ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մեկնելով համախոհութեան սկզբունքէն, նախագահի կարողութեան նկատմամբ մեր վստահութենէն, անոր անձին նկատմամբ ժողովրդային ու միջազգային վստահութենէն, պատիւը ունեցանք զինք ընտրելու:
«Նախագահին յայտնեցինք երդման ճառի իրագործման երթին ու Լիբանանի փրկութեան մէջ իր նկատմամբ մեր ամբողջական աջակցութեան դիրքորոշումը: Եւ մեկնելով համախոհութեան նոյն սկզբունքէն, այսօր, մինչ համախոհական համայնապատկերի առջեւ կանգնած ենք, եւ ՀՅԴ-ն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս կը կազմեն այդ համայնապատկերին, վսեմաշուք նախագահին փոխանցեցինք դեսպան, դատաւոր Նաուաֆ Սալամի առաջադրումը:
«Վարչապետէն կը խնդրենք նախագահին հետ աշխուժ կերպով ու ձեռք-ձեռքի աշխատիլ` կազմելու համար միախմբող կառավարութիւն մը` հեռու մնալով բացառման կամ մեկուսացնելու գաղափարէն, եւ մենք վստահ ենք, որ վարչապետը այդ գաղափարները չի բաժներ:
«Մեր յոյսն է, որ հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին միջեւ այս միասնականութիւնը ապագայ Լիբանանի, լիբանանցի ժողովուրդին ու լիբանանցի երիտասարդին հիմնական սիւնը պիտի կազմէ»: