Խմբագրական
Մեր Քաղաքականութիւնը
Ա.
Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան
Հիմնական Սկզբունքները
Այս երկրին մէջ հայ ժողովուրդը անանջատելիօրէն մաս կը կազմէ լիբանանեան ընտանիքին` հաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Տասնամեակներու իր քաղաքականութեամբ, հայութիւնը անհրաժեշտ փաստերը տուած է ցարդ ու ցայսօր ալ կու տայ այն նախանձախնդրութեան, որ ունի Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին հանդէպ:
Նախանձախնդիր ըլլալ Լիբանանի անկախութեան` կը նշանակէ, ի պահանջել հարկին, պայքարիլ այդ անկախութեան սպառնացող ներքին ու արտաքին վտանգներուն դէմ: Հայ ժողովուրդը ունի այս գիտակցութիւնը, ու մանաւանդ պատրաստակամութիւնը ի հարկին իր զաւակներուն կեանքը նուիրելու երկրի մը, որ բոլոր համայնքներուն կողքին, նաեւ մեր համայնքին ամենալայն հնարաւորութիւնները կու տայ անհատական եւ հաւաքական կեանքի անկաշկանդ ու բարօր զարգացումին:
Այս կէտը յստակ է մեզի համար, եւ կ՛ուզենք, որ յստակ ըլլայ բոլորին համար: Մեր ժողովուրդը աւելի քան յիսուն տարիէ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ այս հողին վրայ: Իր քրտինքը խառնած է ու կը շարունակէ խառնել եղբայր միւս համայնքներու քրտինքին` Լիբանանը պահելու համար այն, ինչ որ է արդէն` հանդուրժողութեան եւ համերաշխ գործակցութեան տիպար երկիրը, եւ հասցնելու հոն` որ այս երկրին բոլոր անկեղծ քաղաքացիներուն ցանկութիւնն է` արդիական պետութիւն մը, ուր հետզհետէ հող գտնեն ու զարգանան ընկերային ապահովութիւնները:
Անկախութեան եւ գերիշխանութեան մթնոլորտին մէջ միայն Լիբանան կրնայ հասնիլ այն բաղձալի մակարդակին, որ մեր բոլորին երազն է, եւ որուն իրագործումը գերագոյն զոհողութիւններու պատրաստակամութիւնը կը պահանջնէ բոլոր քաղաքացիներէն` անհատապէս եւ հաւաքաբար:
Այս հաստատումը` անոր համար որ վերջերս, տագնապի մը առիթով, որուն երկարաձգումը մտահոգութիւն կը պատճառէ այս երկրին բոլոր զաւակներուն, լիբանանեան ազգը բաղկացնող բոլոր տարրերը, որոնք քսանեւհինգ տարի առաջ այս հողին վրայ եղբայրաբար ապրելու եւ գործելու հանդիսաւոր ուխտը ըրած են, անհրաժեշտ կը նկատեն, նոր կացութիւններու բերումով եւ իրերայաջորդ դէպքերու լոյսին տակ` վերահաստատելու Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան հիմնական տարրերը եւ անոնց հաւատարիմ ու կառչած մնալու իրենց նախանձախնդրութիւնը:
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մօտ քառորդ դարու վրայ երկարող համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, բազմաթիւ ժողովուրդներ, իրարմէ բոլորովին տարբեր միջոցներով եւ պայքարի այլազան եղանակներով, տիրացան իրենց անկախութեան` լծուելով պետական կառուցման երկարաշունչ աշխատանքի մը, որ թէեւ աւելի կամ պակաս չափով յաջողութիւն գտաւ, բայց իրականութիւն է, որ այդ ժողովուրդները, իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր, անկախ մասնիկ, մաս կը կազմեն ազգերու մեծ ընտանիքին` գրաւելով առանձնայատուկ տեղ մը այդ ընտանիքին ներքին յարաբերութիւնները պայմանաւորող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու մէջ:
Անկախութիւնը, սակայն, հաստատուն, անխախտ վիճակ մը չէ: Անկախութեան պայքարը, որ կը մղուի անազատ կամ հովանաւորեալ ազգերու կողմէ, վերջ չի գտներ այն օրը, երբ խնդրոյ առարկայ ժողովուրդը հասած է իր ընդհանրական ճիգերուն պսակումին: Անկախութիւնը կ՛ենթադրէ հանապազօրեայ պայքար ոչ միայն ի խնդիր անոր ամրապնդումին, այլ նաեւ` ընդդէմ բոլոր այն վտանգներուն, արտաքին կամ ներքին, որոնք կը սպառնան ժողովուրդի մը ինքիշխանութեան իրաւունքին:
Այս պայքարը, ամէնօրեայ այս ճիգը առաւել չափով կը պահանջուի յատկապէս այն օրերուն, երբ միջազգային եւ շրջանային բարդ կացութիւններ անակնկալներու առջեւ կրնան դնել ժողովուրդները, մասնաւորաբար` փոքրերը, որոնք, շատ հասկնալի է, օժտուած չեն անկախութեան պահպանումին համար անհրաժեշտ եղող այն բոլոր միջոցներով եւ զէնքերով, որոնք մեծ երկիրներու պաշտպանութեան գլխաւոր ազդակները կը կազմեն:
Անշուշտ անկախութիւնը բացարձակ ըմբռնում մը չէ: Չկան բացարձակ անկախութիւններ: Այս հաստատում թէեւ առաւելաբար կը պաշտպանուի փոքրերուն, բայց մեծերը նաեւ, իրենց մեծ մտահոգութիւններով եւ ծանր պատասխանատուութիւններով, աշխարհի ներկայ կացութեան եւ միջազգային այժմու իրադրութեան մէջ իրողապէս ընդունած են անկախութեան յարաբերական նշանակութիւնը եւ ըստ այնմ ընթացք կու տան իրենց քաղաքականութեան:
Լիբանան, աւելի կամ պակաս չափով իր մակարդակին վրայ գտնուող երկիրներու վրայ գտնուող երկիրներու նման, անկախ է ու գերիշխան, բայց այդպէս է, անկախ է, գերիշխան է որոշ սահմաններէ ներս, որոնց սակայն ճշդումը կատարուած է այս ժողովուրդին ազատ կամքով` նկատի ունենալով աշխարհագրական, պատմական, ազգագրական, տնտեսական եւ մշակութային այն նախադրեալները, որոնք երկիր մը կը դարձնեն շրջանի մը անանջատելի մասը:
Այլ խօսքով, Լիբանան աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքին, անոր արաբական բաժնին, արաբական մեծ ընտանիքին, որուն կապուած է պատմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային անքակտելի կապերով: Անդամ է արաբական պետութիւններու լիկային, ստորագրած է հաւաքական պաշտպանութեան ուխտը: Մէկ խօսքով, ունի յանձնառութիւններ, որոնք Միացեալ ազգերու ուխտին գծած պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն հետ կը ճշդեն այս երկրին անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան սահմանները:
Ու եթէ այսօր կը խօսուի Լիբանանի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան մասին, կը խօսուի այս սահմաններուն մէջ, որոնք կը կրկնենք, ճշդուած են լիբանանեան ազգը բաղկացնող այլազան համայնքներու յօժար կամքով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` խոր հասկացողութեամբը իւրայատուկ պայմաններու եւ յատկանիշներու, որոնք կը ստեղծեն իւրաքանչիւր ազգի ապրելու առանձին եղանակը:
Մենք նախանձախնդիր ենք ապրելու այս առանձին եղանակին պահպանման, որ կատարելապէս կարելի կը նկատենք այս երկրին միջազագյին ու արաբական յանձնառութիւններուն ճշդած սահմաններուն մէջ: