Լիբանանի նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի գիշեր հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ զինք շնորհաւորած նախագահ ընտրուելուն առիթով` վստահեցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կը կանգնին Լիբանանի կողքին եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ անոր կ՛աջակցին:
Նախագահ Աուն իր ամերիկացի պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնած է` աւելցնելով, որ անհամբեր կը սպասէ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ սերտ գործակցութեան:
Պայտըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այսօր Լիբանանի խորհրդարանը Լիբանանի յաջորդ նախագահի ընտրութեան նիստ գումարեց եւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Ժոզեֆ Աունի: Կը շնորհաւորեմ զինք Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն առիթով»:
«Նախագահ Աունի ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներուն Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ թշնամական արարքի վերջը ապահովելէն հազիւ 6 շաբաթ ենք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Այժմ, նախագահ Աուն վճռական ղեկավարութիւն պիտի ապահովէ, մինչ Լիբանանն ու Իսրայէլը ամբողջական կերպով կը գործադրեն թշնամական արարքներու դադրեցումը, հարիւր հազարաւոր անձեր կը վերադառնան իրենց տուները եւ Լիբանան կը վերականգնի ու կը վերաշինուի», ըսաւ ան:
«Նախագահ Աունը վստահութիւնս կը վայելէ, եւ ամուր կերպով կը հաւատամ, որ ան ներկայ ժամանակի յարմար ղեկավարն է», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Լիբանանցի ժողովուրդը աւելի քան երկու տարի տառապեցաւ, ոչ միայն քանդիչ պատերազմէ եւ շարունակուող ելեւմտական տագնապէ, այլ նաեւ ազգային ղեկավարութեան բացակայութենէն: Իսկ այժմ, իր ընտրուած երեսփոխաններուն ճամբով, Լիբանանի ժողովուրդը կիրարկեց իր ապագան ընտրելու իր ժողովրդավարական իրաւունքը», նշեց Պայտըն:
«Անոնք ընտրեցին միջազգային ընտանիքին հետ գործընկերութեամբ խաղաղութեան, անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ վերաշինութեան համահունչ ուղի մը, եւ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն այդ ճամբու ամբողջ ընթացքին անոնց աջակցիլ», ընդգծեց Սպիտակ տան ղեկավարը: