50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ

Կոմիտաս Որպէս Խմբավար Փարիզի մեր պաշտօնակիցը` «Յառաջ» ամբողջ թիւ մը նուիրած է Կոմիտասին, ծննդեան հարիւրամեակին առիթով: Այս թիւին մէջ տեղ գտած են հայ երաժշտութեան քուրմին բացառիկ արժէքը դրսեւորող գրութիւններ: Կը ներկայացնենք ծանօթ երգահան Վարդան Սարգսեանին յօդուածը: *** Եզակի էր ան, ինչպէս իր երաժշտական բազմակողմանի տաղանդին բոլոր մարզերուն` նոյնպէս եւ իր ղեկավարական արուեստին մէջ: Արուեստ, որուն գաղտնիքը պէտք է վերագրել նախ այն մոգական զօրութեան, որով կարող էր` թափանցել երգիչներու խոր էութեանը, բախել անոնց սրտին դուռը, թրթռացնել հոգւոյ ներքին լարերը ու վերածել զանոնք ներշնչեալ ու զգայուն նուագարաններու: Այս արդիւնքը կը բացատրուի նաեւ իր ուսուցման մեթոտովը, որուն էական գիծերը կու տամ համառօտի: Հիմնական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1969)

Տրովադայի Ձին Վերջին տարիներուն ո՞վ է ճաշակած դառնութիւնը հրաժեշտի այցելութիւններուն: Անպայման ազգական մը, բարեկամ մը կամ ծանօթ մը կայ, որ կը մեկնի դէպի հեռաւոր աշխարհներ: Ամերիկան ու Քանատան դարձած են Աւետեաց Երկիր, ուր կը ձգտին հասնիլ մեր ազգակիցներու հոգիները: Երանի՜ թէ հարցը փակուէր միայն հոգիներու թռիչքով: Մարմինները կը հետեւին շուտով այս թռիչքին` օդանաւի մը թեւերուն վրայ: Ես ալ վերջերս գացած էի ճամբու դնելու սիրելի բարեկամ մը, որ հրաժեշտ կու տար Լիբանանի արեւոտ լեռներուն` երթալ հաստատուելու համար Քանատայի սառնամանիքներուն մէջ: Ակներեւ տխրութիւն մը կար բարեկամիս դէմքին վրայ: Տուն-տեղ քանդել, տարիներու վարժութենէն հրաժարիլ եւ անծանօթ վայրերու մէջ նոր կայք հաստատել. կը զգայի,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1969)

«Դիցակերպ Հայկ»-էն Մինչեւ Մեր Օրերը Մեր պատմութեան աւանդական բաժինը զերծ չէ, անշուշտ, առասպելական բնոյթէ: Ան կը կրէ պատմականօրէն մեզ կանխող ժողովուրդներու նմանօրինակ զրոյցներու ազդեցութիւնն ու դրոշմը: Իբրեւ այդպիսին ալ` աստիճանաբար մեկուսացուեցաւ մեր քննական պատմութենէն,  որովհետեւ քննական պատմութիւնը իբրեւ խարիսխ կ՛ընդունի պատմական տուեալներով ճշդուած եւ հաստատուած փաստեր` իր կառոյցին համար: Այսուհանդերձ, մեր պատմութեան այդ առասպելաբնոյթ մասը, որ մեր ժողովուրդի գոյութեան սկիզբը կը ձգտի բնորոշել Հայկով, ինչպէս եւ անոր հոլովոյթը` մինչեւ Արա Գեղեցիկ, եթէ օտար զրոյցներու դրոշմն իսկ ունեցած ըլլան, իրենց ձգտումներով կը բնորոշեն մեր ժողովուրդի նկարագրին երկու հիմնական գիծերը: Եւ ա՛յդ է, անշուշտ, պատճառը, որ անոնք մտած են մեր մատենագրութեան շրջագիծէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1969)

Խմբագրական  Մեր Քաղաքականութիւնը Ա.  Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Հիմնական Սկզբունքները Այս երկրին մէջ հայ ժողովուրդը անանջատելիօրէն մաս կը կազմէ լիբանանեան ընտանիքին` հաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Տասնամեակներու իր քաղաքականութեամբ, հայութիւնը անհրաժեշտ փաստերը տուած է ցարդ ու ցայսօր ալ կու տայ այն նախանձախնդրութեան, որ ունի Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին հանդէպ: Նախանձախնդիր ըլլալ Լիբանանի անկախութեան` կը նշանակէ, ի պահանջել հարկին, պայքարիլ այդ անկախութեան սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգներուն դէմ: Հայ ժողովուրդը ունի այս գիտակցութիւնը, ու մանաւանդ պատրաստակամութիւնը ի հարկին իր զաւակներուն կեանքը նուիրելու երկրի մը, որ բոլոր համայնքներուն կողքին, նաեւ մեր համայնքին ամենալայն հնարաւորութիւնները կու տայ անհատական եւ հաւաքական կեանքի անկաշկանդ ու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1969)

Նոթեր Ու Նետեր Կեանքի Ու Մահուան Խաղերէն Ահաւասիկ` պատմութիւնը լուրի մը, որ իրական է, դժբախտաբար, մէկու մը համար, ու իրական է, բարեբախտաբար, ուրիշի մը համար: Յաճախ մէկու մը դժբախտութիւնով կը շինուի ուրիշի մը կատարեալ բախտը: Եւ ահաւասիկ այդ աւետաբեր ու աղէտաւոր պատմութիւնը` այդ լուրին: Տիգրան Տիգրանեան անուն ազգային մը, երեկոյ մը, ըմպելարանի մը մէջ, երկու ախորժաբեր ըմպելէ ետքը, հաշիւը վճարած ատեն կը գնէ նաեւ ֆրանսական ազգային  վիճակահանութեան տոմսերէն հատ մը ամբողջութեամբ` վճարելով երեսուն նոր ֆրանք: Սեղանակիցներէն անգործ ու անկուտի Մինաս Մարգարեանը իր ծոցատետրին մէջ գրեթէ գաղտնաբար` կ՛արձանագրէ Տիգրանեանի տոմսին թիւը: Հինգ օր անցած աղքատ Ղազարոս Մինասը գիտէ, թէ վիճակահանութիւնը քաշուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1969)

ԱՊՐԻԼԷՆ ՄԱՅԻՍ Ինչպէս ապրիլ 24-ը, նաեւ մայիս 28-ը կը պատկանի համայն հայութեան: Առաջինը նահատակութեան օր է, երկրորդը` հերոսութեան: «Մեռա՜ւ Դաւիթ այս մէկ զարկէն», հրճուանքով բացագանչեց դահիճը: «Կենդանի՜ եմ», փոխադարձեց ահեղ Սասունցին` ահուդողի մատնելով Մելիքը: Այս երկախօսութիւնը կը խորհրդանշէ մեր պատմութեան գերագոյն պահը: «Առաջին զարկը» ապրիլ 24-ն էր: Մեռած կարծուած հերոսը յառնում մը ունեցաւ, եւ այդ յառնումը կոչուեցաւ մայիս 28: Զարմանալի է, համայն հայութիւնը, հայրենիքէն մինչեւ գաղթաշխարհի հեռու հեռաստանները, կը տօնէ ու կը մեծարէ «Նահատակութեան օր»-ը, բայց նոյն միասնականութիւնը ցոյց չի տար, երբ կարգը կու գայ տօնելու մայիսը 28-ը, զոր «Հերոսութեան օր» կոչեցինք իրաւամբ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մեր պարտութիւնը կը տօնենք,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1969)

Ո՞ր Ասպարէզը Ընտրել   Դպրոցական տարին իր վախճանին կը մօտենայ: Քննութիւններ, սպասումներ, յոյսեր եւ նոր ծրագիրներ: Անոնց համար մանաւանդ, որ երկրորդական վարժարանէ մը կը վկայուին, բարձրագոյն ուսման նոր հեռանկարներ կը բացուին: Ի՞նչ ընել, համալսարանի դասընթացքներու ո՞ր ճիւղին հետեւիլ, եթէ անշուշտ հնարաւորութիւն ստեղծուի դռնէ մը ներս մտնելու: Պաքալորէայի տիրացող պատանիներէն շատերուն համար մասնագիտութեան մը ընտրութիւնը բաւական դժուարին խնդիր կը դառնայ: Որոշումներ կ՛առնուին յաճախ անձնական նախասիրութիւններէ բոլորովին անկախ, շրջապատի ազդեցութեանց ներքեւ: Քանի մը օր առաջ այցելութեան մը ընթացքին առիթը ունեցայ այս հարցի մասին կարծիքներու փոխանակութիւն կատարելու սրտցաւ մօր մը հետ, որ հասած զաւակ ունի, թեկնածու` բարձրագոյն ուսմանց: - Ես ու հայրը կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1969)

