Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին 523 թեր, 3 դէմ, եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնն ու անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագրեալ բանաձեւ մը, որուն մէջ դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը, պահանջեց անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը եւ կոչ ուղղեց յարգելու արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:
Ստորեւ` բանաձեւին ամբողջութիւնը.
«Նկատի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին բանաձեւերը,
Նկատի առնելով իր Կանոնակարգի 150(5) եւ 136(4) կանոնները,
Ա.- Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած են 23 հայ պատանդներ, որոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի նախկին տէ ֆաքթօ պաշտօնատարներ եւ ռազմագերիներ` 2020 թուականի պատերազմին եւ անոր յաջորդած ցեղային զտումներուն ընթացքին, եւ անոնք կ՛ենթարկուին կեղծ դատավարութիւններու ու անոնց կ՛ուղղուին լուրջ մեղադրանքներ, որոնք կրնան յանգեցնել անօրինական ցմահ բանտարկութեան.
Բ.- Նկատի ունենալով, որ այս պատանդները կ՛ենթարկուին անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի, որոնց կարգին` արգիլուած հոգեմտաւոր դեղամիջոցներով, նկատի ունենալով, որ անոնց իրաւունքները չեն յարգուիր, ներառեալ` անկախ փաստաբաններու եւ թարգմանիչներու հասանելիութիւնը եւ բողոքարկելու, ընտանեկան տեսակցութիւններ ստանալու եւ առողջական նկատառումներով առկախման կարելիութիւնը, նկատի ունենալով, որ ատիկա Ազրպէյճանի կողմէ բանտարկեալներուն նկատմամբ վերաբերմունքի վերաբերող միջազգային պարտաւորութիւններու համակարգուած խախտում է.
Գ.- Նկատի ունենալով, որ Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլի մէջ է եւ անոր առողջական վիճակը մեծապէս կը վատթարանայ. Նկատի ունենալով, որ միւս պատանդներուն առողջական վիճակը նոյնպէս ակնյայտօրէն կը վատթարանայ.
Եւրոպական խորհրդարանը`
1.- Կը դատապարտէ հայ պատանդներու անարդարացի բանտարկութիւնը եւ կը պահանջէ անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը:
2.- Խստօրէն կը դատապարտէ շարունակուող կեղծ դատավարութիւնները եւ հայ պատանդներու հիմնարար իրաւունքներու հետեւողական ու մնայուն խախտումները, եւ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` լիովին յարգելու անոնց արդար դատավարութեան իրաւունքը եւ ունենալու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան բժիշկներու հասանելիութիւն, կ՛ակնկալէ անկախ հետաքննութիւն` իրենց վատ վերաբերմունքին վերաբերող:
3.- Խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Պաքուի իշխանութիւններու` ՄԱԿ-ի կառոյցները եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակները փակելու որոշման նկատմամբ, ինչ որ պիտի խոչընդոտէ թէ՛ հայ բանտարկեալներուն աջակցելու կարելութիւնը եւ թէ՛ մարդասիրական վերահսկողութիւնը` կոչ ուղղելով իշխանութիւններուն` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց դիրքորոշումը:
4.- Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններու դեսպանատուներուն` հետեւելու դատավարութիւններուն եւ կանոնաւոր կերպով այցելելու բոլոր հայ պատանդներուն: Կոչ կ՛ուղղէ Մարդու իրաւունքներու հարցերով փոխնախագահին եւ Մարդու իրաւունքներու հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին` այցելելու անոնց:
5.- Կոչ կ՛ուղղէ, Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային պատժամիջոցներու ծիրին մէջ, պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի բոլոր այն առաջնորդներուն եւ պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք կը խախտեն մարդու իրաւունքները, մասնաւորապէս դատախազներ եւ դատաւորներ Զէյնալ Աղայեւի, Ճամալ Ռամազանովի եւ Անար Ռզայեւի նկատմամբ:
6.- Կոչ կ՛ուղղէ Միջազգային քրէական դատարանին` հետաքննելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան, հալածանքներու եւ ցեղային զտումներու գործերը: Կոչ կ՛ուղղէ` լիովին գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ արձակուած բոլոր հրամանները, ներառեալ` 2020 թուականի պատերազմին գերի ինկած բոլոր անձերը բռնութենէ եւ ֆիզիքական խոշտանգումներէ պաշտպանելու Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը:
7.- Կը կրկնէ իր վճռական կոչը` կասեցնելու 2022 թուականին Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ. կը պնդէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ապագայ գործընկերութեան համաձայնագիրը պայմանաւորուի բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումով, երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակի բարելաւումով եւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը յարգելը անտեղի չյետաձգելով»: