Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1969)

Յունիս 11, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ո՞ւր Է Մեծութիւնը

Ազգային ու գրական վերածնունդի յեղափոխաշունչ մեր բանաստեղծներէն Գամառ Քաթիպա բանաստեղծութիւն մը ունի` «մեծ մարդ»-ու տիպարը բնութագրող: Կը նկարագրէ երիտասարդ մը, որ իր այլազան մեծագործութիւններով կ՛ուզէ հօրը գնահատանքին արժանանալ: Կը դիզէ գանձ ու հարստութիւն, բայց հայրը կը մերժէ զինք մեծ մարդ կոչել: Ռազմադաշտերու վրայ յաղթանակներ կը շահի իբրեւ տաղանդաւոր զօրավար, բայց չի յաջողիր շահիլ հօրը գնահատանքը: Գիտութեան եւ արուեստի ասպարէզներուն մէջ կը տիրանայ նախանձելի փառքերու, բայց միշտ կը բախի հօրը սառն կեցուածքին: Իսկ երբ իր անձը կը նուիրէ գերի եղբայրն ու ազգակիցները փրկելու սրբազան առաքելութեան, այն ատեն միայն հայրը կը յօժարի զինք կոչել «մեծ մարդ»:

Դար մը առաջ գրուած այս բանաստեղծութինը որոշ ձգտումի մը արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ եւ հաւանօրէն քարոզչական բնոյթ ունի: Այդ օրերուն մեր բանաստեղծները աւելի ազգային գործիչներ եւ առաքեալներ էին, քան` արուեստագէտներ: Իրենց բոլորին ալ նպատակն էր արթնցնել հայոց ազգը հնադարեան իր քունէն եւ պատրաստել անձնուրացներու բանակ մը:

Ինչ ալ եղած ըլլայ նպատակը, Գամառ Քաթիպայի յայտնած միտքը կը մնայ յաւիտենական ճշմարտութիւն եւ մարդու մեծութիւնը ճշդող արդար արժեչափ:

Իսկապէս ո՞ւր է մարդկային արժանիքներու բուն մեծութիւնը:

Հանճարի՞ն մէջ արդեօք:

Կասկած չկայ, թէ արուեստի կամ գիտութեան մարզերուն մէջ հանճարեղ միտք մը հրաշալիքներ կրնայ կերտել եւ պատմութեան անցնիլ իբրեւ անմահ անուն: Բայց հանճարեղ անձը կրնայ նոյն ատեն պզտիկ մարդ ըլլալ` իր նկարագրով եւ իր որդեգրած դիրքով` ընկերութեան հանդէպ:

Հարստութիւն դիզելու կարողութեա՞ն մէջ արդեօք:

Դրամը պատկառելի ուժ է եւ ունեցողը կ՛օժտէ հեղինակութեամբ, փառքով եւ մեծ իրագործումներ ընելու կարելիութեամբ: Սակայն դրամը կրնայ դառնալ նաեւ անթիւ չարիքներու աղբիւր, շահագործումի նիւթ եւ իսկական վայելքներու միջոց: Այս պարագային մեծահարուստը ոչ միայն մեծ մարդ չէ, այլ նաեւ` անխիղճ Կրեսոս մը:

Զինուորական կամ քաղաքական վարիչ դիրքերո՞ւն մէջ արդեօք:

Բազմութիւններու ճակատագիրը վարելու համար մեծ կարողութիւններ անհրաժեշտ են, իմացական եւ հոգեկան հազուագիւտ յատկանիշներ: Բայց իշխանաւոր եւ իշխանատենչ անձերը բարձր դիրքերու հասնելէ ետք կրնան բռնակալներ դառնալ եւ խեղդել ժողովուրդին ազատութիւնը: Այս պարագային, մեծատիտղոս անոնց անունները անէծքի միայն կ՛արժանանան բազմութիւններու հոգիին մէջ:

Ո՞ւր է հապա մարդուս բուն մեծութիւնը:

Կասկած չկայ, թէ Գամառ Քաթիպա իրաւունք ունի եւ ճիշդ մատնանշած է անհրաժեշտ այն յատկութիւնը, որ իրական մեծութիւններ կը դարբնէ:

Ատիկա անձնազոհութիւնն է, նուիրաբերելու, իր ունեցածը ուրիշներու բարիքին համար զոհելու ընդունակութիւնը: Չկայ աւելի բարձր արժանիք, քան` զոհաբերութեան ոգին, որ դժբախտաբար հաշտ չէ միշտ հանճարին, հարստութեան եւ ուժին հետ:

Լոյսի պէս պարզ է այս ճշմարտութիւնը: Ոեւէ բարոյախօս քարոզիչ նոյնը պիտի վկայէր: Եւ ատոր համար ալ մենք վարժուած ենք մեծութեան ըմբռնումին այս չափանիշը նկատելու բարեպաշտ քրիստոնէի ըմբռնում եւ նոր արժեչափեր փնտռելու այլ տեղեր:

Ի զո՜ւր: Որքան խոր մտածենք, այնքան աւելի պիտի համոզուինք, որ առանց զոհաբերութեան ոգիին` չկայ մեծութիւն:

Մեծ է այն հանճարեղը, որ երկնատուր շնորհները գիտէ ծառայեցնել իր նմաններու բարօրութեան, մարդկութեան բարձրացման եւ այս նպատակի ճամբուն վրայ պատրաստ է զոհելու իր անձնական ու ընտանեկան երջանկութիւններն ալ:

Պատմութիւնը «մեծ մարդ»-ու անունով կը ճանչնայ նաեւ նիւթի եւ ուժի այն հսկաները, որոնք դարձեալ գիտցած են իրենց ունեցածը ի սպաս դնել հանրութեան:

Կայ աւելին. կարելի է «մեծ» ըլլալ` առանց հռչակաւոր ըլլալու: Որքա՜ն ճշմարիտ մեծութիւններ այս կեանքին ընդմէջէն կ՛անցնին կ՛երթան` առանց ճանչցուելու: Անյայտ եւ անանուն մարդիկ, որոնք ո՛չ փառք ունին, ո՛չ իշխանութիւն, ո՛չ ալ հարստութիւն, բայց ունին հիմնականը, մարդս բարձրացնող, մարդը աստուածներուն մօտեցնող այն բացառիկ յատկութիւնը, որ անձնուիրում կը կոչուի:

Վերջին հաշուով, բուն մեծութիւնը սրտի մեծութիւնն է: Հերոսականին ակունքները սրտին մէջ կը գտնուին: Օրինակնե՞ր կ՛ուզէք. բայց շա՜տ են անոնք բոլոր ժողովուրդներու, ինչպէս եւ մեր պատմութեան մէջ: Ուրիշ հայ բանաստեղծ մը` Դանիէլ Վարուժան, Եփրեմի յիշատակին նուիրած իր գեղեցիկ քերթուածին մէջ անոր մեծութեան գաղտնիքը սապէս կը սահմանէ.

«Զքեզ խրճիթ մը ծնաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց, այդ վշտին չափ եղար մեծ»:

Պալատները չեն, որ մարդը կը մեծցնեն: Կորսուած խրճիթի թշուառութենէն Եփրեմի նման հերոսներ կրնան ծնիլ, երբ անոնց սիրտը բաբախէ ժողովուրդներու ազատութեան սիրով: Ոչ միայն բաբախէ, այլեւ զիրենք մղէ կենդանի գործով եւ անվերապահ նուիրումով ծառայելու արդարութեան դատին:

Կեանքը լեցուն է ծափերով ու ծնծղաներով, բայց իրական մեծութիւնները քիչ են դժբախտաբար, որովհետեւ շատ դժուար է մեծ ըլլալը:

Եւ յաճախ նոյնքան դժուար է մեծութիւնները ճանչնալը:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մխիթարեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Մայրերու Տօնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?