Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի Բացման Արարողութեան

Մարտ 19, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ 18 մարտ 2025-ին, Դամասկոսէն առաջին օդանաւը վայրէջք կատարեց Հալէպ, եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի միջազգային օդակայանին, ներկայութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ Ղուրէյպի, Սուրիոյ ապահովական գրասենեակի Դամասկոսի պատասխանատուին, Հալէպի միւֆթիին, օդակայանի տնօրէնութեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, ասորի ուղղափառ եւ յոյն կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներուն եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետի ներկայացուցիչին:

Այս առիթով Սուրիոյ Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան տեղական եւ միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէն Ալաա Սալալ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնեց, որ օդակայանի վերաբանեցումը ոչ միայն թեքնիք գործընթաց է, այլեւ ռազմավարական քայլ, որ ուղղուած է աւելի քան 14 տարի երկրէն դուրս ապրած փախստականներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ առեւտրականներու եւ ձեռնարկատէրերու ներգրաւման, նկատի ունենալով, որ Հալէպ ունի արդիւնաբերական հսկայ քաղաք մը եւ զայն աշխուժացնելը առաջնային մարտահրաւէր կը նկատուի: Ան դիտել տուաւ, որ թռիչքներ պիտի յատկացուին նաեւ մարդասիրական օգնութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս ՄԱԿ-ի անձնակազմի տեղափոխման համար:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան խօսք առնելով քրիստոնեայ համայնքապետներուն անունով իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց օդակայանի բացումը` մաղթելով, որ այս յաղթանակը շարունակական ընթացք ունենայ տարբեր ոլորտներու մէջ: Ապա դիտել տալով, որ բացման արարողութիւնը կը զուգադիպի իսլամական եւ քրիստոնէական ծոմապահութեան օրերուն, մաղթեց, որ այս քայլը ընթացք ըլլայ Սուրիոյ ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, որպէսզի ժողովուրդի բոլոր տարրերը ապրին խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ:

Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Արմէն աբղյ. Գալաճեան:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Պլասխարթ. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Բանակի Ներկայութիւնը Եւ Ռմբակոծման Գործողութիւնները Շարունակելը Կրնան Վտանգաւոր Հետեւանքներ Ունենալ»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Նախագահը Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Լոյս Տեսաւ «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութիւն» Գիտաժողովի Նիւթերու Հաւաքածոն
Գաղութային

Լոյս Տեսաւ «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութիւն» Գիտաժողովի Նիւթերու Հաւաքածոն

Մայիս 24, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան
Գաղութային

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան

Մայիս 24, 2025
Խմբագրական.   Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?