Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եմէնի Վրայ Ամերիկեան 40 Օդային Յարձակումներ. Իրան Եւ Ռուսիա Կը Քննադատեն

Մարտ 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եմէնի հուսիներուն պատկանող լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մայրաքաղաք Սանաայի, Սաատայի եւ Պայտաայի վրայ ամերիկեան շուրջ 40 յարձակումներու հետեւանքով, նախնական տուեալներով արձանագրուած է 32 զոհ եւ աւելի քան 100 վիրաւոր:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Եմէնի մէջ Անսարուլլա շարժումի խմբաւորումները թիրախաւորող օդային յարձակումներ շղթայազերծած է` ճշգրիտ կերպով թիրախաւորելով Եմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող հուսիներու պատկանող թիրախներ` առ ի պաշտպանութիւն ամերիկեան շահերուն, զսպելու համար թշնամիները եւ վերականգնելու համար նաւարկումի ազատութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ ամերիկեան հարուածները կրնան շաբաթներով երկարիլ: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Հուսիներու դէմ ամերիկեան հարուածները կրնան օրերու եւ շաբաթներու վրայ երկարիլ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուց հուսիները` նշելով. «Բոլոր հուսի ահաբեկիչներուն` ձեր ժամանակը վերջ գտած է, ձեր յարձակումները պէտք է դադրին, եւ եթէ չդադրին, ապա ձեր վրայ պիտի թափենք դժոխքի կրակը, որուն նմանը երբեք չէք տեսած»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց ամերիկեան-բրիտանական յարձակումները եւ զանոնք նկատեց ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան խախտում` նշելով, որ ՄԱԿ-ն ու ապահովութեան խորհուրդը միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիքներուն եւ խախտումներու դիմակայման պատասխանատուութիւնը կը կրեն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին հեռաձայնելով զինք տեղեակ պահած է Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու որոշումէն:

Լաւրով յայտնած է, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել հուսիներու դէմ ուժի կիրարկումը` շեշտելով. «բոլոր կողմերուն քաղաքական երկխօսութեան մասնակցելու կարեւորութիւնը` հասնելու համար լուծումի մը, որ յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կ՛արգիլէ»:

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ յայտնեց. «Հուսիներուն դէմ հարուածները այաթոլլա Ալի Խամենէիի եւ անոր հետեւորդներուն շատ յստակ զգուշացում է, թէ նոր ղեկավար մը կայ»:

Նախորդը

Ալիեւ Հաստատած Է Ազրպէյճանի «Իսլամական Ութերու Խմբակ»-ին Միացումը

Յաջորդը

Ֆիտան. «Հաւանաբար Սուրիոյ Մէջ Նոր Սադրանքներու Ականատես Դառնանք»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?