Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Վրայ Օդային Բուռն Յարձակումներ  Եւ Խիամի Մէջ Բուռն Բախումներ

Լիբանանի Վրայ Օդային Բուռն Յարձակումներ Եւ Խիամի Մէջ Բուռն Բախումներ

Իսրայէլեան օդուժը հինգշաբթի օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ շղթայազերծեց բուռն յարձակումներ, իսկ Հըզպալլա հակադարձեց հիւսիսային Իսրայէլի վրայ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ արձակելով, մինչ Խիամի շրջանին մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Իսրայէլեան օդուժը առաւօտեան ժամերէն յարձակումներ գործեց Սուր գաւառի Մանսուրի գիւղի մերձակայքին եւ Սուր քաղաքին վրայ: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ...

Հոքշթայն Թել Աւիւի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Նեթանիահուի Հետ

Հոքշթայն Թել Աւիւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Նեթանիահուի Հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Պէյրութէն մեկնեցաւ Թել Աւիւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիի եւ ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոտ Տերմերի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը: Իսրայէլացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրեց»:...

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ` Լիբանանի Հետ  Հաւանական Համաձայնութեան Նախագիծին  Եւ Բանակցութիւններուն Մասին

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ` Լիբանանի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Նախագիծին Եւ Բանակցութիւններուն Մասին

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հրապարակեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի հաստատման հաւանական համաձայնութեան նախագիծէն սպրդած հատուածներ, որոնք կը ներառեն համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք իսրայէլեան բանակին 60 օր տեւողութեամբ պայմանաժամ` ամբողջացնելու հարաւային Լիբանանէն իր հեռացումը, եւ երկու կողմերէն յանձնառութիւն գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ 1701 որոշումները: Ըստ տեղեկութեան, համաձայնութիւնը նաեւ կը ներառէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յաւելուած...

Կալանթ Նեթանիահուին Կ՛առաջարկէ  Արդիականացնել Պատերազմին Նպատակները

Միջազգային Քրէական Դատարանը Նեթանիահուի Եւ Կալանթի Դէմ Ձերբակալման Գիր Հրապարակեց

Միջազգային քրէական դատարանը հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը` Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով: Դատարանը նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւին` Քասսամի ջոկատներու ղեկավար Մոհամետ Տէյֆի դէմ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց: Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ կարծելու համար, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ պատերազմական ոճիրներ գործեցին, եւ տրամաբանական պատճառներ կան կարծելու,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

Նոյեմբերի երկրորդ շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար, որուն ներկայացուցիչները հայրենիքի մէջ նշեցին միութեան 106-ամեակը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակը եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովով ճշդեցին միութեան յառաջիկայ փուլի գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները: Համա-ՀՄԸՄ-ական յիշեալ նախաձեռնութիւնները կանխեցին 2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը, որոնք տեղի ունեցան 13 եւ 14 նոյեմբերին, Երեւան: Նիստերը քննեցին միութեան անցնող մէկ տարուան գործունէութեան զանազան մարզերը եւ հաստատեցին միջմիութենական...

Հըզպալլան Աշխուժացուց Իսրայէլի Վրայ  Իր Յարձակումները

Հըզպալլան Աշխուժացուց Իսրայէլի Վրայ Իր Յարձակումները

Մինչ Հըզպալլան աշխուժացուց Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքի մը պայթումին պատճառով սպաննուած է իր զինուորներէն մէկը եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած են: Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին մէկ օրուան մէջ 11 զինուորներ վիրաւորուած են: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան Լիբանանէն 3 անօդաչու թռչող սարքեր ներթափանցած են իսրայէլեան օդային...

Հոքշթայն. «Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթաց  Արձանագրեցինք, Եւ Թել Աւիւ Պիտի Ուղղուիմ`  Կարգաւորման Հասնելու Փորձ Կատարելու Համար»

Հոքշթայն. «Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք, Եւ Թել Աւիւ Պիտի Ուղղուիմ` Կարգաւորման Հասնելու Փորձ Կատարելու Համար»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Այն Թինէ այցելելով երկրորդ օրն ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Յիշեցնենք, որ Հոքշթայն երեքշաբթի օր 2 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած էր Պըրրիի հետ: Ամերիկացի պատուիրակը Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Բանակցութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ Թել Աւիւ պիտի ուղղուիմ` կարգաւորման հասնելու փորձ կատարելու համար»: «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Բանակցութիւնը Մեզի Համար  Յարձակումը Ամբողջութեամբ Դադրեցնելու  Եւ Լիբանանեան Գերիշխանութեան  Պահպանման Նշաձողի Տակ Է»

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Բանակցութիւնը Մեզի Համար Յարձակումը Ամբողջութեամբ Դադրեցնելու Եւ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Պահպանման Նշաձողի Տակ Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան քառասունքին նուիրուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ յարձակում գործեց Զոքաք Էլ Պլաթի, Ռասել Նապհի եւ Մար Էլիասի վրայ, այսինքն` մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնին վրայ, ուստի պէտք է իր մայրաքաղաք Թել Աւիւի կեդրոնին վրայ յարձակում նախատեսէ: «Կարելի չէ մայրաքաղաք Պէյրութը թշնամիին հարուածներուն տակ ձգել, այլ ատոր գինը պէտք է...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն Փոխելու Իրենց Հիւլէական Հայեցակարգը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն փոխելու իրենց հիւլէական հայեցակարգը` ի պատասխան ռուսական թարմացման: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին առընթեր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը` շեշտելով, որ զարմացած չէ Մոսկուայի հիւլէական հայեցակարգը փոխելու որոշումէն: «Ինչպէս ըսած էինք այս ամսուան սկիզբը, մեզի չզարմացուց հիւլէական հայեցակարգը թարմացնելու Ռուսիոյ յայտարարութիւնը: Ռուսիան քանի մը շաբաթէ ի վեր կ՛ազդարարէր իր հայեցակարգը...

Այն Թինէի Մէջ 2 Ժամ Տեւողութեամբ  Ժողովէն Ետք.  Հոքշթայն. «Լուծումը Հասանելի Դարձաւ,  Եւ Կը Յուսամ Յառաջիկայ Քանի Մը Օրուան  Ընթացքին Լուծման Հասնիլ»

Այն Թինէի Մէջ 2 Ժամ Տեւողութեամբ Ժողովէն Ետք. Հոքշթայն. «Լուծումը Հասանելի Դարձաւ, Եւ Կը Յուսամ Յառաջիկայ Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Լուծման Հասնիլ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ: Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր տան մէջ ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի: Քննարկուեցան զինադադարի հաստատման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրման համար Հոքշթայնի ջանքերը: Միքաթի ժողովի ընթացքին նշեց. «(Լիբանանի) կառավարութեան...

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Ետ Մղել Մարուն Ռասի,  Խիամի, Շամհի Եւ Պայատայի Մէջ Իսրայէլեան  Ուժերու Յառաջխաղացքի Փորձերը

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Ետ Մղել Մարուն Ռասի, Խիամի, Շամհի Եւ Պայատայի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերու Յառաջխաղացքի Փորձերը

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ շարունակեցին Իսրայէլի սահմանակից գիւղերուն մէջ ետ մղել իսրայէլեան յառաջխաղացքի փորձերը եւ միեւնոյն ժամանակ հրթիռակոծել աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ իսրայէլեան խորքը: Հըզպալլա Մարուն Ռաս գիւղի հարաւային մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը թիրախաւորեց երկու իրերայաջորդ հրթիռակոծումներով: Կուսակցութիւնը միեւնոյն ժամանակ հրթիռակոծեց գիւղի հիւսիսային կողմին մէջ հաւաքուած իսրայէլեան այլ ուժեր, կառավարուող հրթիռով հարուածելէ ետք տուն մը, ուր ապաստանած էին...

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Վիճակը  Սկզբունքով Լաւ Է, Եւ Այն, Ինչ Որ Կը Մնայ,  Կարգ Մը Մանրամասնութիւններ Են»

Պըրրի. «Բանակցութիւններուն Վիճակը Սկզբունքով Լաւ Է, Եւ Այն, Ինչ Որ Կը Մնայ, Կարգ Մը Մանրամասնութիւններ Են»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ երկու ժամ տեւողութեամբ իր հանդիպումէն ետք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է. «Կացութիւնը սկզբունքով լաւ է, եւ այն, ինչ որ կը մնայ, կարգ մը մանրամասնութիւններ են»: Պըրրի նշած է, որ իր ներկայացուցիչն ու ամերիկացիներուն ներկայացուցիչը կը քննարկեն կարգ մը թեքնիք հարցեր, զանոնք լուծելու համար նախքան Հոքշթայնի Իսրայէլ մեկնիլը,...

Պաշտօնանկութիւններու Շարք` Հայաստանի Մէջ

Պաշտօնանկութիւններու Շարք` Հայաստանի Մէջ

Նախանցեալ օր եւ երէկ Հայաստանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թելադրանքով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրենց հրաժարականները ներկայացուցին: Պաշտօնանկ եղած եւ հրաժարած պաշտօնատարներուն շարքին են բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, Հակափտածութիւն կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան, ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան: Իսկ երէկ...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութեան Համաձայն.  Ուքրանիան Ամերիկեան Աթաքմս Թեւաւոր  Հրթիռներով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Համաձայն. Ուքրանիան Ամերիկեան Աթաքմս Թեւաւոր Հրթիռներով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը գիշերը ամերիկեան ԱԹԱՔՄՍ թեւաւոր հրթիռներով յարձակած են Ռուսիոյ Պրիանսքի մարզին վրայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը տեղեկացնէ որ այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` մանրամասնելով, որ հրթիռներէն 5-ը խոցուած է «Փանցիր» համալիրի կողմէ: «Այս գիշեր ժամը 3:25-ին հակառակորդը վեց թեւաւոր հրթիռներով հարուածած է Պրիանսքի մարզին մէջ գտնուող կառոյց մը: Ըստ հաստատուած տուեալներուն, կիրարկուած են ամերիկեան արտադրութեան ԱԹԱՔՄՍ մարտավարական հրթիռներ:...

Ակնարկ.   Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

Ակնարկ. Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններէն հերթական անգամ պարզ կը դառնայ, որ պաշտօնական Պէյրութը կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի 1701 որոշումին: Այս կառչածութեան իմաստը նաեւ այն է, որ Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած փոփոխութիւնները մերժելի են Լիբանանի կողմէ: Խորհրդարանի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերով. 1701-ի գործարկման համաձայնութիւն, զինադուլի հաստատում, խորհրդարանի նիստի հրաւէր եւ նախագահի ընտրութեան օրակարգի կայացում: Ծայրայեղ զգուշաւոր մօտեցում կը տիրէ ամերիկացի պատուիրակին...

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան  Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշեր Խիամի ճակատի կացութիւնը «տաք» էր: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, որոնք նշեալ ճակատին վրայ 9 անգամ հարուածեցին իսրայէլեան ուժերը, որոնք, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, շրջանին մէջ շարունակուող բախումներու ընթացքին մեծ կորուստներ կը կրեն: «Մայատին» կը նշէ, որ անցնող 6 օրերուն ընթացքին յառաջանալու իսրայէլեան փորձերը Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ ձախողութեան մատնուած են:...

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Լիբանանեան պետական աղբիւր մը երէկ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր կ՛այցելէ Պէյրութ` շարունակելու համար զինադադարի հաստատման շուրջ խորհրդակցութիւնները»: Լիբանանեան քաղաքական աղբիւր մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հոքշթայն այսօր Պէյրութ կ՛այցելէ: «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի նստավայր Այն Թինէն կիրակի գիշեր ժամը 8:00-ին ստացած է ամերիկեան նախագիծին Հըզպալլայի պատասխանն...

«Կը Հաւատանք` Հայերը Լեռնային Ղարաբաղ  Վերադառնալու Իրաւունք Ունին»  Պաքուի Մէջ Կ՛ըսեն Ամերիկացի Ծերակուտականները

«Կը Հաւատանք` Հայերը Լեռնային Ղարաբաղ Վերադառնալու Իրաւունք Ունին» Պաքուի Մէջ Կ՛ըսեն Ամերիկացի Ծերակուտականները

Ամերիկացի ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուայթհաուս Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի հարցումին, սատարած են Հայաստանին եւ պաշտպանած արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը: «Մենք կը հաւատանք, որ քաղաքական բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին, եւ կը հաւատանք, որ հայերը Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրաւունք ունին», ըսած է Մարքի: Մինչդեռ ծերակուտական Ուայթհաուս նշած է, որ ինք եւ իր գործընկերը կ՛աջակցին Հայաստանին:...

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու  Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան  «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

Քրեմլին. «Պայտըն Քիեւին Ռուսիոյ Վրայ Հեռահաս Հրթիռներ Արձակել Արտօնելով Կրակին Վրայ Իւղ Կը Թափէ»

Ամերիկեան զէնքով ռուսական տարածքի խորքը հարուածելու Ուաշինկթընի արտօնութիւնը պիտի սրէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը եւ կրնայ յանգեցնել Համաշխարհային Գ. պատերազմի: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են ռուս օրէնսդիրներ: Ամերիկեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ջնջած է սահմանափակումները, որոնք Ուքրանիոյ կ՛արգիլէին ամերիկեան զէնքը օգտագործել ռուսական տարածքի խորքը հարուածելու համար: «Արեւմուտքը այնպիսի մագլցումի...

Իսրայէլ Ահաբեկեց Մոհամետ Աֆիֆը

Իսրայէլ Ահաբեկեց Մոհամետ Աֆիֆը

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռասուլ Նապհ շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ, ուր կը գտնուէր Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազին յարձակումի պահուն շէնքին մէջ չէր գտնուեր: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆն է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու...

Page 131 of 795 1 … 130 131 132 … 795

Արխիւներ