Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Մեկնարկ. Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Աունի Եւ Պըրրիի Հետ

January 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առտու հասաւ Լիբանան:

Ան կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Սալամ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքացիներուն ինծի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար` ստանձնելու Լիբանանին ծառայելու համար դժուար առաքելութիւնը, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, լիբանանցիներու երազներուն իրագործման համար աշխատելու հրաւէր է»:

«Ժամանակն է սկսելու նոր փուլ մը, որ արմատացած է արդարութեան, անվտանգութեան, յառաջդիմութեան եւ առիթներու մէջ, որպէսզի Լիբանանը ըլլայ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու մէջ հաւասար եղող ազատներուն երկիրը», նշեց նշանակեալ վարչապետը:

«Մեր ժողովուրդին մէկ մեծ բաժինի մը տուները եւ հաստատութիւնները տակաւին քանդուած են, եւ պէտք է վերակառուցենք Պեքայի, հարաւային Լիբանանի գիւղերն ու Պէյրութը, եւ վերակառուցումը միայն խոստում չէ, այլ` յանձնառութիւն», ըսաւ ան:

Նշանակեալ վարչապետը նշեց ընդլայնուած վարչական ապակեդրոնացումի գործադրութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց. «Ժամանակն է, որ վերակազմակերպենք վարչութիւնը, որ պաշտպանեալութեան վրայ հիմնուած է, եւ պէտք է արդարութիւն ապահովենք նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ու արդարութիւն ընենք դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցողներուն, որոնք իրենց դրամները կորսնցուցին»:

«Ես բացառման հետեւորդներէն չեմ, այլ միասնականութեան, եւ ո՛չ ալ հեռացնողներէն, այլ ազգային գործընկերութեան հետեւորդներէն, եւ ձեռքերս երկարած եմ բոլորին` սկսելու համար բարեկարգումը, որպէսզի ոեւէ քաղաքացի ինքզինք լուսանցքայնացուած չզգայ», յայտարարեց Սալամ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական պալատէն հեռացաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի դիւանը յայտարարեց, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ ոչ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 15 յունուարին եւ հինգշաբթի, 16 յունուարին:

 

 

Նախորդը

Ընդունելով Շիի Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդի Փոխնախագահը` Նախագահ Աուն. «Պէտք Չէ Կառավարութեան Կազմութեան Խոչընդոտներ Յարուցել, Եւ Եթէ Բաղադրիչ Մը Վնասուի, Ամբողջ Լիբանանը Կը Վնասուի»

Յաջորդը

Խմբագրական. Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 8, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.