Ուիլիըմ Սարոյեան Աթէնքի Մէջ Աթէնքի մեր պաշտօնակիցը` «Ազատ Օր» հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ, որ յունիս 8¬ին Աթէնք ժամանած է: Կու տանք այս առիթով գրուած յօդուածը` իր շահեկանութեան համար: * * * Աթէնական հելլէն մամուլէն երէկ տեղեկացանք, որ կիրակի օր Աթէնք ժամանած եւ «Կրանտ Պրըթանիը» պանդոկը իջեւանած է աշխարհահռչակ ամերիկահայ գրագէտ ու թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան, որ տեսակցած է հելլէն լրագրողներու հետ, որոնք լուսանկարներ հրատարակած են իրենց տեսակցութեանց հետ: Մեր աշխատակիցը` Պատրիկ Սարգիսեան, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ մեր տաղանդաւոր ազգակիցին հետ, որուն բարի գալուստ մաղթեց «Ազատ Օր»¬ի կողմէ եւ յիշեցուց իր նախորդ այցելութիւնը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1969)

Հայաստան Մուսա Լերան Հայ Ժողովրդական Բանահիւսութիւնը Երեւանցի բանահաւաք Վ. Սվազլեանը հաւաքած եւ Երեւանի մէջ հրապարակած է Սուէտիոյ հայերու բանահիւսութեան ընտիր նմուշներ: Այդ նիւթերը գրի առած է Երեւանի Շահումեանի, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի եւ Հոկտեմբերեանի շրջաններուն մէջ բնակող այն սուէտահայերէն, որոնք Հայաստան ներգաղթեցին Բ. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս յետոյ: Սվազլեանը կը նշէ, որ Մուսա Լերան ստորոտին ապրող հայերու բանահիւսութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Ժողովրդական այդ պարզ ու անպաճոյճ ստեղծագործութիւններուն մէջ շունչ ու կենդանութիւն ստացած է աշխարհագրական այն միջավայրը, ուր ապրած են անոնք: Ժողովրդական ստեղծագործութիւններու մէջ պատկերաւոր եւ գեղարուեստական ոճով արտացոլուած են այդ վայրի բուսական եւ կենդանական աշխարհը, գիւղերն ու քաղաքները` իրենց բազմազգ բնակչութեամբ եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1969)

Ժ. Փոմփիտու Վաղը` յունիս 15-ին, Ֆրանսան պիտի ընտրէ իր նախագահը: Մասնագէտներու կազմած վիճակագրութեան եւ թերթերուն յայտնած կարծիքներուն համաձայն, ցանկին վրայ մնացած երկու թեկնածուներէն Ժորժ Փոմփիտու աւելի բախտ ունի տը Կոլի աթոռը գրաւելու, քան իր մրցակիցը` Ալեն Փոհեր: Ժորժ Փոմփիտուի քաղաքական ճակատագիրը, կարճ ժամանակէն իրեն սպասող յաղթանակին հաճոյքը կամ պարտութեան վիշտը առանձին նշանակութիւն չունին այս սիւնակին համար, շահեկան է, սակայն, հաւանական նախագահին միւս երեսը` գրականութեան բարձրագոյն արտայայտութիւնը համարուող բանաստեղծութեան մասին անոր ունեցած լայն մշակոյթը, շեշտուած ճաշակը, խոր հասկացողութիւնը, ինչպէս կը վկայէ ստորեւ տրուած իր ստորագրած «Բանաստեղծութիւն եւ քաղաքականութիւն» խորագրեալ յօդուածը: Փոմպիտուի շօշափած հարցը հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է եւ ծեծուած`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1969)

Ցաւը, Որ Մեզի Կը Տանջէ... Մահը շունչ առնել չի տար մեզի: Մէկուն փոսը հազիւ փակած` միւսին կորուստը կը սգանք: Միայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին, տարբեր կշիռով ու արժէքով, սակայն համահայկական չափանիշով դէմքեր տուինք հողին, տո՜ւն դառնալու եւ անդրադառնալու համար ճնշիչ կսկիծով, որ մեռնողներուն հետ ապրողները եւս կը մահանան քիչ մը... Ռուբէն Դարբինեան, Ժիրայր Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Յակոբ Մուրատեան, Արսէն Երկաթ, եւ, ահաւասիկ, ազգային առումով պատմական դէմքի մը` Սիմոն Վրացեանի խաղաղ շիջումը Լիբանանի մէջ... Տարուան մը ակնթարթը այսքան դաժան եւ անկարեկիր եղած է արդէն` առանց յիշելու տերեւաթափը ուրիշ շատերու, որոնք կեանքի բնականոն օրէնքով կամ բախտի չար խաղով կը խզուին մեզմէ ընդմիշտ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1969)

Փափկանկա՜տ Հիւրընկալներ... Անցեալ երկուշաբթի, յունիս 3-ին Պոլսոյ մէջ կայացաւ Միջազգային առեւտրական սենեակներու 22-րդ համագումարը` 66 երկիրներէ եկած երկու հազարէ աւելի պատգամաւորներու մասնակցութեամբ: Կը կարդանք, որ առաջին նիստը շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ չէ անցած, մանաւանդ անոր համար, որ` «սրահին մէջ հեղձուցիչ տաք մը կը տիրէր եւ ժողովականները սաստիկ քրտնեցան` սրահին հովահարումի մեքենան խանգարուած ըլլալով»: Թուրքիոյ մէջ, պաշտօնական թէ անպաշտօն օրերու, պայման է կարծես, որ անխուսափելիօրէն բան մը խանգարուի եւ խանգարման պատճառով հեղձուցիչ ուրիշ բաներ պատահին: Չենք գիտեր հեղձուցիչ օդի՞ն, թէ՞ ուրիշ պատճառներով համագումարի կարգ մը պատգամաւորներուն «քրտնած» տիկինները կ՛երթան թրքական բաղնիք եւ, ինչպէս օրէնք է, եւայական մերկութեամբ կը սկսին լոգանքի:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1969)

Ո՞ւր Է Մեծութիւնը Ազգային ու գրական վերածնունդի յեղափոխաշունչ մեր բանաստեղծներէն Գամառ Քաթիպա բանաստեղծութիւն մը ունի` «մեծ մարդ»-ու տիպարը բնութագրող: Կը նկարագրէ երիտասարդ մը, որ իր այլազան մեծագործութիւններով կ՛ուզէ հօրը գնահատանքին արժանանալ: Կը դիզէ գանձ ու հարստութիւն, բայց հայրը կը մերժէ զինք մեծ մարդ կոչել: Ռազմադաշտերու վրայ յաղթանակներ կը շահի իբրեւ տաղանդաւոր զօրավար, բայց չի յաջողիր շահիլ հօրը գնահատանքը: Գիտութեան եւ արուեստի ասպարէզներուն մէջ կը տիրանայ նախանձելի փառքերու, բայց միշտ կը բախի հօրը սառն կեցուածքին: Իսկ երբ իր անձը կը նուիրէ գերի եղբայրն ու ազգակիցները փրկելու սրբազան առաքելութեան, այն ատեն միայն հայրը կը յօժարի զինք կոչել «մեծ մարդ»: Դար մը առաջ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1969)

Խօսք Երախտագիտութեան Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնը Իր օգտաշատ գործունէութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամբիոնը: Յիսուսեան միաբանութեան արժանաւոր մէկ անդամին` հայր Մորիս Թալոնի հայրական հոգածութեամբ, կը շարունակուի գործը, որուն հիմնադիրը եղած է լուսահոգի հայր Յովհ. վրդ. Մսըրլեանը: Իր աշակերտներուն թիւը բարձր չէ. 11 աշակերտուհի միայն, որուն մէկը ուսուցչուհի, մնացեալները ուսանողներ են եւ կամ պաշտօնեաներ: Հարկ չենք տեսներ այսօր դրուատիքը հիւսելու այս կարեւոր հիմնարկին: Գործը արդէն ինքնին պերճախօս է եւ ծափահարելի: Մասնաւորաբար երբ նկատի առնենք, որ անոր գլուխը կեցող եկեղեցական անձնաւորութիւնը ֆրանսացի մըն է, մեր երախտագիտութիւնը կը բազմապատկուի: Յուզիչ է եւ նոյն ատեն խրախուսիչ` տեսնել օտար անձնաւորութիւններ, թէեւ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1969)

Դաւանանքի Մարդը (Լեւոն Շանթի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով) Լեւոն Շանթի անձին մէջ մարդուն ու գրագէտին նկարագիրը ցայտուն կերպով ի յայտ կու գայ երիտասարդութեան առաջին իսկ տարիներուն, երբ, լրացնելէ ետք Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանը (1884-1891), կը վերադառնայ Պոլիս ու «Հայրենիք»-ի 21 հոկտեմբեր 1891-ի թիւին մէջ կը հրատարակէ իր առաջին քերթուածը` «Ա՜խ, տուէք ինձ» խորագրին տակ: Պիտի չարտագրենք չորս քառեակներէ բաղկացած այդ պատառիկը: Սակայն պիտի ուզենք հոն քով-քովի բերուած գրեթէ նախնական մտածումներուն մէջ մատնանշել ապագայ մեծ գրագէտին ու թատերագրին, ինչպէս մարդուն ու դաստիարակին ընկերային-իմաստասիրական դաւանանքը: Շանթի գերագոյն ձգտումը եւ իղձն է, առաջին իսկ օրէն, ունենալ «անսահման եւ անզուսպ ուժ»-ը` պայքարելու, «մաքառելու ամպերու դէմ, որոնք...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1969)

Բաժակ Մը Սուրճի Շուրջ Քանի մը օր առաջ ծանօթի մը խանութին առջեւէն կ՛անցնէի. ներս հրաւիրուեցայ` բաժակ մը սուրճ առնելու: Առհասարակ չեմ սիրեր խանութէ մը ներս մտնել, երբ յաճախորդ չեմ, որովհետեւ կը խորհիմ, թէ իմ անշահ ներկայութիւնս կրնայ նոյնիսկ արգելք հանդիսանալ շահաբեր առեւտուրի մը: Այդ օր, սակայն, հրաւիրողին ժպիտը շատ ջերմ ու անկեղծ թուեցաւ ինծի եւ համարձակութիւն տուաւ` աթոռ մը գրաւելու հաշուեսեղանին մօտ: Մեր զրոյցը հետաքրքրական ոչինչ ունէր առաջին վայրկեաններուն: Ի՞նչ կը խօսին շուկային մէջ իրարու հանդիպող երկու անձեր. քանի մը հարցում` գործերու ընթացքին մասին, քանի մը մաշած տարազներ` առողջական որպիսութեան վերաբերող, ապա օրուան քաղաքական կացութիւնը կու գայ լայնքին-երկայնքին փռուիլ սեղանին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1969)

Մերձաւոր Արեւելքի Տագնապը Երկու տարիէ ի վեր Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրները միջազգային բռնկուն վիճակ մը ստացած են: Արաբեւիսրայէլեան պատերազմը եւ արիւնալի ընդհարումները պատերազմական դրութիւն մը ստեղծած են աշխարհի այս մասին մէջ եւ կը զբաղեցնեն մեծ եւ փոքր պետութիւնները: Արեւմուտքի եւ Արեւելքի գլխաւոր պետութիւններուն հակամարտութիւնները բացայայտ են: Արաբներն ու հրեաները այդ հակամարտութեանց շրջապտոյտին մէջ իրենց կացութիւնը ամրացնելու եւ իրենց պահանջները իրականացնելու կը ձգտին: Հրաբխային այս կացութիւնը ապրող արաբական պետութիւններու սահմաններուն մէջ կ՛ապրի հայ հոծ բազմութիւն մը եւ  համակիր կը մնայ արաբ ժողովուրդին, որուն ծոցին մէջ հիւրընկալուած է, ահա, յիսուն տարիներէ ի վեր: Քաղաքացի է եւ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները կը կատարէ լիովին: Արաբական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1969)

Հերոսական Գարահիսարը 3 յունիս, 1915: Լաւ միտքերնիդ պահեցէք այդ թուականը: Այդ օրն էր, որ հայ ժողովուրդի խենթ զաւակներէն մաս մը, միակամ, թքաւ թուրքի անամօթ ճակտին ու զէնք առնելով` ելաւ լեռ մեռնելու: Բայց մեռնելէ առաջ` մեռցնելու: Իրաւ է` պայքարը անյոյս էր, ապագան` մռայլ, մահը` անխուսափելի, բայց ի՞նչ փոյթ, խենթերը ե՞րբ են երկար բարակ հաշուի նստեր... Փա՜ռք խենթերուն: Հասկցաք հաւանաբար, որ խօսքս, այս անգամ, շապինգարահիսարցի խենթերուն մասին է: Չեմ հաւատար, որ անոնք տեղեակ էին թուրք կառավարութեան ծրագրին տարողութեան, գիտէին միայն, որ բաներ մը կ՛անցնէր կը դառնար, շրջակայ գիւղերը աւերի ու կոտորածի կ՛ենթարկուէին, բայց այդ նորութիւն չէ՜ր... Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամէն 20-25 տարին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1969)

Հարիւրամեակներ Այս տարի ծննդեան հարիւրամեակն է հայ մշակոյթի ծառայութեան նուիրուած քանի մը մեծ հայերու, որոնց գործն ու անունը անմահութեան պսակը կը կրեն: Յիշենք մասնաւորաբար անոնցմէ երեքը, ինքնայատուկ իրենց տաղանդով եւ բացառիկ` իրենց դերով ու դիզած վաստակով: Հարիւր տարի առաջ նոյն թուականին ծնան Կոմիտաս վարդապետ, Լեւոն Շանթ եւ Յովհաննէս Թումանեան: 1869 տարին կարծես բացառիկ կերպով բեղուն եւ բախտաբեր տարի մը եղաւ մեր մշակոյթին համար: Իրարմէ հեռու, համեստ հայ երդիքներու տակ կը ծնէին երեք երեխաներ, որոնք հետագային պիտի դառնային ճակատագրակից` իբրեւ մեծատաղանդ առաքեալները հայ հոգեւոր արժէքներուն եւ աննման ճարտարապետները հայ երգին ու բանաստեղծութեան: Կոմիտաս վարդապետ, թրքախօս հայ ընտանիքի մը զաւակը` Քէօթահիոյ խորերէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1969)

Արսէն Երկաթ Քանի մը օր առաջ սրտի խոր կսկիծով իմացանք բանաստեղծ Արսէն Երկաթի մահուան լուրը: Ուղեղային տագնապի մը պատճառով վերջին ամիսներուն տկարացած էր շատ եւ կ՛ապրէր բժիշկներու անմիջական խնամքին տակ: Դեղերու միջոցով կարելի չեղաւ, սակայն, դադրեցնել յաճախադէպ ջղաձգումները եւ հարկ եղաւ գործողութեան ենթարկուիլ: «Եթէ գործողութիւնը,- կը գրէր վերջին նամակով,- չընդհատէ կեանքս, դարձեալ կը գրեմ քեզի երկու շաբաթէն, իսկ եթէ մեռնիմ, արդէն մինչեւ այն ատեն կ՛առնես մահուանս լուրը: Մի՛ վշտակցիր, սիրելի՛ս, կեանքիս հեքիաթը` 75 տարի առաջ սկսած, պիտի վերջանար օր մը. սիրոյ եւ բանաստեղծութեան հեքիաթ մը եղաւ անիկա»: Ստացուած վերջին գիրէն զատ, ուղղակի լուր չեկաւ իրմէ, եկաւ իր մասին խմբագրուած լուրը,...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 8 of 69 1 7 8 9 69

Արխիւներ