Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Իրական Խաղաղութեան

March 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան» պայմանագիրի վերաբերեալ շրջան ընող վաղաժամ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ.

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը ձգտի իրական խաղաղութեան` արդար եւ տեւական խաղաղութեան, որ կը յարգէ հայ ազգի իրաւունքները եւ կ՛ապահովէ հայերու վերադարձը Արցախ` եւ ոչ թէ կեղծ «խաղաղութեան»` Հայաստանի ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան միակողմանի զիջումով, որ Երեւանին պարտադրուած է զէնքի սպառնալիքով», յայտարարեց Համբարեան:

Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են, եւ երկու կառավարութիւններն ալ յայտնած են, որ պատրաստ են ստորագրելու տակաւին չյայտարարուած պայմանագիրը: Ըստ հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն, այս համաձայնագիրը նպատակ ունի պաշտօնականացնել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները` անտեսելով Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները, հայ ռազմագերիներու անօրինական կալանաւորումն ու խոշտանգումները, Հայաստանի դէմ շարունակուող գոյութենական սպառնալիքները, Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջները, ինչպէս նաեւ Արցախի հայերուն հաւաքական, պաշտպանուած ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը խափանելը: 2020-ին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին իբրեւ եզրայանգում, Ազրպէյճանը իրականացուց 10-ամսեայ դաժան շրջափակում մը, որ աւարտեցաւ Արցախի ցեղասպանական ցեղային զտումով. 2023-ի սեպտեմբերեան յարձակումներէն ետք, 120.000 հայ քրիստոնեաներ բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն:

Վաղաժամ նկատուող յայտարարութեան մէջ, նկատի ունենալով արդար ու յարատեւ խաղաղութեան բազմաթիւ խոչընդոտները, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշած է.

«Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը: Ասիկա առիթ մըն է երկու երկիրներուն համար` շրջելու տասնամեակներ շարունակուող տագնապի էջը` համաձայն նախագահ Թրամփի տեսլականին` աւելի խաղաղ աշխարհ մը ստեղծելու համար: Հիմա ժամանակն է նուիրուելու խաղաղութեան, ստորագրելու ու վաւերացնելու պայմանագիրը` Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն համար նոր բարեկեցիկ ժամանակաշրջան մը բերելու նպատակով»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ պաշտպանել այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ պիտի խթանէ Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, պիտի պահպանէ անոր սահմանադրական ամբողջականութիւնը, եւ պիտի վստահեցնէ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը իրենց պատմական հայրենիքը` Արցախ:

Նախորդը

Պաքու. «Խաղաղութեան Պայմանագիրը Ստորագրելու Գլխաւոր Պայմանը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը Փոխելն Է»

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախագիծի Բովանդակութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտին Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.