Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումները Հարիւրներով Զոհեր Կը Պատճառեն, Ներառեալ Իսրայէլացի Գերիի Մը Կեանքը Կը Խլեն

March 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի վրայ իսրայէլեան լայնածաւալ օդային յարձակումի պատճառով իսրայէլացի գերի մը սպաննուեցաւ եւ առնուազն երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան: Այս մասին հաղորդեց Համասէն բարձրաստիճան ղեկավար մը: Յարձակումներուն պատճառով առնուազն 413 պաղեստինցիներ սպաննուեցան եւ աւելի քան 500 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Համաս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց զինադադարի համաձայնութիւնը խափանելու յանցանքով:

Նեթանիահու առաւօտեան ժամը 2:00-ին սկսած օդային յարձակումները հրամայեց` պնդելով, որ անոնք հակադարձութիւն են զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլը երկարաձգելու Համասի դժկամութեան:

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանի Տանոն յայտնեց, որ իրենք Կազայի վրայ յարձակումները պիտի շարունակեն, եւ «մեր թշնամիներուն պիտի չողորմենք»` աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի չդադրի, մինչեւ որ մեր բոլոր պատանդները տուն վերադառնան»:

Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեց Կազայի կառավարութեան անդամներու, ներառեալ ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Ապու Թաֆայի եւ ներքին անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն Պահժաթ Ապու Սուլթանի մահը:

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Համաս գերիները ազատ արձակել մերժելով պատերազմը ընտրեց»:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարոլայն Լիվիթ «Ֆոքս Նիուզ»-ի յայտնեց. «Համասը, Հուսիները եւ Իրանը, եւ բոլոր անոնք, որոնք կը ջանան ոչ միայն Իսրայէլը, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգները ահաբեկել, սուղ գին պիտի վճարեն… եւ անոնց առջեւ դժոխքի դռները պիտի բանանք»:

Համաս Իսրայէլը ամբաստանեց Կազայի վրայ վերջին հարուածներու ճամբով անձնատուութեան համաձայնութիւն պարտադրելու փորձի մէջ:

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նաեւ սպաննուած է Սարայա Քուտսի զինուորական բանբեր «Ապու Համզա»-ն:

 

 

Նախորդը

Փենթակոն Հաստատած Է Ուքրանիոյ Զինուորական Օգնութեան Մատակարարումներու Վերսկսումը

Յաջորդը

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Երկարատեւ Հաղորդակցութիւն. Քրեմլին. «Փութին Համաձայնեցաւ Ենթակառոյցներուն Վրայ 30 Օր Յարձակում Չգործելու Թրամփի Առաջարկին»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.