Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Անընդունելի Նկատեց Միջազգային Ընտանիքին Լռութիւնն Ու Անգործութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Ազրպէյճանի կողմէ 2020 եւ 2023 թուականին շղթայազերծուած ցեղասպանական պատերազմէն ետք, 17 յունուար 2025-ին Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընթացք առաւ բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ռազմաքաղական ղեկավարներու գաղտնի դատավարութիւնը: «Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու գնահատումով աւելի քան 200 քաղաքական բանտարկեալ ունեցող Ազրպէյճանի դատարանները ծանօթ են իբրեւ Պաքուի բռնատիրական իշխանութիւններուն որոշումները վաւերացնող գործիքներ:...

Ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու  Նախագահի Պաշտօնը`  Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու  Ոսկեդարը Հիմա Սկսաւ»

Ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնը` Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Ոսկեդարը Հիմա Սկսաւ»

Տանըլտ Թրամփ երէկ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած երդումի արարողութենէն ետք ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը: Երդման արարողութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար յոբելենական էր, որովհետեւ նախագահական երդումի 60-րդ արարողութիւնն էր: Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ երկրորդ անձը, որ ոչ թէ անընդմէջ, այլ չորս տարուան ընդմիջումով երկու նստաշրջան կը պաշտօնավարէ: Այդ մէկը կատարած առաջին անձը Կրովըր Քլիվլընտն էր` 19-րդ դարու վերջաւորութեան:...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումների խորապատկերի վրայ Հայաստանի շուրջ ձեւաւորուող անվտանգային սպառնալիքները օրէցօր դառնում են առաւել անմիջական եւ խիստ վտանգաւոր: Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հայատեաց, ռազմաշունչ եւ ծաւալապաշտական յայտարարութիւններն ու քայլերը աւելի ու աւելի սանձարձակ բովանդակութիւն են ստանում եւ վերածւում վերջնագրերի: Ազրպէյճանը, օգտուելով աշխարհաքաղաքական անկայունութիւնից եւ ունենալով Թուրքիայի անվերապահ եւ ամբողջական աջակցութիւնը, բազմապատկելով իր ռազմական կարողութիւնները, փորձում է պարտադրել Հայաստանին գնալ կործանարար պահանջների բաւարարմանը`...

Կութիերես. «Կառավարութիւնը Շուտով  Պիտի Կազմուի` Ներկայացնելով Լիբանանեան Բոլոր Կողմերը»

Կութիերես. «Կառավարութիւնը Շուտով Պիտի Կազմուի` Ներկայացնելով Լիբանանեան Բոլոր Կողմերը»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, որուն ընտրութեան համար շնորհաւորելէ ետք նշեց. «Այս դէպքը լիբանանցիներուն եւ աշխարհի տարածքին անոնց բարեկամներուն հոգիներուն մէջ յոյսը վերականգնեց»: Ան խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ ձեր ղեկավարութեան տակ Լիբանանի մէջ հարցերը պիտի վերադառնան իրենց բնական վիճակին, այս երկիրը իր...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Ոչ Ոք Կրնայ Մեզ Մեկուսացնել  Երկրին Մէջ Քաղաքական Գործուն Եւ Ազդու Մասնակցութենէն»

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Ոչ Ոք Կրնայ Մեզ Մեկուսացնել Երկրին Մէջ Քաղաքական Գործուն Եւ Ազդու Մասնակցութենէն»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր «Կազան դիմադրութեան խորհրդանիշը» միջազգային 13-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլ պէտք է գոյութենէ դադրի, որովհետեւ այս գոյացութիւնը թշնամական եւ  պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները ջնջող գոյացութիւն է»: Ան յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը անբեկանելի պիտի մնայ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին համար, եւ ան կը շարունակէ, հզօր է, պատրաստ է եւ հաւատարիմ է հողի ազատագրման,...

