ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատանքին եւ ընտանիքին մէջ կարգ մը հակասութիւններ պիտի ունենաք, սակայն շատ լուրջ հարցեր չեն: Դուք ձեր իմաստութեամբ պիտի կարենաք խաղաղութիւն հաստատել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պատասխանատուներ ճնշում բանեցնել կ՛ուզեն, սական դուք ձեր դիւանագիտութեամբ պիտի կարենաք նպաստաւոր պայմաններ հաստատել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շրջապատին հետ կատարեալ հասկացողութիւն ունիք, ինչպէս նաեւ` ընտանիքին հետ: Եթէ ամուրի էք, անակնկալ սիրոյ հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ ճնշումը բարձր է, եւ ամէնքը վատ տրամադրութեամբ կ՛աշխատին: Դուք պիտի կարենաք հանդարտութեամբ դիմակալել ամէնքը եւ կացութիւնը մեղմացնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հաճելի օր մը կը սպասէ ձեզի ձեր խորհուրդները եւ ձեր առած քայլերը պիտի գնահատուին եւ մարդիկ պիտի գործադրեն զանոնք: Յաւելում մըն ալ կը նախատեսուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը շատ յարմար է ձեր պետական թուղթերը եւ գործերը կարգադրելու. մի՛ մոռնաք նաեւ սերտելու դրամատան ձեր եկամուտը: Ձեր բոլոր գործերը յստակացուցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ ինքնավստահ էք եւ ձեր որոշումները դիւրութեամբ կը գործադրէք. ընդհանրապէս սխալ քայլեր չէք առներ եւ լաւ կը դասաւորէք ձեր գործերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը շատ յարմար է ձեր գործերը դասաւորելու համար, մասնաւոր մտահոգութիւններ չունիք. նոյնիսկ կրնաք հանդարտութեամբ կատարել ձեր գործերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նոր գործի մը ձեռնարկած էք, անվախօրէն շարունակեցէք, լաւ ընթացքի մէջ էք: Եթէ պաշտօնեայ էք, նոյնպէս յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Նոյնիսկ կրնաք յաւելում մը ունենալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր ինքնագլուխ աշխատիլ կ՛ուզէք եւ չէք ուզեր, որ ձեր շուրջինները միջամտեն եւ ձեզի ուղղութիւն տան: Անոնք անշուշտ ձեզ պիտի հասկնան եւ ձեզ հանգիստ պիտի ձգեն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք եւ ձեր ընտանիքին օգնութեան պէտք ունիք: Մտահոգուելու պէտք չունիք, անոնք միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլան եւ օգնեն ձեզի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր կատարեալ հանդարտութիւն պիտի տիրէ ձեր շուրջը: Ճամբորդելու մեծ փափաք ունիք եւ դիւրութեամբ պիտի կատարէք ու հաճելի արձակուրդ մը կը սպասէ ձեզի: