Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1969)

Յունիս 24, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տրովադայի Ձին

Վերջին տարիներուն ո՞վ է ճաշակած դառնութիւնը հրաժեշտի այցելութիւններուն: Անպայման ազգական մը, բարեկամ մը կամ ծանօթ մը կայ, որ կը մեկնի դէպի հեռաւոր աշխարհներ: Ամերիկան ու Քանատան դարձած են Աւետեաց Երկիր, ուր կը ձգտին հասնիլ մեր ազգակիցներու հոգիները: Երանի՜ թէ հարցը փակուէր միայն հոգիներու թռիչքով: Մարմինները կը հետեւին շուտով այս թռիչքին` օդանաւի մը թեւերուն վրայ:

Ես ալ վերջերս գացած էի ճամբու դնելու սիրելի բարեկամ մը, որ հրաժեշտ կու տար Լիբանանի արեւոտ լեռներուն` երթալ հաստատուելու համար Քանատայի սառնամանիքներուն մէջ: Ակներեւ տխրութիւն մը կար բարեկամիս դէմքին վրայ: Տուն-տեղ քանդել, տարիներու վարժութենէն հրաժարիլ եւ անծանօթ վայրերու մէջ նոր կայք հաստատել. կը զգայի, որ դիւրին ըլլալու չէր:

Օդակայանի իրարանցումին մէջ գտանք ազատ անկիւն մը եւ նստանք քով-քովի: Բարեկամս խորք ունեցող մէկն էր, երկար ատեն աշխատած` ազգային ու մշակութային կազմակերպութիւններու մէջ: Լաւ կ՛ըմբռնէի իր լռութեան ներքեւ թաքնուած խոր տառապանքը: Կ՛ըմբռնէի, բայց չէի հասկնար, թէ ինչո՞ւ տուած էր յանկարծ մեկնելու այս որոշումը:

– Կը ներես,- ըսի պահ մը վարանելէ ետք,- մասնաւոր պատճառ մը ունէի՞ր գաղթելու համար: Որքան գիտեմ` հոս գործդ գէշ չէր. ընտանիքդ ապրեցնելու չափ հասոյթի աղբիւր մը ունէիր:

Պահ մը աչքերուս նայեցաւ իր խոնաւ նայուածքով, թուքը կուլ տալ փորձեց, ապա արտասանեց ծանօթ տարազը.

– Ընտանիքիս ապահովութեան, զաւակներուս ապագային համար:

– Զաւակներուդ ապագան ո՞վ կրնայ երաշխաւորել Քանատայի մէջ: Եւ յետոյ` ապագայ ըսելով միայն նիւթակա՞նն է արդեօք: Զաւակներդ դեռ պզտիկ են, կրնան հոգեպէս կորսուիլ:

– Այսինքն ի՞նչ ըսել կ՛ուզես, հոն քաղաքակիրթ երկիր է, բարձր ուսում, լայն ասպարէզ,- առարկեց բարեկամս ջղային շեշտով մը:

– Ըսել կ՛ուզեմ, որ իբրեւ հայ պիտի կորսուին:

– Գիտէի մտքինդ,- վրայ բերաւ իսկոյն,- եւ չեմ մեղադրեր քեզ այդպէս մտածելուդ համար: Ամիսներ շարունակ ես ինքս ալ տառապեր եմ զաւակներս կորսնցնելու գաղափարով: Վստահ եմ, որ չես կասկածիր հայու զօրաւոր զգացումներուս վրայ: Եւ սակայն…

– Սակայն ի՞նչ:

– Իմ ապրած հոգեկան տրամս հասաւ իր վախճանին: Գուցէ շա՛տ ցաւալի, բայց տրամաբանական վախճանին: Վերջ տուի ներքին պառակտումիս, որ զիս կ՛արիւնէր ատենէ մը ի վեր: Ամէնուն առջեւ չեմ կրնար ըսել ասիկա, բայց քեզի պիտի խոստովանիմ: Հարիւրներ կան ինծի պէս մտածող, որոնք զանազան պատճառներով չեն ուզեր անկեղծ ըլլալ եւ արտայայտուիլ սրտբացօրէն: Այս պահուս ես քաջութիւնը պիտի ունենամ ըսելու ճշմարտութիւնը:

Բարեկամս պահ մը լռեց, թաշկինակով սրբեց ճակտի քրտինքը եւ շարունակեց.

