50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1965)
Ակնարկ Ցեղախումբ, Հապա Ի՞նչ... Երրորդ էջի մէջ տուինք կարեւոր մասերը Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարութեան: Իւրկիւպլիւ, որուն օրերը թէեւ համրուած են, բայց անպայման որ կը ներկայացնէ իր երկրին պաշտօնական տեսակէտը, քանի որ նախքան այդ յայտարարութիւնը տեսակցած է ապագայ վարչապետ Տեմիրելի, արտաքին գործոց նախարար Ըշըգի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի պետին հետ, ուղղակի կը սպառնայ Պոլսոյ յոյներուն: «Եթէ մէկ թուրքի արիւն հոսի Կիպրոսի մէջ, չեմ...



