Զախարովան` Արցախի Ղեկավարներու Շինծու Դատավարութեան Մասին. «Պատրաստ Ենք Անհրաժեշտ Օգնութիւն Ցուցաբերելու, Սակայն Կան Խնդիրներ, Որոնք Տասնամեակներու Ընթացքին Աւելի Բարդացած Են»
«Ընդհանրապէս, եթէ խօսինք հայ-ազրպէյճանական տագնապին մասին, որ ցաւօք, երկար տարիներ կարելի չեղաւ դադրեցնել, հակառակ տարբեր փորձերուն, եթէ ընդհանրապէս այս հոլովոյթի մասին խօսինք, ապա անիկա յանգեցուցած է հսկայական խնդիրներու, ներառեալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ մարդասիրական վիթխարի խնդիրներու»: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` պատասխանելով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան շինծու դատավարութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ պաշտօնական...




















