Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Համար

January 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ հանգուցալուծումներու կշռոյթը արագ է: Երկար ձգձգումներ, առկախումներ, անորոշութեան մատնուած իրավիճակներ շատ արագ կը մտնեն ընթացակարգերու մէջ  եւ կը վերադառնան բնականոն հուն: Կանուխ է եզրակացնելը, որ ամէն ինչ հեզասահ, անցնցում եւ արդիւնաւէտ պիտի ընթանայ:

Վարչապետի նշանակման նախորդած խորհրդակցութիւններն ու անոր անուան լիբանանեան քաղաքական բեմ մուտք գործելու եղանակն ու ապահոված տարածականութիւնը նկատի ունենալով որոշ դիտարկումներ կարելի է կատարել:

Ի տարբերութիւն նախագահի թեկնածուին, վարչապետի պարագային քանի մը անուններ շրջանառութեան մէջ էին: Մէկ թեկնածուի վրայ կեդրոնացման որոշումը պատճառ դարձաւ, որ այլ թեկնածուներ չեղարկեն իրենց թեկնածութիւնը, եւ մրցապայքարը կեդրոնանայ երկու անունի վրայ: Պաշտօնաթող վարչապետը միջազգային ընտանիքին կողմէ ընկալելի էր, յատկապէս վերջին շրջանին իր ցուցաբերած համագործակցութեամբ պատերազմի օրերուն դիւանագիտութեան աշխուժացման, միջազգային որոշումներու գործադրութեան անհրաժեշտութեան վրայ կեդրոնանալու եւ ընդհանրապէս այդ կեդրոններէն հնչած պահանջներուն եւ առաջադրանքներուն ընդառաջ շարժելու առումներով:

Կար տպաւորութիւն, որ թէկուզ անցումային, այնուամենայնիւ նախորդ վարչապետը կրնար շարունակել պաշտօնավարութիւնը:

Նոր նշանակուած վարչապետին անունը տարբեր փուլերու առաջադրուած էր: Չէր յաջողած ապահովել մեծամասնութիւն, որովհետեւ  քաղաքական դաշտը տարբեր էր: Նախապատերազմեան փուլի քաղաքական խճանկարը անոր կը վերապահէր ընդդիմադրական փոքրամասնութեան մը սահմանափակ քուէները միայն:

Հիմա իրավիճակը փոխուած է: Թէ՛ նախագահի եւ թէ՛ վարչապետի պարագաներուն առաջարկուած անուններուն ետին կանգնած արտաքին ուժերը կառչած մնացին իրենց թեկնածուներու անուններուն վրայ, այսպիսով նաեւ արձանագրելով, որ այն պատկերացումը, որ ունէին նախագահի եւ վարչապետի պարագային, կ՛իրականացնեն, թէկուզ այլ ժամանակի, հետեւաբար նաեւ այլ պայմաններու մէջ:

Խնդիրը հետզհետէ կը կեդրոնանայ շիի համայնքին վրայ: Նախագահի պարագային գլխաւոր այս համայնքի  քաղաքական ներկայացուցչութիւնը առաջին քուէարկութենէն ետք միացաւ համախոհութեան  ի հարկէ ակնկալութիւններ ունենալով եւ անոնց մասին բարձրաձայնելով:

Վարչապետի նշանակման պարագային մէկ օրուան ընդմիջում առնելու առաջարկ-մտածումը ենթադրել տուաւ, որ տակաւին խորհրդակցութեան ժամանակ պէտք է կողմնորոշուելու համար: Յստակ էր ընդհանուր միտումը, թեկնածուին ստանալիք մեծամասնութեան պատկերը, կը մնար ճշդել միանա՞լ, թէ՞ ոչ արտաքին կեդրոններէ յառաջացած  համախոհութեան:

Այն դիրքորոշումը, որ ունեցաւ Դիմադրութեան ներկայացուցչութիւնը` համաձայն չըլլալով չարգելակելն էր: Ի վերջոյ յստակ չէին թեկնածուին մօտեցումները  երկրին արտաքին եւ ներքին հիմնական մարտահրաւէրներուն  ընդառաջ շարժելու ուղղութեամբ: Մինչ նախագահին ճառը յստակ ուղղութիւններ կ՛ընդգծէր, նախանշելով նոր փուլի թեւակոխման մասին:

Նոր նշանակուած վարչապետը կարեւորագոյն փորձաքարի առջեւ կը կանգնի առաջին վայրկեանէն: Կառավարութեան կազմութեան եղանակը, ճշդելի ձեւաչափը, նոր համակարգի անցումի համար որդեգրելի առաջադրանքներն ու անոնց համապատասխան կազմի ձեւաւորման աշխատանքները նոյն արագութեամբ կրնա՞ն արդիւնաւորուիլ: Մանաւանդ որ միջհամայնքային ներգրաւուածութեան մասին պահանջներ կը հնչեն:

Պետական հաստատութիւններու գործարկման աշխատելու արագ կշռոյթի ապահովումը անորոշ է տակաւին: Յստակ չէ, որ այս կշռոյթը նոյնութեամբ կը կիրարկուի կառավարութեան կազմութեան պարագային: Երկրին ու պետութեան դրուածքը այնպիսին է, որ բոլոր հիմնական համայնքներու իրողական ներկայացուածութիւնը, անոնց համաձայնութիւնը կենսական են կառավարութեան ոչ միայն ձեւաւորման, այլ մանաւանդ արդիւնաւորման համար:

Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն ընթացքին արձանագրեց նոյն հետեւողականութիւնը, գոյացած համախոհութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Կը մնայ, որ համախոհութինը շարունակէ մնալ առանցքային վարքագիծ կառավարութեան կազմութեան, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ ընդհանրապէս նոր փուլին արդիւնաւէտութեան ապահովման ծրագիրներու մշակման եւ անոնց կիրարկման աշխատանքներուն ընթացքին:

 

Նախորդը

Այսօր Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Մեկնարկ. Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Աունի Եւ Պըրրիի Հետ

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Որդան Կարմիրը` Միասնութեան Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկրորդ Ճակատի Բռնկումը Եւ Անկէ Բխած Հետեւութիւնները

January 10, 2026
Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին  Հեռանալ Հալէպէն
Գլխաւոր լուրեր

Քիւրտ Զինեալները Մերժեցին Հեռանալ Հալէպէն

January 10, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.