Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ Միքաթի-Շարհ Հանդիպում

January 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթ օր այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիական նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ: Անոր  այցելութիւնը 2010-էն ի վեր Լիբանանի վարչապետի մը կողմէ Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր:

Միքաթի յայտնեց. «Այսօր այլեւս հրատապ է, երկու պետութիւններուն շահերուն համար ալ, լուծել Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը, մանաւանդ որ այս թղթածրարը տարիներէ ի վեր եւ մեծապէս կը ճնշէ ամբողջ Լիբանանի վրայ»:

«Պէտք է ամրապնդել փոխադարձ ու միացեալ քայլերը` պաշտպանելու համար երկու երկիրներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը, եւ արգիլելու որեւէ արարք, որ կը սպառնայ, անոնց անվտանգութեան ու կայունութեան», նշեց Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Սահմաններուն վրայ կան հարցեր, որոնք պէտք է ամբողջովին վերահսկողութեան տակ առնել, մասնաւորաբար ապօրինի սահմանային անցքերուն վրայ` դադրեցնելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ մաքսանենգման գործողութիւնը: Այս առումով պիտի գործակցինք, առանց որ ատիկա նշանակէ, թէ պիտի չհետապնդենք սահմանագծման հարցը: Սահմանագծման համար լիբանանեան-սուրիական միացեալ յանձնախումբ պիտի ըլլայ», ըսաւ Միքաթի:

Շարհ իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանցի ժողովուրդէն կը խնդրենք մէկդի ձգել Լիբանանի մէջ սուրիական նախկին յարաբերութեան մտայնութիւնն ու անոր յաջորդած ժխտական յարաբերութիւնները, որոնք լիբանանցի եւ սուրիացի ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն վնաս պատճառեց: Մենք մեզի եւ լիբանանցի ու սուրիացի ժողովուրդներուն եւս առիթ կ՛ընծայենք` կառուցելու համար դրական յարաբերութիւն մը, որ հիմնուած է երկու պետութիւններու եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ գերիշխանութեան յարգումին վրայ»:

«Սուրիան Լիբանանի մէջ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ պիտի մնայ, եւ մենք կը փորձենք բոլոր խնդիրներն ու մանրամասնութիւնները լուծել խորհրդակցութեան ու երկխօսութեան ճամբով», շեշտեց ան:

«Սուրիոյ մէջ ներկայիս առաջնահերթութիւնը ներքին կացութիւնը, անվտանգութեան վիճակը եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է, ապա դրացի երկիրներու մտահոգութիւնը փարատելը», նշեց Շարհ:

Միքաթի Շարհի հետ դէմ առ դէմ հանդիպում ունեցաւ, որմէ ետք հանդիպումին միացան պատուիրակութիւնները: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, բանակի հետախուզութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժի եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Հասան Շքէյր:

Սուրիական կողմէն հանդիպումին ներկայ էր արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի, հետախուզութեան ղեկավար Անաս Խաթթապ եւ Շարհի գրասենեակի տնօրէն Ալի Քատէ:

Միքաթի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Շարհի ճաշի հիւրը եղան:

Աւելի ուշ Շարհ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Միքաթիի հետ խօսած է լիբանանեան սահմանին վրայ կարգ մը առկախ հարցերու մասին, ինչպէս` մաքսանենգման եւ լիբանանեան դրամատուներուն մէջ սուրիական գումարներու մասին, «որպէսզի այս հարցը աւելի մանրամասն ուսումնասիրենք»:

Միքաթի իր կարգին նշեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը արագօրէն լուծելը եւ գաղթականներուն Սուրիա վերադարձը այսօր հրատապ դարձած է:

Միքաթի եւ Շարհ ընդգծեցին, որ առաջնահերթութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծումն է, որ կրնայ որոշ ժամանակ  պահանջել:

Ինչ կը վերաբերի Մազարեհ Շեպաայի թղթածրարին, Շարհ ըսաւ. «Տակաւին կանուխ է բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլ»` աւելցնելով, որ կարելի չէ մէկ ամսուան ընթացքին տասնեակ տարիներէ ի վեր առկախ մնացած խնդիրներ լուծել: Միքաթի աւելցուց. «Այս թղթածրարը մաս կը կազմէ սահմանագծման հարցին»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Միքաթիի եւ Պու Հապիպի հետ հանդիպումը դրական էր»:

Նախորդը

Աուն-Շարհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Կը Յուսամ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կառավարութիւն Կը Կազմուի, Որպէսզի Հարցերը Ճիշդ Ուղղութեան Վրայ Դրուին» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.