Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակին Եւ Հայըաթ Թահրիր Շամին Միջեւ Բուռն Բախումներ

Մարտ 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակին ու Հայըաթ Թահրիր Շամին միջեւ տեղի ունեցան ծանր զէնքերու օգտագործումով բուռն բախումներ:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Այն, ինչ որ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենան, չի կրնար շարունակուիլ, եւ պիտի չընդունինք, որ շարունակուի: Լիբանանեան բանակին ցուցմունք տուի կրակոցի կէտերուն հակադարձելու»:

Նախագահը հեռաձայնեց «Սուրիոյ ապագային աջակցութեան» Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովի մասնակցելու համար Պրիւքսել գտնուող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ անկէ պահանջեց կապ հաստատել խորհրդաժողովի մասնակից սուրիական պատուիրակութեան հետ ու աշխատանք տանիլ ներկայ խնդիրը կարելի եղածին չափ շուտ լուծելու, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ երկու պետութիւններուն գերիշխանութիւնն ու կ՛արգիլէ կացութեան վատթարացումը:

Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար ու կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս իր կարգին յայտարարեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի հակադարձէ սուրիական կողմէն արձակուած որեւէ կրակոցի, մինչեւ փամփուշտի ձայները լռեցնելը:

Ան նշեց, որ խնդիրը ծագած է սուրիացի երեք մաքսանենգներու սպանութենէն ետք:

Լիբանանեան բանակը երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 16 մարտին Քասր-Հերմել շրջանին մէջ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ երկու սուրիացիներու սպանութենէն եւ երրորդի մը վիրաւորուելէն ետք, վիրաւորը դարմանումի համար փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն մահացած է, որուն լոյսին տակ բանակը ապահովական արտակարգ քայլեր որդեգրած է եւ 16 մարտի գիշերէն մինչեւ 17 մարտի առտու աշխուժ հաղորդակցութիւններ ունեցած է եւ երեք դիակները յանձնած սուրիական կողմին:

Բանակը աւելցուց, որ ատոր զուգահեռ շրջանին մէջ լիբանանեան գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ սուրիական հողերէն ռմբակոծման ենթարկուած են, ուստի բանակային ուժերը պատշաճ զէնքերով հակադարձած են կրակոցի կէտերուն, ամրապնդած իրենց տեղակայումն ու ապահովական կացութեան վերահսկողութիւնը:

«Բանակի հրամանատարութեան եւ սուրիական իշխանութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին ապահովական կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութիւնը պահպանելու համար», նշեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը:

«Լեպանոն Տիպէյթ» երէկ առտու հաղորդեց. «Սուրիական կողմը կը հրթիռակոծէ Հերմել գաւառի գիւղերը, եւ լիբանանեան բանակը հրետանիով կը հարուածէ հրթիռարձակման կէտերը: Սուրիական ռմբակոծման հետեւանքով արձանագրուած են 3 զոհեր` 2 մանուկներ եւ այր մարդ մը»:

«Լեպանոն Տիպէյթ»-ի համաձայն, «աշիրեթներու զինեալները գիշերուան ընթացքին հեռակառավարուող հակազրահապատ հրթիռներով քանդեցին Հայըաթ Թահրիր Շամի տասնեակներով մեքենաներ»:

«Հատաս» հաղորդեց. «Սուրիական պաշտպանութեան նախարարութեան յաւելեալ ուժեր եւ բազմափող հրթիռային համակարգեր հասան Լիբանանի հետ սահման»:

Լիբանանեան զինուորական աղբիւր մը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրամայեց հակադարձել կրակոցներու կետերուն»:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ բախումներու պատճառով Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 4 անդամներ սպաննուած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած:

Ըստ «Ատապի» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին, բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 11 սուրիացիներ, որոնցմէ 9-ը զինուորներ են:

«Նահար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Մաթրապա ամբարտակին մօտ յայտնաբերուած են դիակները երկու երիտասարդներու, որոնք երէկ արշալոյսին Լիբանանի սահմանէն ներս գտնուող Ֆատլիէի իրենց տունէն ձերբակալուած էին Սուրիոյ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Անոնց վիզը կտրուած է:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը դատապարտեց «Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ իրադարձութիւններուն հետեւող լրագրողներու խումբի մը ուղղակի թիրախաւորումը հեռակառավարուող հրթիռով մը, զոր արձակեցին Հըզպալլայի անդամներ` երէկ սուրիական բանակէն երեք անձեր առեւանգելով սպաննելու ոճիրը գործելնէն ետք»:

«Այս յարձակումը բացայայտ խախտում է միջազգային օրէնքներու եւ կանոններու, որոնք իրենց առաքելութեան կատարման ընթացքին լրագրողներու պաշտպանութիւնը կ՛ապահովեն», նշեց նախարարութիւնը:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը լիբանանեան պետութեան կոչ ուղղեց` «յանցագործները հաշուետուութեան ենթարկելու իր պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու»:

Նախորդը

Սէյիտ. «Հիւսիսային Սահմանը Բռնկեցնելու Վատ Մտադրութիւններ Գոյութիւն Ունին»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամ Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?