Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ հեռաձայնեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին` շնորհաւորելով անոր հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ` վստահեցնելով, որ եղբայրական յարաբերութիւնները կը միացնեն սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդները:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Շարհին` շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ առկախ մնացած բոլոր խնդիրներու լուծման համար գործակցութեան կարեւորութիւնը: