Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ պիտի խօսիմ, եւ կրնամ նաեւ մինչեւ երեքշաբթի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ բան մը յայտարարել»:
«Ռուս-ուքրանական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու առանցքը հողերն ու ուժանիւթի կայարաններն են, եւ իրողապէս կը խօսինք կարգ մը գործօններու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բաժնելու շուրջ», նշեց Թրամփ:
Ան Ֆլորիտայէն Ուաշինկթըն վերադառնալու ժամանակ նախագահական օդանաւին մէջ գտնուող լրագրողներուն յայտնեց. «Մենք կ՛ուզենք տեսնել, թէ արդեօք կրնանք վերջ տալ այդ պատերազմին: Թերեւս կրնա՞նք, թերեւս չենք կրնար, սակայն ես կը կարծեմ, որ մենք շատ լաւ կարելիութիւններ ունինք»:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած էր Փութինի հետ:
«Ես հանդիպեցայ նախագահ Փութինի հետ, հանդիպումը տեւեց շուրջ երեք-չորս ժամ: Անիկա դրական էր: Ատիկա քննարկում էր, որ հիմնուած էր տագնապի լուծումներու վրայ: Ես այդպէս կը բնութագրէի զայն», «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր Ուիթքոֆ:
Քրեմլին իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ այսօր Փութին-Թրամփ հեռաձայնային հաղորդագրութեան համար պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ տագնապի լուծման ծիրին մէջ պիտի պահանջէ, որ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին մաս կազմեն անվտանգութեան «երկաթ-շաղախէ» երաշխիքները, ներառեալ Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակը եւ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու հրաժարումը Քիեւը դաշինք ընդունելէ:
«Եթէ խօսինք Ուքրանիոյ տագնապի խաղաղ լուծման մասին, ապա, ի հարկէ, անիկա պիտի ունենայ արտաքին ուրուագիծ, մենք պիտի պահանջենք, որ անվտանգութեան «երկաթ-շաղախէ» երաշխիքները դառնան այս համաձայնագիրի մաս: Որովհետեւ միայն անոնց ձեւաւորումով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ Ուքրանիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ընդհանուր առմամբ ամրապնդել շրջանային անվտանգութիւնը: Այդ երաշխիքներուն մէկ մասը պէտք է ըլլայ Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակը եւ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու` զայն դաշինք ընդունելէ հրաժարիլը», ըսած է Կրուշքօ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհան «Առ.Պի.Սի.-Եուքրէյն»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով բանակցութիւններ սկսելու պարագային Ուքրանիոյ «Կարմիր գիծերու»-ն յայտնեց. «Ուքրանիան երբեք պիտի չճանչնայ բռնագրաւուած տարածքները: Երկրորդ, ոչ մէկ երկիր կրնայ վեթօ դնել ուքրանացի ժողովուրդի ընտրութեան վրայ, Ուքրանիոյ ընտրութեան վրայ` մասնակցելու այս կամ այն միութեան` ըլլայ այդ Եւրոպական Միութիւնը, թէ ՕԹԱՆ-ը: Երրորդ, չի կրնար ըլլալ Ուքրանիոյ պաշտպանունակութեան որեւէ սահմանափակում, մեր բանակի հզօրութեան, մեր կարելիութիւններու որեւէ սահմանափակում»:
Ան նաեւ նշած է, որ համաձայն չէ «կարմիր գիծեր» բնորոշման: Ատոնք, իրեն համաձայն, հիմնարար սկզբունքներն են, որոնք բանակցութիւններու ենթակայ չեն, որոնց «կարելի չէ դպչիլ»: