Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար

Մարտ 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարը մեղմ ըսելաձեւով խանդավառ չէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ կայացած համաձայնութենէն: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ազրպէյճան կա՛մ ճնշումի տակ կայացուցած է նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ պատրուակներ առաջ կը քշէ, վիժեցնելու համար անոր ստորագրութիւնը: Մինչ այդ առաւելագոյնը ստանալու համար դիմացի կողմէն, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը կը բարձրացնեն պահանջներու նշաձօղը: Անգարան պարզ դարձուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախադրեալներ չկան` միշտ փոխկապակցելով Թուրքիոյ ուղղութեամբ յարաբերութիւններու հաստատումը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին հետ:

Մինչ, միջազգային ընտանիքի անդամները կը համալրեն համաձայնութիւնը ողջունող երկիրներու ցանկը, Պաքուն նոր նախապայմաններով, նոր պատրուակներով կը հեռացնէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Անտեղի են Երեւանի դրական պահուածքը եւ ընդգծումը, որ համաձայնութեան կէտերը նկատի առած են հայկական կողմի շահերը:

Ի՞նչ են վերաբանաձեւուած կէտերը, որոնք ըստ Պաքուի կը խոչընդոտեն համաձայնութիւնը:

Ամէնէն հիմնականը` Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրէժխնդրական մօտեցումներն են: Կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի նկատմամբ, որոնք առկայ են Սահմանադրութեան եւ իրաւական այլ փաստադրոյթներու մէջ: Երեւանը այդ բոլորը փոխելու կամք չի դրսեւորեր եւ արտաքին ուժերու աշխուժ աջակցութեամբ արագընթաց կը սպառազինուի: Այս բոլորը, միշտ ըստ պաշտօնական Պաքուի, կը շարունակեն խոչընդոտել յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Տակաւին կայ, ըստ Պայրամովի, 300.000 ազրպէյճանցի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը:

Վրէժխնդրական մօտեցում ձեւակերպումը այնքան առաձգական է, որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւն, կեցուածք, դիրքորոշում կրնայ ընկալուիլ եւ մեկնաբանուիլ վրէժխնդրութեամբ եւ պատրուակ ծառայել, որ հայկական կողմը կը խոչընդոտէ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ժամանակի կարօտող խնդիր է: Տակաւին պարզ չէ հանրաքուէի արդիւնքը: Հետեւաբար այս խոչընդոտը եւս շուտով վերանալի չէ եւ ըստ Պաքուի արգելք է համաձայնութեան իրաւականացումին:

Սպառազինումի կէտը ամէնէն հիմնականն է: Հայաստանը պէտք է դադրեցնէ բանակին սպառազինումը: Այլ խօսքով, ձեռքերը վեր, սպիտակ դրօշով ինքզինք յանձնէ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին: Այստեղ սակայն միայն Հայաստանին չէ ուղղուած Պաքուի ուղերձը: Յստակ ակնկալութիւն կայ միջազգային ընտանիքէն, որ եթէ կ՛ուզեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, ապա պէտք է դադրեցնեն Հայաստանին տրուող զինական օժանդակութիւնները:

Վրէժխնդրական մօտեցումներէ հրաժարումէն մինչեւ սպառազինումի դադրեցում, անցնելով Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջէն, Ազրպէյճանը անկախ համաձայնական կէտերէն, կ՛աւելցնէ նոր նախապայմաններ:

Արժանապատիւ խաղաղութեան համար հայկական կողմը սկզբունքով պիտի առաջադրէր`

Ա.- Հայաստանեան գերիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացում, իբրեւ առաջին իրականանալի կէտ, նախքան որեւէ համաձայնութիւն:

Բ.- Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունք, միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու գործիքակազմերու առկայութեամբ:

Գ.- Բոլոր գերիներու, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու անմիջական ազատում:

Դ.- Քննարկելի չնկատել Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութեան պահանջները:

Պատահական չէ, որ համաձայնութեան յայտարարութեան առընթեր Պաքուն մեղադրեց հայկական կողմը հրադադարը խախտելու եւ սահմանային գործողութիւններ իրականացնելու յանցանքով: Եւրոպական Միութեան դէտերը հերքեցին Պաքուի յայտարարութիւնները: Այս ապատեղեկատուութիւնը կը տեղաւորուի Պաքուի յայտարարած վրէժխնդրական մօտեցումներու պատրուակներու շարքին, իբրեւ խոչընդոտ խաղաղութեան հասնելուն:

Բուն խնդիրը սակայն ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնումն է: Առանց անոր, խաղաղութեան փաստաթուղթը միայն թուղթ  կրնայ ըլլալ եւ որեւէ կերպ չի կրնար երաշխաւորել խաղաղութեան պահպանումը: Պաքուն փաստեց, որ անվերջ նոր պահանջներ, նոր պատրուակներ, նոր նախապայմաններ պիտի դնէ հայկական կողմին դիմաց: Բանակի վերազինումին, վերականգնումին ու սահմաններու պաշտպանողականութեան մէջ կը կայանայ խաղաղութեան հաստատման գաղտնիքը: Հզօր բանակն է, որ կը յաջողի ետ բերել գերիները, դուրս շպրտել ազրպէյճանական զօրքերը, պահպանել Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը: Այս պայմաններուն մէջ ազգ-բանակ յղացքի վերարծարծումն ու առարկայացումը պիտի զուգորդուին ազգային պետութեան վերակերտումին հետ:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամ Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կիպրոսի Դեսպանին Ընդգծեց Հայ Պատանդներու Անմիջական Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Իրանի Եւ Իսրայէլի Փոխադարձ Հարուածները  8-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Եւ Իսրայէլի Փոխադարձ Հարուածները 8-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան

Յունիս 21, 2025
Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յունիս 21, 2025
Ապօրինի Ձերբակալութիւններ Եւ Խուզարկութիւններ` ՀՅԴ-ի Անդամներու Եւ Մարզային Կառոյցներու Նկատմամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ապօրինի Ձերբակալութիւններ Եւ Խուզարկութիւններ` ՀՅԴ-ի Անդամներու Եւ Մարզային Կառոյցներու Նկատմամբ

Յունիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?