ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ անհամաձայնութիւններ կան, որոնք ազդած են ձեր վրայ, եւ դուք չէք ուզեր աշխատիլ: Ուշադրութիւն ըրէք, քանի որ ձեր մեծաւորները կրնան անդրադառնալ ձեր վիճակին, եւ կրնաք դժուարութիւններ ունենալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրեր կան, երբ միայն լռութիւն եւ հանդարտութիւն կ՛ուզէք. այս պարագային երկու օր արձակուրդ առէք եւ լեռ բարձրացէք, որպէսզի ձեր խաղաղութիւնը գտնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր գործի մը ձեռնարկել կ՛ուզէք: Ուշադրութի՛ւն, ժամանակը նպաստաւոր չէ. կրնաք ձախողիլ: Աւելի լաւ է, որ քիչ մը սպասէք եւ աւելի յարմար ժամանակին գործադրեցէք ձեր ծրագիրը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործակիցի մը հետ անհամաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի. համբերող եղէք, ժամանակի ընթացքին մթնոլորտը կը հանդարտի եւ հարցերը կը լուծուին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքին մէջ եղած փոփոխութիւններուն արդիւնքը չէք տեսներ, յաջողութիւնները արագ չեն ըլլար. համբերութեամբ ձեր աշխատանքին արդիւնքը պիտի վայելէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դուք ձեզ յոգնած կը զգաք: Երկար ատենէ արձակուրդ չէք ունեցած: Ուրեմն երկու կամ երեք օրուան հանդարտութենէ ետք ձեր ուժը կը վերագտնէք եւ հաճոյքով ձեր գործը կը ստանձնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հակառակ ընտանեկան զօրաւոր կապերուն, սիրելի անձ մը ձեզ պիտի վիրաւորէ, որուն դժուարութեամբ պիտի ներէք: Պատահական բաներ են. թերեւս այդ անձն ալ ջղային էր եւ աւելի փափկանկատ չգտնուեցաւ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան պարտաւորութիւնները շատ են եւ ձեզ կը յոգնեցնեն. աւելի չյոգնած` քանի մը օր հեռացէք եւ առանձնացէք, որպէսզի ձեր ուժականութիւնը գտնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ շռայլ էք եւ ձեր ընտանիքին կարիքները` բազմաթիւ. թէեւ ձեր եկամուտը հաւասարակշռելը դժուար է, սակայն քիչ մը խնայողութեամբ կարելի է զայն հաւասարակշռել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հարցերու մէջ միշտ իրաւունք ունենալ կը կարծէք. կրնաք սխալիլ հարցերը պարզելով եւ քննելով` կը համոզուիք, որ դուք ալ երբեմն յանցաւոր էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ կ՛աշխատիք եւ յոգնած էք. ձեր շուրջիններուն ազդարարութիւններուն կարեւորութիւն չէք տար: Քիչ մը զգաստացէք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չքանդուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գիտակից անձերով շրջապատուած էք, եւ ամէնքն ալ կը ջանան ձեզի օգտակար ըլլալ: Անոնց օգնութիւնը մի՛ մերժէք. դուք ալ ձեր կարգին կրնաք օր մը անոնց օգտակար ըլլալ: