Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ ընթացք առին վարչապետի առաջադրման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները:
Նշենք, որ խորհրդակցութիւններու մեկնարկէն առաջ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը` «փոփոխութեան հաւատացողներուն միջեւ» Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար: Երեսփոխան Պիլալ Հշէյմի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մախզումիի իր թեկնածութիւնը յետս կոչելը ինծի համար բնական չէր, եւ ես Միքաթիի օգտին պիտի քուէարկեմ: Բոլորս Նաուաֆ Սալամին քուէարկելու չենք ուղղուիր, որովհետեւ ոչ բոլորս զինք կը ճանչնանք, եւ պէտք է ըլլայ վարչապետ մը, որ մարդոց տառապանքը ապրեցաւ»:
Ընդդիմադիր ուժերու երեսփոխանները որոշած էին խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ընթացքին երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի անունը առաջադրել վարչապետի պաշտօնին:
Նախագահական պալատ առաջին այցելուն խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապն էր, որ յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին փոխանցեցի, որ վարչապետի պաշտօնին ոչ ոք պիտի առաջադրեմ»:
«Վարչապետի պաշտօնին առաջադրումները հանրապետութեան նախագահի անունին շուրջ գոյացած միաձայնութենէն տարբեր են, եւ կը փափաքէինք, որ այս հարցը կողմերուն միջեւ նոյն խանդավառութեամբ ու միաձայնութեամբ ըլլար», ըսաւ ան` մաղթելով, որ «բոլորին մօտ միտքերը կը յստականան, եւ համախոհութիւն կը գոյանայ բարեկարգչական վարչապետի մը եւ կառավարութեան մը շուրջ, որ համահունչ է երդման ճառին»:
Պու Սաապ մտահոգութիւն յայտնեց, որ տարակարծութիւն յառաջանայ, եւ խումբ մը ի շահ ուրիշ խումբի վնասուի, «եւ ատիկա իշխանութեան սկիզբը պիտի չդիւրացնէ, այլ մեզ պիտի հասցնէ տագնապի: Կը մաղթենք, որ փոխհասկացողութիւն գոյանայ բարեկարգչական վարչապետի մը շուրջ, որ կը կազմէ երդման ճառին յարմարող աշխատանքային խումբ մը»:
«Վարչապետի ոեւէ թեկնածուէ չլսեցի, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործէ եւ ի՛նչ է մշակելիք ծրագիրը», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:
Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ յայտարարեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունին յայտնեցի, որ եթէ Նեժիպ Միքաթիի եւ Նաուաֆ Սալամի քուէները հաւասարին, քուէս Միքաթիին է, այլապէս` ոչ ոքի»:
«Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան առաջադրումը տեղի ունեցաւ այնպիսի ձեւով մը, որ այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ երկիրը պարանաձգութեան մէջ է», նշեց ան:
«Պետութեան մէջ գործելու Միքաթիի գործելաոճը չեմ հաւնիր, սակայն չեմ կրնար չխոստովանիլ, թէ անցնող շրջանին երկիրը կառավարելու անոր ձեւը լաւ էր, ինչ որ արտօնեց ապահով ափի սկիզբ հասնիլ, եւ ատիկա անոր համար դրական կէտ է», յայտնեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ:
Երեսփոխան Ատիպ Ապտելմասիհ յայտարարեց. «Ընդդիմութեան որոշումին պիտի հետեւիմ եւ վարչապետի պաշտօնին առաջադրեմ դատաւոր Նաուաֆ Սալամը»:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունը ընտրեցինք, որովհետեւ գերիշխանական ու բարեկարգչական է, եւ բնական է, որ ընտրենք գերիշխանական, բարեկարգչական եւ նախագահը ամբողջացնող վարչապետ մը, որպէսզի մեզ մեր գտնուած քայքայումէն փրկէ եւ հաստատութիւնները կառավարէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ես փոխանցման ժամանակաշրջանին դէմ եմ, եւ ասիկա հիմնադիր փուլ է»:
Երեսփոխան Ապտելռահման Պըզրի յայտարարեց. «Նոր կառավարութեան կազմութեան համար առաջադրեցի Նեժիպ Միքաթին»:
«Մեր պարտաւորութիւնն է աշխատիլ կազմելու համար իշխանութեան առաջին կառավարութիւնը, որ կազմուած ըլլայ նախագահ Ժոզեֆ Աունը նախագահութեան աթոռին հասցուցած մեծամասնութենէն եւ մէկ մասը ըլլայ գործադրելի ամբողջական ծրագիրին», աւելցուց ան:
Երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտարարեց, որ կ՛առաջադրէ Նաուաֆ Սալամի անունը` նշելով. «Մեծ շրջադարձները կը դիմակայենք ազգային միախմբող լուծումներով»:
Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ յայտարարեց, որ Նեժիպ Միքաթիի անունը առաջադրած է` քաջ գիտակցելով, որ «ան երկրին անցած եւ գտնուած ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ պահպանեց լիբանանեան օրինականութեան շարունակումը, եւ ապահովեց անոր եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ կապը»:
Երեսփոխան Միշել Տահեր յայտնեց, որ առաջադրած է դատաւոր Նաուաֆ Սալամի անունը` մաղթելով, որ «ատիկա չի հակասեր համակեցութեան»:
Երեսփոխան Պիլալ Հշէյմի նշեց, որ առաջադրած է Նեժիպ Միքաթիի անունը` ընդգծելով. «Կառավարման մէջ անոր մնալը կայունութեան հաստատման երաշխիք կ՛ապահովէ»:
Շարպել Մասաատ առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի անունը, որովհետեւ «Սալամ դասաւորումներէն դուրս է, եւ լիբանանցի ժողովուրդը անոր մէջ յոյսի նշոյլ կը տեսնէ»:
Հայտար Նասեր ըսաւ, որ կ՛առաջադրէ Նեժիպ Միքաթիի անունը` աւելցնելով. «Աունին կոչ ուղղեցի, որ ալեւի համայնքը յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցիչ ունենայ»:
Երեսփոխան Ապտելքարիմ Քապպարա յայտարարեց, որ կ՛առաջադրէ Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Երեսփոխան Իպրահիմ Մնէյմնէ յայտնեց. «Շեշտած էինք, որ ներկայ փուլին անհրաժեշտ է յանձնառու ըլլալ երդման ճառի կէտերը, որ ներկայ փուլին հիմնական վերնագիրներ դրաւ, որոնց համար շատոնց կը պայքարէինք»:
«Վարչապետի պաշտօնին մեր թեկնածութիւնը յայտարարած էինք հիմնուելով այդ վերնագիրներուն վրայ եւ երդման ճառին համահունչ կերպով, սակայն մեր համակիրներուն ու աշխատանքային խումբին հետ քննարկումէ ետք յարմար նկատեցինք յետս կոչել մեր թեկնածութիւնը ի նպաստ դատաւոր Նաուաֆ Սալամի` ապահովելու համար կարելի եղածին չափ միաձայնութիւն եւ համաձայնութիւն», նշեց ան:
Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր ըսաւ, որ Նաուաֆ Սալամի անունը առաջադրած է` այն յոյսով, որ ան բարեկարգչական շունչ կը բերէ եւ նախագահական ճառը կը վերածէ կառավարութեան ծրագիրի:
Մըլհեմ Խալաֆ յայտարարեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան համար կ՛առաջադրէ Նաուաֆ Սալամի անունը` կարեւոր նկատելով քաղաքական ներկայ դասէն դուրս անձերու նախագահին միանալը:
Երեսփոխան Հալիմա Քահքուր յայտարարեց, որ առաջադրած է Նաուաֆ Սալամի անունը` նշելով. «Ես եւ նախագահ Ժոզեֆ Աուն համաձայնեցանք, որ միջազգային աջակցութիւնը պէտք է պետութեան գայ, ոչ թէ անհատներու, եւ պէտք է թափանցիկ ձեւով գայ, ինչպէս նաեւ խօսեցանք կիներուն եւ երիտասարդներուն կառավարութեան աշխատանքներուն մասնակցութեան կարեւորութեան մասին»:
Երեսփոխան Նաժաթ Աուն-Սալիպա յայտնեց, որ առաջադրած է Նաուաֆ Սալամի անունը` կոչ ուղղելով «օրէնքի պետութիւն կառուցելու»:
Երեսփոխան Էլիաս Ժրատի յայտարարեց, որ կառավարութեան կազմութեան համար առաջադրած է Նաուաֆ Սալամի անունը` ընդգծելով. «Հսկողի եւ հաշուետուութիւն պահանջողի դիրքի վրայ պիտի ըլլանք»:
Երեսփոխան Ֆիրաս Համտան Պաապտայի պալատէն յայտարարեց, որ վարչապետի պաշտօնին առաջադրած է Նաուաֆ Սալամի անունը` նշելով. «Երդման ճառը Լիբանանի պատմութեան մէջ նոր էջ բացաւ»:
Երեսփոխան Եասին Եասին զօրակցութիւն յայտնեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան:
Երեսփոխան Միշել Մըր յայտարարեց, որ առաջադրած է Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը:
Երեսփոխան Ժորժ Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքին անունով յայտարարեց, որ պլոքը կառավարութեան կազմութեան համար կ՛առաջադրէ Նաուաֆ Սալամի անունը:
Պատասխանելով Հաւատարմութիւն դիմադրութիւն եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքներու հանրապետութեան նախագահէն իրենց ժամադրութիւնները այսօրուան յետաձգելու դիմումի մասին լուրերուն` Ատուան ըսաւ. «Պէտք է բոլոր պլոքները յարգեն խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ժամադրութիւնը եւ պէտք է վարժուին նոր հայրենիքին»:
Երեսփոխան Քամիլ Շամուն առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի անունը` նշելով. «Ան որեւէ փտածութենէ զուրկ է»:
Նախագահական պալատի տեղեկատուութեան պատասխանատուն նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը համաձայն չէ գտնուած Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ժամադրութիւնը այսօրուան յետաձգելու դիմումին, «եւ պլոքի ժամադրութիւնը այսօր ժամը 3:30-ին է»:
Հզօր Լիբանան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ վարչապետի պաշտօնին առաջադրած է դատաւոր Նաուաֆ Սալամի անունը:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթ նշեց, որ պլոքը կը զօրակցի Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան:
Ազգային չափաւորականութիւն եւ Երեսփոխանական խորհրդակցական անկախ հանդիպում պլոքները եւս զօրակցեցան Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան:
Փաղանգաւոր երեսփոխաններու պլոքը նոր կառավարութեան կազմութեան համար առաջադրեց Սալամի անունը` նշելով. «Բոլորը կը հասկնան, որ մեկուսացնելը արգիլուած է, եւ բոլորս ալ պէտք է նոր Լիբանանի կառուցման մէջ գործընկերներ ըլլանք` օրէնքի եւ հաւասարութեան նշաձողին տակ առանց լիբանանեան բանակի զէնքէն դուրս որեւէ զէնքի, եւ պիտի չընդունինք, որ երկիրը կառուցուի ոեւէ մէկու մեկուսացման վրայ»:
Ազգային համաձայնութիւն երեսփոխանական պլոքը յայտարարեց, որ կը զօրակցի Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան` նշելով. «Արաբական եւ միջազգային կողմէ Լիբանան վերադարձ կայ, եւ բոլորս պէտք է պաշտպանենք երկիրը, մէկ ձեռք ըլլանք` գործադրելու համար միջազգային որոշումները»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումս ցաւ յայտնելու համար է, որ գոյութիւն ունի համաձայնական իշխանութեան մեկնարկը արատաւորելու միտում»:
«Անգամ մը եւս ոմանք ուրիշները ջնջելու եւ մեկուսացնելու համար կը սադրեն, եւ այժմ կ՛ըսենք, որ մեր իրաւունքն է ազգային ուխտին համահունչ կառավարութիւն պահանջելը», նշեց Ռաատ` աւելցնելով. «Իրենց իրաւունքն է իրենց փորձառութիւնը ապրիլ, իսկ մեր իրաւունքն է Ազգային ուխտին համահունչ կառավարութիւն պահանջել»:
Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտարարեց, որ Վերանորոգման պլոքի երեսփոխանները կ՛առաջադրեն Նաուաֆ Սալամի անունը` նշելով. «Պէտք է փակենք ցաւի էջերը եւ բանանք խաղաղութեան եւ բարեկարգման նոր էջ»:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, Ժամիլ Ապպուտ եւ Նեպիլ Պատր զօրակցեցան Սալամի թեկնածութեան: Նոյնը յանուն Ժամաա Իսլամիայի կատարեց երեսփոխան Իմատ Հութ:
Նախարար Այուպ Հմայետ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին անունով յայտարարեց, որ պլոքը ոեւէ մէկու անուն չառաջադրեց, որովհետեւ Ազգային ուխտին ու համակեցութեան միջեւ հակասութիւն չի կրնար ըլլալ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:
Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու աւարտին պալատ կանչած է դատաւոր Նաուաֆ Սալամը` անոր փոխանցելու իր նշանակման լուրը, թէեւ ան երկրէն դուրս կը գտնուի եւ այսօր Լիբանան կը վերադառնայ: Ան ստացած է 84 քուէ:
Ո՞վ Է Նաուաֆ Սալամ
Դատաւոր, դիւանագէտ եւ ակադեմական Նաուաֆ Սալամ ծնած է 15 դեկտեմբեր 1953-ին, Պէյրութ, վարած է ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչի պաշտօնը եւ Լիբանանը ներկայացուցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:
2018-ին ընտրուած է Միջազգային արդարադատութեան դատարանին մէջ դատաւոր, եւ 6 փետրուար 2024-ին տարուան համար ընտրուած է նշեալ դատարանի նախագահ` դառնալով այդ պաշտօնը ստանձնող երկրորդ արաբը:
Ան սեռած է քաղաքական աւանդութիւն ունեցող ընտանիքէ: Անոր հայրը` Ապտալլա Սալամ, Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկն է եւ 1956-ին ու 1983-ին ընտանիքը ներկայացուցած անոր վարչական խորհուրդին մէջ:
Նաուաֆ Սալամի մեծ հայրը` Ապու Ալի Սալիմ Ալի Սալամ (1868-1938), Պէյրութի 20-րդ դարու սկիզբէն ամէնէն ականաւոր քաղաքագէտներէն էր եւ քաղաքը կը ներկայացնէր Օսմանեան խորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ 1908-ին վարած է Պէյրութի քաղաքապետի պաշտօնը: Ըստ «Նահար»-ին, ան հիմնադիրներէն էր Միջին Արեւելքի մէջ թրքական քաղաքականութեան ընդդիմացող «Պէյրութի մէջ բարեկարգչական շարժում»-ին, եւ անդամ Արաբական մեծ կառավարութեան, որ հիմնուած էր Ֆայսալ պըն Հիւսէյն թագաւորին կողմէ:
Նաուաֆ Սալամի հօրեղբայրը` Սայեպ Սալամ չորս անգամ վարած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնը, իսկ հօրեղբօր որդին` Թամմամ Սալամ վարչապետի պաշտօնը վարած է 2014-2016-ին:
Նաուաֆ Սալամ քաղաքական գիտութեան դոկտորայի աստիճանի տիրացած է Փարիզի Քաղաքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկէն (Սիանս Փօ), պատմագիտութեան դոկտորա` Սորպոնի համալսարանէն, իրաւաբանութեան մագիստրոս` Հարվըրտ համալսարանէն: Հեղինակ է քաղաքականութեան, պատմութեան եւ իրաւաբանութեան մասին գիրքերու:
Ամուսնացած է Սահար Պաասիրիի հետ, որ լրագրող է եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Լիբանանի դեսպան: Ունի երկու զաւակ` Ապտալլա եւ Մարուան: