Գլխաւոր լուրեր

«24 Տարի Առաջ Այս Օր Ֆրանսան  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»  Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը

«24 Տարի Առաջ Այս Օր Ֆրանսան Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը

24 տարի առաջ այս օր Ֆրանսան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին: «24 տարի առաջ այս օր` 29 յունուար 2001-ին, Ֆրանսան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», գրած է դեսպանը:  

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ  Բանակցութիւններէն Ետք.  Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները,  Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին  Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ Բանակցութիւններէն Ետք. Դամասկոս. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Պէտք Է Լուծէ Անցեալի Սխալները, Յարգէ Սուրիացի Ժողովուրդին Կամքը Եւ Ծառայէ Անոր Շահերուն»

Սուրիոյ նոր վարչակազմը յայտարարեց, որ Դամասկոս այցելող ռուսական պատուիրակութեան հետ քննարկած է «փոխանցման մեքանիզմները` երաշխաւորելու համար հաշուետուութիւնն ու Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի շղթայազերծած վայրագ պատերազմի զոհերուն արդարութեան հատուցումը»: Սուրիական վարչակազմը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց. «Յարաբերութիւններու վերականգնումը պէտք է լուծէ անցեալի սխալները, յարգէ սուրիացի ժողովուրդին կամքը եւ ծառայէ անոր շահերուն»: Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ...

Նապաթիէ Ֆաուքայի Վրայ Իսրայէլեան  Օդային Յարձակում

Նապաթիէ Ֆաուքայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակում

Երէկ գիշեր Նապաթիէ Ֆաուքայի մէջ մեծ պայթում մը տեղի ունեցաւ եւ շրջանին մէջ հրդեհ յառաջացաւ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Նապաթիէի վրայ յարձակում մը գործած է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէ Ֆաուքա շրջանին մէջ քաղաքային մեքենայ մը թիրախաւորած է: «Լեպանոն Ֆայլզ» հաղորդեց. «Նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Նապաթիէի մէջ յարձակումը...

Նախագահ Աուն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ  Ճնշում Բանեցնել

Նախագահ Աուն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ շարունակեց իր հաղորդակցութիւններն ու հանդիպումները` լուծելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Ան այս ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ եւ անոր հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ զարգացումները` կեդրոնանալով Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի վերջինս յարգէ զինադադարի համաձայնութիւնը անոր ճշդուած պայմանաժամին մէջ, որ կ՛աւարտի 18 փետրուարին:...

Սալամ. «Վերջնական Անուններ Ու Ճշդուած  Աթոռներ Չկան, Եւ Աշխատանք Կը Տանիմ  Կազմութիւնը Իրագործելու»

Սալամ. «Վերջնական Անուններ Ու Ճշդուած Աթոռներ Չկան, Եւ Աշխատանք Կը Տանիմ Կազմութիւնը Իրագործելու»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարութեան կազմութեան շուրջ եւ անոր կազմութեան հաստատումին, անուններուն եւ աթոռներուն վերաբերեալ շրջանառուող լուրերը, պէտք է հաստատեմ, որ կը շարունակեմ խորհրդակցութիւններս` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումներուն մակարդակին կ՛ըլլայ, եւ կ՛իրագործէ բարեկարգումի հրատապ կարիքը: «Տակաւին կառչած կը մնամ արժեչափերուն ու սկզբունքներուն, որոնք նախապէս յայտարարեցի: Ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեմ, որ բոլոր շրջանառուող լուրերը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով

Հայոց պետականութեան անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւոր` Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը նշում են կազմաւորման 33-ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի ակունքներում Արցախեան ազատամարտը փառքով նշանաւորած կամաւորական ջոկատների ներդրումն է, նաեւ` ողջ հայութեան Հայոց բանակ ունենալու նուիրական երազանքը: Այն ամրակուռ եւ մարտունակ կառոյց դարձաւ` անցնելով 1992-94 թուականների Արցախի ազատագրական պայքարի հերոսական ուղին, յաղթահարելով բազում փորձութիւններ ու մարտահրաւէրներ` հակառակորդին պարտադրելով խաղաղութիւն ու տեւական զինադադար: Նորանկախ...

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ» Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոքի Ռասմուսեն բացառեց իր երկրին պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ կղզին Միացեալ Նահանգներուն կցելու գաղափարը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրերայաջորդ յայտարարութիւններուն: Ռասմուսեն յայտնեց. «Թրամփ Կրինլանտը պիտի չստանայ, որովհետեւ Կրինլանտը Կրինլանտ է, եւ անոր ժողովուրդը միջազգային օրէնքի հիմամբ պաշտպանուած է: Ուստի մէկէ աւելի անգամ ըսինք, թէ ի վերջոյ Կրինլանտն է, որ իր կացութեան վերաբերեալ...

Խմբագրական.   Չներքաշուիլ Կեղծ Բանավէճին Մէջ

Խմբագրական. Չներքաշուիլ Կեղծ Բանավէճին Մէջ

Զուիցերիահայ գաղութի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած միտքերը կը փշրուին հակափաստարկներով: Կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան յղացքի վերանայման ուղղութեամբ իր կատարած առաջարկին. աւելի ճիշդը` իր առաջադրած բանավէճին: Սկսինք երկրորդ բաժինէն, որ կը վերաբերի խորհրդային տարիներու որոշ ժամանակահատուածներու հարցի արծարծման, այլ ժամանակներու հարցի շրջանցման: Քաղաքական այբուբենական իրականութիւն է, որ այլ պետութիւններ, եւ` ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, Ցեղասպանութեան թեման օգտագործած են Թուրքիոյ հետ...

Միքաթի. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Կը Հաստատէ Մինչեւ 18 Փետրուար Զինադադարի Շուրջ  Փոխհասկացողութեան Ծիրին Մէջ  Աշխատանքի Շարունակումը»

Միքաթի. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հաստատէ Մինչեւ 18 Փետրուար Զինադադարի Շուրջ Փոխհասկացողութեան Ծիրին Մէջ Աշխատանքի Շարունակումը»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցեցայ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ զինադադարի փոխհասկացողութեան հովանաւորի պաշտօնը ունեցող ամերիկեան կողմին հետ հաղորդակցութիւններու արդիւնքին շուրջ: «Փոխհասկացողութեան հսկողութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վրայ աշխատող յանձնախումբի զեկուցումին ծանօթանալէ ետք, լիբանանեան կառավարութիւնը կը հաստատէ մինչեւ 18 փետրուար...

Շէյխ Քասեմ. «Չենք Ընդունիր Իսրայէլի Հեռացման  Պայմանաժամի Մէկ Օր Իսկ Երկարաձգման Որեւէ Արդարացում, Չենք Ընդունիր Պայմանաժամի Երկարաձգում»

Շէյխ Քասեմ. «Չենք Ընդունիր Իսրայէլի Հեռացման Պայմանաժամի Մէկ Օր Իսկ Երկարաձգման Որեւէ Արդարացում, Չենք Ընդունիր Պայմանաժամի Երկարաձգում»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Կազայի դէմ պատերազմը ամերիկեան եւ արեւմտեան աջակցութեամբ առանց որեւէ սահմանափակումի յարձակում էր, եւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը իր բոլոր բաղադրիչ մասերով` Հըզպալլայով, Ամալ շարժումով եւ Ժամաա Իսլամիով դէմ դրաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին, եւ Իսրայէլի հետ բաղդատականը պէտք չէ զինուորական ըլլայ: Ան նշեց. «Թուայնական  խոցելիութիւնը եւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալ Վահան Կոստանեանի Հանդիպումը Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ասաատ Շայպանիի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալ Վահան Կոստանեանի Հանդիպումը Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Ասաատ Շայպանիի Հետ

27 յունուարին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շայպանիի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի էջը: Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը` զարգացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները սուրիական կողմին հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են գործակցութեան կարելի...

Թրամփի Կազայի Բնակչութիւնը Տեղահանելու  Առաջարկը Մերժող Կեցուածքներ

Թրամփի Կազայի Բնակչութիւնը Տեղահանելու Առաջարկը Մերժող Կեցուածքներ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս բուռն կերպով դատապարտեց ու մերժեց որեւէ ծրագիր, որուն նպատակը Կազայէն պաղեստինցիներու տեղահանութիւնն է: Պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ապպաս «այս առնչութեամբ արաբական ու եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն հետ շտապ հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ»` աւելցնելով. «Պաղեստինցի ժողովուրդը իր հողերէն ու սրբատեղիներէն պիտի չհրաժարի»: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր ժողովուրդը,...

60 Օրուան Պայմանաժամի Աւարտին.  Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակիչները Բանակի Ընկերակցութեամբ` Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Տալով Բազմաթիւ Գիւղեր Մուտք Գործեցին

60 Օրուան Պայմանաժամի Աւարտին. Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Գիւղերու Բնակիչները Բանակի Ընկերակցութեամբ` Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Տալով Բազմաթիւ Գիւղեր Մուտք Գործեցին

Երէկ վերջ գտաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 27 նոյեմբերին գոյացած զինադադարի համաձայնութեան համաձայն լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանալու 60 օրուան պայմանաժամը, սակայն Իսրայէլ զայն չյարգեց եւ շարունակեց զինադադարի խախտումներն ու հարաւային Լիբանանի մէջ իր ականահարումները: Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան զգուշացուց հարաւային Լիբանանի շարք մը սահմանամերձ գիւղեր ուղղուելէ, սակայն հակառակ այդ զգուշացման հարաւային Լիբանանի բնակիչները սկսան իրենց գիւղեր ուղղուիլ: Հազարաւոր քաղաքայիններ իրենց...

Ոչ Մէկ Ձայն Աւելի Բարձր Կը Հնչէ, Քան Հողի Տէրերու Բազկերակին Ձայնը

Ոչ Մէկ Ձայն Աւելի Բարձր Կը Հնչէ, Քան Հողի Տէրերու Բազկերակին Ձայնը

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անգամ մը եւս հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը պարտադրեց իր հաւասարութիւնը` միջազգային բոլոր շահերուն դիմաց: Հարաւային Լիբանանի հողը ազատագրուեցաւ ժողովուրդին դիմադրութեամբ եւ լիբանանեան բանակին զոհողութիւններով, հակառակ հողին բռնագրաւումը շարունակելու եւ քաղաքայիններուն դէմ բռնամիջոցներու դիմելու թշնամիի փորձերուն: Ոչ մէկ ձայն աւելի բարձր կը հնչէ, քան...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն. «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ. «Ապազգային, ապապետական եւ հակագիտական մտավարժանքներից ծնուած վարչախմբի պարագլխի վերջին յայտարարութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան մեր համազգային հաւաքական իրաւունքների եւ ինքնութենական հիմքերի կազմաքանդում եւ նսեմացում, տարատեսակ քողածածկոյթներով թուրք-ազրպէյճանական պահանջների բաւարարում: Հայոց ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնն ինքնին ուրացման հակաքաղաքակրթական վարք է, որը, թուրքական նախապայմանների բաւարարման հետ մէկտեղ,...

Լաւրով. «Հայաստանի Մէջ, Հաւանաբար, Լսած Են  Եւրոպացիներու «Պատրաստ Ըլլալ Քանի Մը  Ցուրտ Ձմեռներու» Խորհուրդը»

Լաւրով. «Հայաստանի Մէջ, Հաւանաբար, Լսած Են Եւրոպացիներու «Պատրաստ Ըլլալ Քանի Մը Ցուրտ Ձմեռներու» Խորհուրդը»

Մենք բազմիցս մեր հայ ընկերներուն յայտնած ենք, որ ո՛չ Ուաշինկթընը, ո՛չ Պրիւքսելը իրականութեան մէջ կը մտածեն իրենց գործընկերներու ճակատագիրին եւ շահերուն մասին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Արեւմուտքի մէջ վարժ են զանոնք ընկալել բացառապէս գործնապաշտ ձեւով: Երեւանը չէր կրնար ուշադրութիւն չդարձնել անցեալ տարեվերջին Վրաստանի մէջ ծաւալած իրադարձութիւններուն: Հաւանաբար Հայաստանի մէջ լսած են նաեւ աղմկայարոյց շնական...

Փութին. «Եթէ 2020 Թուականին Տանըլտ Թրամփը  Վերընտրուէր Միացեալ Նահանգներու Նախագահ,  Ապա Ուքրանական Տագնապէն Կարելի Կ՛ըլլար Խուսափիլ»

Փութին. «Եթէ 2020 Թուականին Տանըլտ Թրամփը Վերընտրուէր Միացեալ Նահանգներու Նախագահ, Ապա Ուքրանական Տագնապէն Կարելի Կ՛ըլլար Խուսափիլ»

Եթէ 2020 թուականին Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուէր, ապա կարելի կ՛ըլլար ուքրանական տագնապէն խուսափիլ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան ըսած է, որ ինք եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփը միշտ գործնական յարաբերութիւններ ունեցած են: Ուստի Փութին համաձայնած է Թրամփի այն պնդման, որ եթէ ան մնար նախագահ, ճգնաժամը կրնար լուծուիլ առանց Ուքրանիոյ ռազմական գործողութեան: Փութինի համաձայն,...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը  Արբանեակ Պետութիւններէն

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը Արբանեակ Պետութիւններէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարարին յայտարարութիւնը միջինարեւելեան տարածաշրջանի պատկերացումներուն ուղղութեամբ որոշ լուսարձակներ կրնայ բանալ հետագայ գործընթացներուն վրայ: Մինչ այդ նկատենք, որ ամերիկեան նոր վարչակազմին համար Սէուտական Արաբիան կարեւորագոյն գործընկեր է թէ՛ տնտեսական ներդրումներու եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ հիմնական ազդեցութիւն վերահաստատելու առումներով: Առաջին յայտարարութիւններէն էր այն, որ Ռիատը վեց հարիւր միլիառ տոլարի, չորս տարուան կտրուածքով ներդրումներ պիտի կատարէ Միացեալ...

«Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Թաէֆի  Համաձայնագիրի Որոշումներու Գործադրութեան  Կարեւորութիւնը Կ՛Ընդգծենք»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Ապահովութեան Խորհուրդի Եւ Թաէֆի Համաձայնագիրի Որոշումներու Գործադրութեան Կարեւորութիւնը Կ՛Ընդգծենք» Կ՛ըսէ Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Ալի Եահիայի գլխաւորած քուէյթեան պատուիրակութիւնը: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ պիտի չզլանաք օգնութիւն տրամադրելու Լիբանանի մէջ ձեր եղբայրներուն, որոնք կը սպասեն ձեր վերադարձին, որպէսզի ըլլաք ձեր հարազատներուն ու սիրելիներուն մէջ»: «Նոր կառավարութիւն պիտի կազմուի, եւ Ծոցի երկիրներուն հետ հաղորդակցութիւն պիտի հաստատուի` ճշդելու համար գործակցութեան նոր...

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան Բանակի Հարաւային  Լիբանանէն Հեռացումը 60 Օրէն Աւելի Պիտի Տեւէ,  Որովհետեւ Համաձայնութիւնը  Ամբողջութեամբ Չգործադրուեցաւ»

Նեթանիահու. «Իսրայէլեան Բանակի Հարաւային Լիբանանէն Հեռացումը 60 Օրէն Աւելի Պիտի Տեւէ, Որովհետեւ Համաձայնութիւնը Ամբողջութեամբ Չգործադրուեցաւ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանէն հեռացումը 60 օրէն աւելի պիտի տեւէ, որովհետեւ զինադադարի համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ չգործադրուեցաւ»: «Լիբանանէն աստիճանական հեռացման հոլովոյթը պիտի շարունակուի ամերիկեան վարչակազմին հետ ամբողջական համակարգումով», շեշտեց գրասենեակը` նշելով. «Հարաւային Լիբանանէն հեռացումը պայմանաւորեալ է լիբանանեան բանակի տեղակայումով եւ Հըզպալլայի Լիթանի գետէն անդին հեռացումով»: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Քաղաքական ղեկավարութիւնը իսրայէլեան բանակը յորդորեց հարաւային...

Page 118 of 795 1 … 117 118 119 … 795

Արխիւներ