ուրախութիւնը ձեր ընտրութեամբ կ՛արտացոլէ անոնց վստահութիւնը մէկ կողմէ ձեր անձին նկատմամբ, իսկ միւս կողմէ ձեր ազգային կեցուածքներուն նկատմամբ, որոնց ականատես եղան անոնք ձեր ստանձնած տարբեր պարտականութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ բանակի հրամանատարութեան մէջ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Նախորդը

Ժահժահ. «Ընդդիմութեան Մէջ Վարչապետի Պաշտօնին Համար Ունինք Երկու Թեկնածու` Աշրաֆ Ռիֆին Եւ Ֆուատ Մախզումին»

Յաջորդը

Պայտըն. «Աունը Վստահութիւնս Կը Վայելէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?