Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Անզիջող Մնալու Հայաստանի Պետական Շահերուն Սպառնացող Դաւերուն Դէմ

Մարտ 17, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ազրպէյճանի հետ աւելի քան երեք տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք յայտարարեցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ ընդհանուր ուղղութիւնները: Անոնք այդ համաձայնագիրը ներկայացուցին իբրեւ մեծ ձեռքբերում, մինչ հպանցիկ ակնարկ մըն իսկ բաւարար է հաստատելու, որ անիկա ոչ միայն անձնատուութեան, այլեւ նոյնիսկ Հայաստանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ ապագային սպառնացող միակողմանի զիջումներու մէկ օղակն է:

Արդարեւ, բանակցութիւններուն սկիզբը հայկական կողմի ներկայացուցած նուազագոյն պահանջներէն ոչ մէկը յիշուած է հոն. հակառակը` անիկա կ՛օրինականացնէ Ազրպէյճանի ցեղասպանութեան եւ պատերազմական ոճիրներով կատարած ձեռքբերումները, ենթահող պատրաստելով ազրպէյճանական յաւելեալ պահանջներու:

Այսպէս, յիշեալ փաստաթուղթը չի վերջնականացներ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագիծը եւ ոչ մէկ ակնարկութիւն կ՛ընէ Հայաստանի ճանչցուած տարածքէն հատուածներ բռնագրաւող ազրպէյճանական ուժերու հեռացումին կամ ազրպէյճանական նոր յարձակումի կանխարգիլման. կ՛անտեսէ արցախահայութեան հայրենիք դառնալու եւ հոն ապահով ապրելու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պատանդ պահուող հայ գերիներու վերադարձը:

Աւելի՛ն. Ազրպէյճան անընդհատ նոր նախապայմաններ կ՛աւելցնէ, ինչպէս` Սիւնիքի վրայով դէպի Նախիջեւան ազրպէյճանական հակակշիռի տակ միջանցք, Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւն, Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիներու բնակեցում, հայաստանահպատակներու տարատեսակ ամբաստանութիւններու պատրուակով արտայանձնում, Հայաստանի զինաթափում, միջազգային ատեաններու առջեւ հայկական դատերու յետս կոչում, ԵՍՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարում եւ այլն:

Վերոնշեալները բաւարար են հաստատելու, որ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ անձնատուութեան այս փաստաթուղթը հայկական ստորագրութեամբ կ՛օրինականացնէ ազրպէյճանական յանցագործութիւններու ձեռքբերումները եւ կ՛արդարացնէ ապագայ ամէն նոր ոտնձգութիւն, միաժամանակ գործնական եւ օրինական ինքնապաշտպանութեան ամէն հնարաւորութենէ զրկելով Հայաստանը եւ ջնջելով հայկական իրաւունքները պաշտպանելու օրինական հիմքերն ու գործնական հնարաւորութիւնները:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կողմ է երկխօսութեան ու բանակցային միջոցներով արդար խաղաղութեան եւ շրջանային կայունութեան հաստատումին, որմէ կը բխին բոլոր կողմերու ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը:

Սակայն անձնատուութեան այս փաստաթուղթը կայունութեան եւ խաղաղութեան փոխարէն ոճիրներ ու անարդարութիւնը օրինականացնելու կողքին Հայաստանի ու հայութեան համար կը ստեղծէ նոր ու գոյութենական սպառնալիքներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ այս փաստաթուղթին էութիւնը խաբէութեամբ քողարկող եւ հայ ժողովուրդին նման զիջումներ պարտադրել փորձող կողմերու ընթացքը. նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին անզիջող մնալու Հայաստանի պետական շահերուն, միջազգային օրէնքով ճանչցուած հայկական իրաւունքներուն եւ Հայաստանի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու նոյնիսկ ապագային սպառնացող դաւերուն դէմ:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Իր Հօր Նահատակութեան 48-Ամեակի Ոգեկոչման Ընթացքին. Ժոմպլաթ Տիւրզիներուն. «Պահպանեցէ՛ք Ձեր Արաբական Ինքնութիւնն Ու Պայքարի Պատմութիւնը Եւ Զգուշացէ՛ք Սիոնական Ներթափանցումէն, Որ Կ՛ուզէ Սուրիան Մասնատել»

Յաջորդը

Յաւելեալ Երկիրներ Կ՛ողջունեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտի Մասին Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?