ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ո՛չ մէկ մտահոգութիւն ունեցէք ձեր ասպարէզին ապագային մասին: Եթէ ուշիմութեամբ շարունակէք ձեր գործը, անկասկած որ միշտ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործատեղիին մէջ փոփոխութիւններ կատարելով` աւելի մեծ յաջողութիւններ պիտի ունենաք: Իմաստութեամբ կատարեցէք այդ փոփոխութիւնները, որպէսզի գնահատուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կասկածամիտ էք եւ նոյնիսկ ձեր անձին վստահութիւն չունիք եւ ոչ մէկ բան ձեռնարկելու մասին կը մտածէք: Յաջողութիւնը աշխատանքով եւ փորձերով կ՛ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միշտ ուրիշներու խորհուրդին կը դիմէք, կարծէք թէ անոնցմէ կախեալ էք: Անկախ եղէք եւ վստահութիւն ունեցէք ձեր անձին, որպէսզի ձեր ըրած գործէն հաճոյք առնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իրագործելի ծրագիր մը մշակած էք եւ կը վարանիք զայն գործադրելէ. ամէնէն դժուար մասը կատարած էք, գործի անցէք եւ ձեր աշխատանքին պտուղը վայելեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սիրոյ մէջ յաջողութիւն ունեցած էք եւ միշտ ձեր յարաբերութիւններուն մէջ թեքնիքներ կը գործածէք, ինչ որ ձեր կողակիցին մեծ հաճոյք կը պատճառէ: Այս ալ արուեստ մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին լաւագոյնը կը ջանաք ընել եւ ինչ որ ընէք, սիրով կ՛ընէք: Ձեր շուրջինները երախտապարտ են ձեզի: Դուք ալ անշուշտ մեծ գոհունակութիւն կ՛ունենաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամէնէն նեղ կացութենէ նոյնիսկ դիւրին կը ձերբազատիք եւ չէք յուսահատիր. ձեր բարեկամները ձեր այս նկարագրին համար ձեզմով կը զմայլին. նոյնիսկ հարցերուն ծիծաղով կը մօտենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անգործութիւնը ձեզ կը յոգնեցնէ եւ նեղութիւն կը պատճառէ. ամէնէն յոգնեցուցիչ գործը նոյնիսկ ձեզի հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն կու տայ. սակայն` խորհուրդ մը ձեզի, ձեր առողջութեան մասին ալ մտածեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միօրինակութենէ դուրս ելէք եւ ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ունեցէք. եթէ նոյնիսկ կը վախնաք, յաջողութիւնը փորձելով կ՛ըլլայ: Փոփոխութիւնը ձեր տրամադրութիւնն ալ կը բարձրացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեր շուրջ մանուկներ կան եւ անոնցմով կը զբաղիք, մանկավարժ եղէք, որպէսզի անոնք կարենան ձեզի հետեւիլ: Այս ձեւով ընդհանուր համագործակցութիւն կ՛ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամէնէն դժուարին հարցերը նոյնիսկ ձեր հանդարտութեամբ կը լուծէք. ձեր գործակիցները իրենց դժուարութիւնները ձեզի կը պարզեն եւ ձեզմէ օգնութիւն կը խնդրեն: