50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1965)
Գրական Հարցեր Երկու Խօսք` Բանաստեղծութեան Մասին Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջացաւ, քննադատութիւնը փորձեց հաստատել, թէ «բանաստեղծութիւնը կը մեռնի» կամ` «բանաստեղծութիւնը մեռա՜ւ»: Իրաւ է, որ քերթողական արուեստը ծանր տագնապ մը կ՛անցընէր հուրի եւ սուրի այդ օրերուն, սակայն մեռնելու տրամադրութիւն չունէր: Դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ մուսաները, արուները` ինչպէս էգերը, իրաւամբ ընդմիշտ լքէին մեզ: Բայց կարելի՞ բան է ասիկա, քանի որ ամէնէն պաղուկ...