– Արտասահմանի մէջ մենք մեր ազգային գոյութեան պայքարը կորսնցուցած ենք: Յիսուն տարի պայքարեցանք, յուսացինք, յուսադրեցինք, սպասեցինք եւ տեղ մը չհասանք: Ինչ որ կայ եւ պիտի ըլլայ այսուհետեւ, քաշքշուք է, հոգեվարքի երկարաձգում: Արդ, ի՞նչ իրաւունքով ես իմ զաւակներուս ապագան խորտակեմ յանուն դատի մը, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի ցնորք կը դառնայ: Ո՛ւր ալ ըլլան` անոնք կորսուած են ազգային տեսակէտէն: Տարիներու հարց է միայն: Աւելի լաւ չէ՞ ուրեմն, որ մեծ ազգի մը եւ մեծ երկրի մը զաւակները դառնան, քանի հնարաւոր է եւ քանի այդ հնարաւորութեան բանալին իմ ձեռքս է: Մենք դժբախտ եղանք, զրկանքներով մեծցանք, վտանգներու սարսափը ապրեցանք տեւաբար, գոնէ մեր զաւակները շնորհքով կեանք մը տեսնեն:

– Կը ցաւիմ, որ այսքան շուտ…

– Գիտեմ, գիտեմ,- ընդմիջեց զիս բարեկամս,- ի՛նչ կ՛ուզես մտածէ իմ մասիս, պարտուողական, նահանջող, եսասէր… դժբախտաբար այ՛ս է իրականութիւնը: Մեր առջեւ դռները գոց են, եւ ուրիշ ելք չունինք: Եթէ համոզուած ըլլայի, որ իմ ճիգերս ու զոհողութիւններս բան մը կրնան փոխել մեր կեանքի դժբախտ պայմաններէն, ո՛չ միայն կը մնայի, այլեւ կ՛աշխատէի զաւակներս ալ նետել պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Սակայն ելք չեմ տեսներ… թող երթան, տղաքս գոնէ իբրեւ մարդ երջանիկ ապրին:

Բարձրախօսը ազդարարեց ճամբորդներուն մաքսատուն իջնել: Բարեկամս ոտքի ելաւ եւ շալկեց պայուսակը: Ձեռքի վերջին սեղմում մը, եւ արդէն ես մինակ էի ամբոխի իրարանցումին մէջ: Մինակ էի` իրար հրմշտկող եւ իրար հարուածող մտածումներու ահաւոր գրոհի մը դիմաց:

Ահա պատուական հայորդի մը, տարագրութիւն եւ որբանոց տեսած, հայ գիրով եւ հայ գրքով սնած, հայկական իտէալներու համար պայքարած, զաւակներ աշխարհ բերած նախանձախնդիր հայ մը, որ կը մեկնէր զինաթափ, գլխահակ, համակերպ: Իրա՞ւ էր արդեօք տուած հաւաստիքը, որ վերջ գտած է իր ներքին երկուութիւնը եւ հաշտուած` գաղթաշխարհի պայմաններուն հետ: Հաւատա՞լ, թէ ա՛լ պիտի չտառապի հայ ըլլալուն եւ հայ չըլլալուն համար: Պիտի կրնա՞յ խաղաղ սրտով դիտել իր զաւակներուն այլասերող դէմքը եւ լսել օտարախօս լեզուն: Հոգին ետդարձ պիտի չկատարէ՞ օր մը:

Դժուարին հարցումներ: Կարեւորը հարցին այս երեսը չէր սակայն: Ահաւոր էր ընդունիլ, թէ մեկնողներուն մէջ բարեկամս բացառութիւն չէր կազմեր, թէ` բազում էին անոնք, որ նոյնը կը մտածէին, բայց չէին արտայայտուիր:

Ու խորհեցայ. ճշմարիտ աղէտները մեկնումները չեն այնքան, որքան` մեկնողներուն հոգեբանութիւնը: Կար ժամանակ մը, տակաւին երէկ, որ աշխարհիս ծայրը գացող հայն ալ կ՛երթար հոն հայ մնալու եւ զաւակները հայ մեծցնելու ուխտով: Հայ ապրիլը պարտականութիւն մը չէր, այլ` կեանքի իմաստ եւ հոգիի ծարաւ մը: Կէս դարը բաւեց, որ մեր ազգային կեանքի բեմին վրայ ու բեմին ետեւ խաղցուող տրաման ոմանց համար վերջ գտնէ անձնատուութեամբ:

Մեծ վտանգը հո՛ս է արդէն` խիղճերու գտած հանգիստին եւ սփիւռքի պայմաններուն հետ կնքուած լուռ դաշինքին մէջ:

Մեր պաշտպանած հոգեկան բերդի պարիսպները խոշոր ճեղքեր ստացած են:

Տրովադայի ձին բերդէն ներս սահած է, մեր մէջ է արդէն:

Ժամանակն է ահազանգը լսելու:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?