ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուրիշներու ծրագիրներուն վրայ մեծ վստահութիւն մի՛ ունենաք. ձեր գործը ձեր անձնական ծրագիրներով կատարեցէք, որպէսզի ինքնավստահ ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր եկամուտին ուշադրութիւն ըրէք, պահեստի դրամը շուտ կը վերջանայ, եթէ անիմաստ գործածէք: Մի՛շտ ապագային մասին մտածեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքի անդամները իրենց կարծիքները ձեզի պարտադրել կ՛ուզեն. անոնց հանդէպ ունեցած յարգանքէն դուրս` դուք ձեր անձնական կարծիքներուն վրայ մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ամէնօրեայ տաղտուկէն ձերբազատելու համար բնութեան մէջ պտոյտներ կատարեցէք, որպէսզի լաւ կազդուրուած` ձեր գործը ստանձնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր զաւակները քաջալերեցէք, որպէսզի իրենց անձնական կարծիքը ունենան. միեւնոյն ատեն հետեւեցէք անոնց, որպէսզի սխալ քայլեր չառնեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուրիշներու հաճելի թուելու համար ամէն առիթով անոնց համաձայն մի՛ գտնուիք. դուք պահեցէք ձեր անհատականութիւնը, որ մեծ արժէք ունի ձեզի համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միայն ձեր աշխատանքին մասին կը մտածէք եւ բնաւ ձեր առողջութեան հոգ չէք տանիր, զգուշացէք եւ քիչ մըն ալ հանգիստ ըրէք, որպէսզի ուշ չըլլայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ծրագիրները յստակացուցէք եւ լաւ սերտած` գործի անցէք, անշուշտ յաջողութիւնը արագ պիտի չըլլայ, բայց ուշ կամ կանուխ զայն պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ կարգ մը ձախողութիւններ պիտի ունենաք, սակայն մի՛ յուսահատիք, յաջողութիւնը բնաւ արագ չենք ունենար: Ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կարգի պիտի մտնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր վաղեմի բարեկամէ մը հրաւէր պիտի ստանաք եւ խումբով սեղանի մը շուրջ հաճելի երեկոյ մը պիտի վայելէք, ինչ որ ձեր տրամադրութիւնը բոլորովին պիտի բարձրացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք. երբեմն գիտցէք ձեր շուրջինները լսել եւ տրամաբանել, որպէսզի սխալներ չգործէք եւ չզղջաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուշադրութի՛ւն. ձեր ազնուութիւնը շահագործողներ պիտի գտնուին ձեր շուրջը, արթուն եղէք եւ ամէն բանի տեղի մի՛ տաք: Դուք ձեր անհատականութիւնը բարձր պահեցէք: