Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ապուլ Ղէյթ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքին եւ Պէյրութի մէջ լիկայի կեդրոնի նախագահ դեսպան Ապտելռահման Սալեհը:
Ապուլ Ղէյթ Միքաթիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. « Այսօր Լիբանան այցելութիւնս շնորհաւորելու համար է լիբանանցի ժողովուրդը, լիբանանեան կառավարութիւնն ու Լիբանանի նախագահը, Լիբանանի նոր նախագահի` Ժոզեֆ Աունի ընտրութեան առիթով:
«Մեծ ուրախութիւն կը զգամ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքով լիբանանեան պետութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին համար լաւ բաներ կը սպասեմ: Նաեւ կը մաղթեմ, որ այսօրուան աւարտին Լիբանանի մէջ վարչապետի շուրջ համաձայնութիւն կ՛ըլլայ, ուստի լիբանանեան պետութեան սիւները կ՛ամբողջանան, եւ այդ տարրերուն ամբողջացումով` Լիբանան պատրաստ կ՛ըլլայ տարիներէ ի վեր զինք անդամալուծած բազմաթիւ խնդիրներ լուծելու եւ ջնջելու նոր թափի»:
Ինչ կը վերաբերի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելիք անձնաւորութեան իր նախատեսութեան, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ կրնար կռահել: Խնդիրը խորհրդարանին ձեռքն է, եւ խորհրդարանը անունը կ՛որոշէ, եւ ատիկա այսօր երեկոյեան վերջնական պատկերը յստականալէն առաջ չ՛ըլլար»: