Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Քուէարկեցինք Զօր. Ժոզեֆ Աունին

Յունուար 13, 2025
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

31 հոկտեմբեր 2022-էն 26 ամիս ետք, Լիբանան յաջողեցաւ 9 յունուար 2025-ին 2016-էն ի վեր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը ընտրել հանրապետութեան նախագահ:

Նոր էջ մը բացուեցաւ Լիբանանի տագնապալի պատմութեան մէջ` վերականգնումի, բարգաւաճումի եւ Լիբանանը առաջնահերթ նկատելու խոր յոյսերով:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումով անվարան քուէարկեց զօր. Ժոզեֆ Աունին, միաժամանակ աշխատելով ապահովել անոր անուան շուրջ առաւելագոյն համախոհութիւնը:

Քուէարկեցինք զօրավարին, որովհետեւ համախոհական թեկնածու էր, եւ համախոհութիւնը մեզի համար քաղաքական գործընթաց է եւ հաւատք` Լիբանանի պէս երկրի մը գերիշխանութեան, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ազատութեանց պահպանման եւ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման համար:

Զօր. Աուն մեզի համար այդ համախոհութիւնը մարմնացնող անձն է:

Քուէարկեցինք զօր. Ժոզեֆ Աունին, որովհետեւ ծանօթ ըլլալով իր անձին եւ իր գործունէութեան, իր մէջ տեսանք այն համոզումները, կեցուածքները, դիրքորոշումները, հաւատքը, գործելու պատրաստակամութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, Լիբանանը առաջնահերթ նկատելու վճռականութիւնը:

Քուէարկեցինք զօրավարին, որովհետեւ ան փաստեց, որ լիբանանեան բանակը իր ճիգերով յաջողեցաւ նախ մնալ միասնակամ, ապա հեռու` քաղաքական նեղ հաշիւներէ, եւ հակառակ տնտեսական ահաւոր տագնապին, կրցաւ ըլլալ հոն, երբ անհրաժեշտ էր, երբ պարտականութիւնը զինք կը կանչէր` տալով հսկայաթիւ նահատակներ, ի խնդիր Լիբանանի պաշտպանութեան:

Քուէարկեցինք նախագահ Աունին, որովհետեւ երկար սպասումէ ետք այլեւս անհեթեթութիւն էր տակաւին համբերել, ու ի տես ժողովուրդի տառապանքին, լուռ մնալ:

Քուէարկեցինք, որովհետեւ ներքին համախոհութենէն անդին զօր. Ժոզեֆ Աունի մէջ տեսանք այն նախագահը, որ ոչ միայն վստահութիւն կը ներշնչէ լիբանանցի ժողովուրդին, այլ նաեւ վստահութեան աղբիւր է միջազգային ընտանիքին, որուն այնքան կարիքը ունի Լիբանանը` իսրայէլեան ոճիրներուն պատճառած համատարած քանդումէն դուրս գալու, տնտեսական ճգնաժամը թեթեւցնելու, բարեկարգումներ կատարելու եւ երկիրը աստիճանաբար վերականգնելու:

Տակաւին` քուէարկեցինք իրեն, որովհետեւ ան հաւատացողն է պետութեան գաղափարին, պետականութեան սկզբունքին, համայնքային համակեցութեան, փտածութեան դէմ պայքարին, լիբանանցի քաղաքացիի կերտման, դրացի եւ այլ պետութեանց հետ փոխադարձ յարգանքի եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքով յարաբերութիւններու, երկրի ներքին անդորրը եւ քաղաքացիին ապահովութիւնը պահպանելու, միջազգային որոշումներու կիրարկման, Թաէֆի համաձայնագիրի ու մանաւանդ սահմանադրութեան անշեղ գործադրութեան:

Ու երբ նորընտիր նախագահը Լիբանանի սահմանադրութեան վրայ երդմնակալութենէն ետք իր առաջին ճառը տուաւ, մենք տասնամեակներու մեր քաղաքական ուղեգիծը տեսանք հոն եւ գոհունակութիւնը ունեցանք մեր ճիշդ ընտրանքին:

Անկախ քաղաքական կողմերու ներկայ փուլի դիրքորոշումներէն, տարակարծութիւններէն կամ նեղ ակնկալութիւններէն, անհրաժեշտ է, որ զօր. Աունի նախագահական պաշտօնավարութիւնը յաջողի:

Համախոհութեան նոյն մտածողութեամբ կը մօտենանք նաեւ կառավարութեան կազմութեան, որ պէտք է ըլլայ ներկայ մարտահրաւէրները վերցնող, անոնց լուծումներ բերող, կողմերը հաւաքող եւ ներքին միասնութիւնը վերականգնող կառավարութիւն, որ պարտի գործակցիլ հանրապետութեան նախագահին հետ, իրականացնելու անոր երդմնակալութեան ընթացքին կատարած խոստումները ժողովուրդին:

Պետութիւնը միայն քաղաքական կամ պետական կառոյցները չեն:

Պետութիւնը ժողովուրդն է նաեւ:

Բոլորիս աշխատանքով, զօրակցութեամբ, անցեալէն եկած սովորամոլութենէն եւ նեղ ու սեփական հաշիւներէն ու շահերէն անդին պարտաւոր ենք վերականգնել երկիրը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն կու տայ այդ վստահութիւնը, եւ պարտինք ըլլալ իր կողքին:

Մենք քուէարկեցինք զօր. Ժոզեֆ Աունին եւ պիտի մնանք իր կողքին:

Լիբանանի կողքին, ինչպէս միշտ:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Յունուար 2025)

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?