Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Հօր Նահատակութեան 48-Ամեակի Ոգեկոչման Ընթացքին. Ժոմպլաթ Տիւրզիներուն. «Պահպանեցէ՛ք Ձեր Արաբական Ինքնութիւնն Ու Պայքարի Պատմութիւնը Եւ Զգուշացէ՛ք Սիոնական Ներթափանցումէն, Որ Կ՛ուզէ Սուրիան Մասնատել»

Մարտ 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան 48-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ամբողջ 48 տարիներու տեւողութեան 16 մարտին կը հաւաքուէինք, կ՛աղօթէինք եւ կարմիր վարդ մը կը զետեղէինք Քամալ Ժոմպլաթի գերեզմանին վրայ, եւ ատիկա առիթ էր դիմակայութիւնն ու պայքարը շարունակելու, յիշեցնելու եւ գոյատեւելու, որմէ տոկալու եւ ապրելու կամք կը ստանայինք»:

«Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ ազատութեան արեւը ծագեցաւ, եւ նկատի ունենալով, որ շուրջ 54 տարի ետք տապալեցաւ բռնաճնշումի ու բռնատիրութեան վարչակարգը եւ սուրիացի ժողովուրդը ազատագրուեցաւ, եւ Ահմետ Շարհի ղեկավարութեամբ նոր ղեկավարութիւնը ձերբակալեց ահաբեկման պատասխանատու Իպրահիմ Հուէյժան, կը յայտարարեմ փակումը այս աւանդութեան, որովհետեւ պատմական արդարութիւնը իր ճամբան առաւ, թէեւ որոշ ուշացումով», աւելցուց Ժոմպլաթ:

«Մուխթարան եւ կուսակցութիւնը անհամբեր կը սպասեն նոր փուլի պայքարին եւ կառչածութեանը ամէնէն մարդկայնական ընկերվարութեան, երբ կուսակցութիւնը սկզբունքները պիտի հաստատէ փոխան մակերեսային հարցերու եւ անձերու պաշտամունքին, ինչ որ Թէյմուր Ժոմպլաթէն ու անոր ընկերներէն կ՛ենթադրէ մտաւորական արտակարգ աշխատանք, ինչպէս նաեւ Սֆէյր պատրիարքին հետ հաշտութեան պատմական օրուան ընդգծում ու Լիբանանի արաբական ինքնութեան կառչածութիւն կը պահանջէ», նշեց ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց կարեւորութիւնը հարաւային Լիբանանի իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրման, սահմանագծման շարունակման եւ հարաւի ու վնասուած մնացեալ շրջաններու վերաշինութեան` կոչ ուղղելով «լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները վերակառուցելու նոր կանոններու վրայ, ցամաքային ու ծովային սահմանագծում կատարելու, կառչելու պաղեստինցիներու արդար իրաւունքներուն, նախ եւ առաջ երկու պետութիւններ սկզբունքի հիմամբ լուծումին, ինչպէս նաեւ կառչելու զինադադարի համաձայնութեան»:

Ժոմպլաթ իր խօսքը տիւրզիներուն եւ Ժապալ Արապի բնակիչներուն ուղղելով յայտնեց. «Պահպանեցէ՛ք ձեր արաբական ինքնութիւնը, գաղութատիրութեան ու կայսերապաշտութեան դէմ պայքարի ձեր պատմութիւնը, ձեր իսլամական ժառանգութիւնը եւ զգուշացէ՛ք ներթափանցումէն սիոնականին, որ կ՛ուզէ ձեզ ազգի վերածել եւ Սուրիան մասնատել փոքրամասնութիւններու դաշինքի նշանաբանին տակ, որուն դէմ կանգնեցաւ Քամալ Ժոմպլաթ»:

Նախորդը

Մաքրոն 28 Մարտին Փարիզի Մէջ Պիտի Ընդունի Նախագահ Աունը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Անզիջող Մնալու Հայաստանի Պետական Շահերուն Սպառնացող Դաւերուն Դէմ

RelatedPosts

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ  Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առիթով

Նոյեմբեր 17, 2025
Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական  Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Վաղարշապատի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Նոյեմբեր 17, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ  Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին  Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրին Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?