Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 16-ի, կը հաղորդէ «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Այրած է մօտ 157 հազար 83 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Տարհանուած մարդոց թիւը հասած է 153 հազարի:
Ներկայիս Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ կը շարունակեն 6 մեծ հրդեհներ մոլեգնիլ:
Հրշէջները յայտարարած են, որ կրցած են երկու մեծագոյն հրդեհները մասնակիօրէն տեղայնացնել եւ վերահսկողութեան տակ վերցնել Ալթատինա եւ Փասիֆիք Փալիսէյտս շրջաններուն մէջ:
Օդերեւութաբանական ծառայութիւնը յայտնած է, որ քամիի արագութիւնը այս օրերուն պիտի նուազի, ինչ որ որոշ չափով պիտի դիւրացնէ հրշէջներուն աշխատանքը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ տեղի ունեցողը իրեն պատերազմի տեսարան կը յիշեցնէ: Ան խոստացած է, որ դաշնակցային կառավարութիւնը 6 ամսուան ընթացքին պիտի փոխհատուցէ կորուստները: