Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախագիծի Բովանդակութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտին Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

Մարտ 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին վերաբերեալ Երեւանի եւ Պաքուի յայտարարութիւնները արժանացան միջազգային արձագանգի:

Միացեալ Նահանգներ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խաղաղութեան պատմական պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտելու առիթով»:

«Ասիկա կարելիութիւն է, որպէսզի երկու երկիրները շրջեն տասնամեակներու տագնապի էջը` համաձայն աւելի խաղաղ աշխարհի` նախագահ Թրամփի տեսլականին: Այժմ խաղաղութեան յանձնառութեան, պայմանագիրի ստորագրման եւ վաւերացման, Հարաւային Կովկասի մարդոց համար բարգաւաճման դարաշրջանի հռչակման ժամանակն է», յայտարարեց Ուաշինկթըն:

Ռուսիա

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիան կ՛ողջունէ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատումը:

«Մենք կ՛աջակցինք հայ-ազրպէյճանական լիարժէք եւ համապարփակ կարգաւորման ուղղուած այս կարեւոր քայլին, ինչպէս նախատեսուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու եռակողմ համաձայնագիրներով», նշեց Զախարովա:

Ան աւելցուց. «Մենք կը հաստատենք մեր առաջարկը` ռուսական հարթակ տրամադրել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ողջ շրջանակի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար»:

Սպանիա

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Սպանիան կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ համաձայնագիրի մասին լուրը եւ յոյս ունի, որ այդ յայտարարութիւնը պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ վերջնական համաձայնագիրի կնքման: Սպանիան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան»:

Գերմանիա

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Երկար բանակցութիւններէ ետք Հայաստանի համարձակ զիջումները կարելի դարձուցած են վերջին քայլը այն ճամբուն, որով մենք ուղեկցած ենք Երեւանին ու Պաքուին»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Այն լուրը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնած են խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ, յոյս կը ներշնչէ: Տասնամեակներ տեւած թշնամանքէն եւ պատերազմէն ետք այն փաստը, որ տեւական խաղաղութիւնը այժմ հասանելի է, կարեւոր է շրջանին համար եւ անկէ դուրս: Երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիր»:

Ֆրանսա

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կը նշէ. «Ֆրանսան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու յաջող աւարտի մասին յայտարարութիւնը եւ յոյսով է, որ անիկա շուտով պիտի ստորագրուի:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը` յարգելով երկու պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, պէտք է Հարաւային Կովկասին արտօնէ դառնալ խաղաղութեան, համարկման եւ համագործակցութեան գօտի` բաց սահմաններով` ի շահ շրջանի բնակչութեան»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտը:

«Կ՛ողջունեմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը: Հիմա այլեւս խոչընդոտներ չկան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար, որ պէտք է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան համար ճամբայ հարթէ», գրած է Մաքրոն:

Իրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Իրան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը»:

Անոր համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելը անհրաժեշտ եւ կարեւոր քայլ է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Վրաստան

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակելով ողջունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 17 կէտերու վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` նշելով. «Ասիկա պատմական քայլ է շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ»:

Եւրոպական Միութիւն

Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք կ՛ողջունենք կողմերը վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին այս ուղղութեամբ իրենց յամառ աշխատանքին համար, թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով, թէ՛ ալ միջազգային ընտանիքի ներգրաւումով: Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանը, որ ճամբայ կը հարթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վերջնականացման համար: Յայտարարութիւնները վճռական քայլ են շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:

«Կարեւոր է երկու կողմերէն ալ պահպանել այս թափը եւ ապահովել այս հոլովոյթի սահուն աւարտը նոյն հեռանկարային եւ փոխզիջումային մօտեցումներով: Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին եւ պատրաստ է լրացուցիչ աջակցութիւն եւ փորձագիտական օգնութիւն տրամադրելու, եթէ կողմերը դիմեն»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Աթոնիու Քոշթան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով շնորհաւորեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը` խաղաղութեան համաձայնագիրին կապակցութեամբ:

«Ես ձեզ կը քաջալերեմ յառաջ շարժիլ` շուտափոյթ ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը», գրեց ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ուղղուած բոլոր քայլերուն:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Իրական Խաղաղութեան

Յաջորդը

Ակնարկ. 12-րդ Խմբագրումը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?