Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ Իֆթարի Ընթացքին. Սալամ. «Մեզի Համար Պետութեան Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերստանձնելէն Բարձր Ծրագիր Չկայ»

Մարտ 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ իֆթարի ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակումը մեր գերիշխանութեան ոտնահարում է եւ խախտում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, որուն բոլոր կէտերուն յանձնառու ենք եւ կը գործադրենք»:

«Մեզի համար չկայ աւելի բարձր ծրագիր, քան պետութեան պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի վերստանձնումն ու բարեկարգումը, որ կ՛արտօնէ պետութեան ոտքի կանգնումը, ինչ որ պարտադիր ուղի է` վերականգնելու համար պետութեան նկատմամբ քաղաքացիին վստահութիւնը, ելեւմտական կացութեան դարմանման ու տնտեսութեան վերականգնման համար», ըսաւ Սալամ:

«Բարեկարգման գլխաւոր նիւթերն են` դատական անկախ իշխանութեան ստեղծումը, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու տէրերուն լուծում գտնելը, դրամատնային մարզի վերադասաւորումը, քաղաքացիութեան վրայ հիմնուած պետութեան հասնիլը, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցիլը նոր ծրագիրի մը շուրջ, որ նախ եւ առաջ հաշուի կ՛առնէ Լիբանանի ազգային շահերը եւ կը նպաստէ մեր եղբայրներէն ու միջազգային բարեկամներէն աջակցութեան ապահովման: Իրապէս ալ, այս շաբաթ սկսանք այդպիսի ծրագիրի մը շուրջ բանակցիլ», նշեց վարչապետը:

«Մեզի համար չկայ աւելի բարձր ծրագիր, քան բարեկարգումը, որ կ՛արտօնէ ստեղծումը պետութեան մը, որ հիմնուած է միախմբող քաղաքացիութեան սկզբունքին եւ օրէնքի գերակայութեան հասկացողութեան վրայ, ինչպէս նաեւ չկայ աւելի բարձր ծրագիր, քան պետութեան պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի վերստանձնումը, պետութիւնը, որ զէնքի մենաշնորհ ունի, եւ Թաէֆի համաձայնութեան հիմամբ պարտաւորութիւնը կը կրէ իր իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով տարածելու իր բոլոր հողերուն վրայ:

«Ասիկա անշուշտ կը պահանջէ ամրապնդել իր զինեալ ուժերը` նկատի ունենալով, որ անոնք պետութեան գերիշխանութեան եւ զաւակներուն անվտանգութեան ապահովման հաստատ երաշխիքն են: Սակայն հարաւային Լիբանանի մէջ մեր դիրքերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակումը ոտնձգութիւն է մեր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ խախտում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, որուն բոլոր կէտերուն յանձնառու ենք եւ կը գործադրենք»:

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետ. «Մենք Կը Յարգենք Լիբանանի Մէջ Մեր Եղբայրներուն Կարծիքը Եւ Մեր Միջեւ Միասնական Դիրքորոշման Ու Կեցուածքի Կոչ Կ՛ուղղենք»

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերը Այս Ամառ Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 8, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?