Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիտան. «Հաւանաբար Սուրիոյ Մէջ Նոր Սադրանքներու Ականատես Դառնանք»

March 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Սուրիան դրացի երկիրներուն ու միջազգային ընտանիքին օգնութեան կարիքը ունի»` նշելով. «Ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն օգտագործել Սուրիոյ կացութիւնը, եւ Դամասկոս մեր այցելութեան ընթացքին ատոր անդրադարձանք»:

«Դամասկոսի մէջ քննարկեցինք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ու սուրիական կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւնը, եւ այդ առնչութեամբ մեր մտավախութիւնները փոխանցեցինք», ըսաւ Ֆիտան:

«Սուրիոյ վերջին դէպքերը առաջինը չեն եւ վերջինը պիտի չըլլան, եւ հաւանական է նոր սադրանքներու ականատես դառնանք», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Դամասկոսէն կը սպասենք քիւրտերուն իրենց իրաւունքը տալ, որուն դիմաց պէտք է լուծարել շրջանին մէջ ահաբեկչական ենթակառոյցը», նշեց Ֆիտան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ մաղթեց, որ Կազայի ժողովուրդի տառապանքը վերջ գտնէ եւ համաձայնութեան երկրորդ փուլին  տեւական զինադադարի անցում կատարուի:

«Կազայի մէջ կացութեան նկատմամբ Իսրայէլի դիրքորոշումը զայն չվերակառուցելն ու անոր ժողովուրդը տեղահանելն է», ըսաւ Ֆիտան:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը ուրբաթ գիշեր որդեգրեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ պատրաստուած բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ բռնարարքները:

«Բուռն կերպով կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ ենթակառոյցներուն, մասնաւորաբար հիւանդանոցներուն վրայ յարձակումները», նշեց Ապահովութեան խորհուրդը` «չափազանց մտահոգութիւն» յայտնելով «բռնարարքներուն համայնքներու միջեւ լարուածութեան մագլցման վրայ ազդեցութեան նկատմամբ»:

Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս դադրեցնելու բռնարարքներն ու հրահրումները եւ երաշխաւորելու քաղաքայիններու ու ենթակառոյցներու պաշտպանութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «վճռական քայլեր որդեգրելու` դէմ դնելու համար այն սպառնալիքին, որ օտար ահաբեկչական զինեալները կը ներկայացնեն»` շեշտելով. «Սուրիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուած Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հիմամբ պատասխանատուութիւնները»:

«Սուրիական ժամանակաւոր իշխանութիւնները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն հաւաքական սպանութիւններու գործողութիւններու հեղինակները», յայտարարեց Ապահովութեան խորհուրդը:

Նախորդը

Եմէնի Վրայ Ամերիկեան 40 Օդային Յարձակումներ. Իրան Եւ Ռուսիա Կը Քննադատեն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.