Զինադադարի Համաձայնութեան Ուժի Մէջ  Մտնելէն Ետք Կազացիները «Յաղթանակ» Կը Տօնեն

Զինադադարի Համաձայնութեան Ուժի Մէջ Մտնելէն Ետք Կազացիները «Յաղթանակ» Կը Տօնեն

Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը երէկ որոշ ուշացումով ուժի մէջ մտաւ, որմէ ետք Կազայի բնակչութիւնը փողոց դուրս եկաւ «յաղթանակ» տօնելու եւ աւերակներուն մէջէն սկսաւ ուղղուիլ իր բնակավայրեր: Զինադադարը պիտի սկսէր առաւօտեան ժամը 8:30-ին, սակայն Իսրայէլ մէկ ժամ առաջ սառեցուց իր համաձայնութիւնը` պաղեստինեան Համաս շարժումը ամբաստանելով ազատ արձակուելիք իսրայէլացիներու անունները չյանձնելով: Համաս նշեց, որ ուշացումը «թեքնիք» խնդիրներու պատճառով է:...

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ  Զինուորական Անջատ Պլոք Մնալու Քրտական Առաջարկ Մը

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Զինուորական Անջատ Պլոք Մնալու Քրտական Առաջարկ Մը

Սուրիոյ նոր վարչակազմին մէջ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա երէկ յայտնեց, որ ճիշդ պիտի չըլլայ քիւրտ զինեալները սուրիական զինեալ ուժերուն մէջ իբրեւ իւրայատուկ պլոք պահպանել: Մըրհեֆ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի այս հարցին շուրջ ժամանակի ձգձգում կը կատարէ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Ապտի յայտնած է, թէ...

Խմբագրական.  Ապօրինի, Փակ Եւ Կեղծուած Դատավարութիւն  (Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան  Դատավարութեան Մեկնարկին Առիթով)

Խմբագրական. Ապօրինի, Փակ Եւ Կեղծուած Դատավարութիւն (Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Դատավարութեան Մեկնարկին Առիթով)

Արցախի գերեվարուածներուն Պաքուի մէջ սկսուած դատական բեմականացումը անակնկալներ չի խոստանար հետեւողներուն: Ապօրինաբար գերեվարուած, նոյնքան հակաօրինական միջոցներով պահուող, բանտարկութեան դատապարտուածներուն բեմական դատավարութիւնը սկսաւ երէկ փակ դռներու ետին, զինուորական ատեանի առջեւ: Կեղծուած թուղթեր, շինծու ցուցմունքներ, յօրինուած դրուագներ, սարքովի ինքնախոստովանանքներ կը կազմեն արտադրուած թղթածրարներու բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ձեւական դատական արարներէ ետք պիտի տրուին վճիռներ: Ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն, ռազմագերիներ, առեւանգուածներ, պահուող անձեր` Ազրպէյճանի յայտարարած...

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին`  Մաքրոն. «Դուք Էք Յոյսը, Եւ Նշանակեալ Վարչապետ  Նաուաֆ Սալամ Պիտի Մարմնաւորէ Այս Յոյսը»

Խօսքը Ուղղելով Նախագահ Աունին` Մաքրոն. «Դուք Էք Յոյսը, Եւ Նշանակեալ Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Պիտի Մարմնաւորէ Այս Յոյսը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ: Անոնք անմիջապէս ուղղուեցան վարչապետարան, ուր ունեցան հանդիպում մը: Միքաթի հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Խօսեցանք ներկայ կացութեան եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ Լիբանանին հետեւելու անհրաժեշտութեան մասին»: «Մաքրոն հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ լիբանանեան կացութեան նկատմամբ եւ կը խոստանայ աջակցիլ նոր կառավարութեան: Ան նաեւ ամբողջովին պատրաստ է...

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արցախի Նախկին Պաշտօնեաներու Գործով Նախնական Դատական Նիստը

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Արցախի Նախկին Պաշտօնեաներու Գործով Նախնական Դատական Նիստը

Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով նախնական դատական նիստը, որուն մասին որոշ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ ազրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը: Աղբիւրին համաձայն` նիստը անցած է «բաց դրութեամբ»: Լրատուամիջոցը լուսանկարներ հրապարակած է, անոնց մէջ պատկերուած են Վարդանեանը եւ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող Արցախի միւս գերեվարուած նախկին պաշտօնեաները: ԱՓԱ-ն կը գրէ, որ երէկուան նիստին, որ տեղի ունեցած...

Խօսելով Արցախի Ղեկավարներու Դատավարութեան Մասին.  Օքամփօ. «Ասիկա Դատավարութիւն Չէ, Ասիկա Ալիեւի Խամաճիկային Բեմադրութիւնն Է»

Խօսելով Արցախի Ղեկավարներու Դատավարութեան Մասին. Օքամփօ. «Ասիկա Դատավարութիւն Չէ, Ասիկա Ալիեւի Խամաճիկային Բեմադրութիւնն Է»

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Պաքուի մէջ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութեան յայտնեց. «Ասիկա կատարուած յանցագործութիւններու կոծկում է: Ալիեւը ցեղասպանութիւն կամ առնուազն մարդկութեան դէմ յանցանք գործեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ` նախ սովի մատնելով զայն, ապա վախի մէջ պահելով եւ ստիպելով լքել իր պապենական հողը, իսկ հիմա կ՛աւարտէ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարները բանտարկելով:...

Պայտըն Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան  Քուլիսներուն Մասին Կը Խօսի

Պայտըն Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Քուլիսներուն Մասին Կը Խօսի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի գիշեր «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ առաջին անգամ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման մասին խօսած է, երբ Ֆիլատելֆիա առանցքին վրայ շատ հեռու գնաց եւ Կազայի մէջ հիւանդանոցներու վրայ յարձակումներ գործեց: Պայտըն իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ վերջին պատկերասփիւռային հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Նեթանիահուն քաջութիւն չունի իր համախոհական կառավարութեան...

Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդարանական  Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Աւարտեցան

Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները Աւարտեցան

Երէկ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խորհրդարանին մէջ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Մինչ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումները երեսփոխանական պլոքներու հետ էին, երէկուան հանդիպումները անկախ երեսփոխաններու հետ էին: Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ նշանակեալ վարչապետին հետ իր հանդիպումին աւարտին յայտնեց, որ կ՛այպանէ զինադադարի համաձայնութիւնը բանաձեւողը, որովհետեւ այդտեղ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման ժամանակացոյց գոյութիւն չունի` նշելով. «Մենք կրակոցի տակ նախագահ ընտրեցինք եւ կառավարութիւն...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Մենք` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներս, խորը մտահոգութեամբ եւ վրդովմունքով անդրադառնում ենք Ազրպէյճանի տարածքում ապօրինի կերպով պահուող 16 հայ պատանդների նկատմամբ սպասուող կեղծ «դատավարութեանը»: Սա մի գործընթաց է, որը նպատակ ունի փոշիացնելու նրանց հիմնարար իրաւունքներն ու ընդգծելու Ազրպէյճանի կողմից օրէցօր ուժգնացող հայատեաց քաղաքականութիւնը: Այդ «դատավարութիւնը», որն իրականացւում է առեւանգուած եւ ապօրինի կերպով ու անմարդկային պայմաններում պահուող հայերի դէմ` ակնյայտ շինծու...

Օքամփօ. «Պէտք Է Պայքարինք ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ,  Ապա Շարունակենք Պայքարը Խորհրդաժողովէն Ետք,  Որովհետեւ Միայն Լեռնային Ղարաբաղն Ու Ռուբէնը Չեն,  Որոնք Վտանգուած Են. Հայաստանի  Հանրապետութիւնը Ինքը Վտանգի Տակ Է»

Օքամփօ. «Ազրպէյճանը Շինծու Մեղադրանքներով Կը Կոծկէ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Դէմ Կատարուած Յանցագործութիւնները»

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու դէմ Ազրպէյճանի շինծու մեղադրանքները կը կոծկեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, ներառեալ բանտարկեալներուն դէմ կատարուած յանցագործութիւնները: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ հրապարակած իր տեսանիւթին մէջ ըսած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ: Ան յիշեցուցած է, որ 17 յունուարին Պաքուի մէջ պիտի սկսին քրէական դատավարութիւնները: «Ստալինը մեռած է, սակայն Ալիեւը անկէ կը սորվի`...

Հայաստանը Եւ Ազրպէյճանը Համաձայնած Են  Սահմանազատումը Իրականացնել Հիւսիսէն Հարաւ

Հայաստանը Եւ Ազրպէյճանը Համաձայնած Են Սահմանազատումը Իրականացնել Հիւսիսէն Հարաւ

Երէկ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 11-րդ հանդիպումը` փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուստաֆայեւի նախագահութեամբ, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Հանդիպման ընթացքին կողմերը շարունակած են միտքերու փոխանակումը սահմանազատման աշխատանքներու հետագայ իրականացման համար սահմանագիծի հատուածներու/հատուածամասերու հերթականութեան հարցի շուրջ եւ համաձայնութեան...

Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Ուժի Մէջ Կը Մտնէ 19 Յունուարին

Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Ուժի Մէջ Կը Մտնէ 19 Յունուարին

Եգիպտոս, Քաթար եւ Միացալ Նահանգներ յայտարարեցին, թէ Կազայի մէջ տագնապին երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են գերիներու փոխանակում կատարելու եւ վերականգնելու տեւական հանդարտութիւնը, ինչ որ կ՛իրագործէ երկու կողմէն մնայուն զինադադարի հաստատումը: Համաձայնութիւնը, որ կը նախատեսուի, որ ուժի մէջ մտնէ 19 յունուարին, կը ներառէ 3 փուլեր: Առաջին փուլը, որուն տեւողութիւնը 42 օր է, կը ներառէ զինադադարի հաստատում, իսրայէլեան ուժերու հեռացում եւ խիտ...

Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդարանական  Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Առաջին Փուլը  Աւարտեցաւ. Այսօր` Երկրորդ Փուլը

Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Առաջին Փուլը Աւարտեցաւ. Այսօր` Երկրորդ Փուլը

Երէկ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ խորհրդարանին մէջ սկսաւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն: Մինչ երէկուան հանդիպումները երեսփոխանական պլոքներու հետ էին, այսօրուան հանդիպումները նախատեսուած են անկախ երեսփոխաններու հետ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաւօտեան ժամը 10:00-ին իր ճշդուած ժամուն չներկայացաւ հանդիպումի: Շատ չանցած յստակ դարձաւ, որ շիի երկեակը խորհրդակցութիւններուն պիտի չմասնակցի եւ պիտի բաւարարուի Պըրրիի` Սալամի հետ հանդիպումով, որ նախատեսուած է...

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Բագրատունի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Կազմելու Միախմբող  Կառավարութիւն Մը, Եւ Մենք Ամբողջովին  Պատրաստ Ենք Անոր Մաս Կազմելու»

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Կազմելու Միախմբող Կառավարութիւն Մը, Եւ Մենք Ամբողջովին Պատրաստ Ենք Անոր Մաս Կազմելու»

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց. «Մեր լաւատեսութիւնը յայտնեցինք այս փուլին նկատմամբ, որ սկսաւ զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահ ընտրութեամբ, եւ մեկնելով երդման ճառէն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նշանակումէն, կը տեսնենք, թէ...

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետեր  Այցելեցին Նախագահ Աունի

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետեր Այցելեցին Նախագահ Աունի

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախագահին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կը շնորհաւորենք նախագահ Աունը իր ընտրութեան, երդման ճառին եւ այն վստահութեան համար, որ ան ստացաւ ժողովուրդէն ու պետութիւններէն: Անոր բոլոր հարցերուն մէջ յաջողութիւն մաղթեցինք»: Պատասխանելով հարցումի մը` ան ըսաւ. «Նախագահ Աուն, ինչպէս իր երդման ճառին...

Page 120 of 795 1 … 119 120 121 … 795

Արխիւներ