Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1969)

Յունիս 18, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ո՞ր Ասպարէզը Ընտրել

 

Դպրոցական տարին իր վախճանին կը մօտենայ: Քննութիւններ, սպասումներ, յոյսեր եւ նոր ծրագիրներ: Անոնց համար մանաւանդ, որ երկրորդական վարժարանէ մը կը վկայուին, բարձրագոյն ուսման նոր հեռանկարներ կը բացուին: Ի՞նչ ընել, համալսարանի դասընթացքներու ո՞ր ճիւղին հետեւիլ, եթէ անշուշտ հնարաւորութիւն ստեղծուի դռնէ մը ներս մտնելու:

Պաքալորէայի տիրացող պատանիներէն շատերուն համար մասնագիտութեան մը ընտրութիւնը բաւական դժուարին խնդիր կը դառնայ: Որոշումներ կ՛առնուին յաճախ անձնական նախասիրութիւններէ բոլորովին անկախ, շրջապատի ազդեցութեանց ներքեւ:

Քանի մը օր առաջ այցելութեան մը ընթացքին առիթը ունեցայ այս հարցի մասին կարծիքներու փոխանակութիւն կատարելու սրտցաւ մօր մը հետ, որ հասած զաւակ ունի, թեկնածու` բարձրագոյն ուսմանց:

– Ես ու հայրը կը փափաքիք, որ մեր տղան տոքթոր ըլլայ,- յայտարարեց տիկինը վճռական շեշտով,- ամէն զոհողութիւն պիտի ընենք…

– Շա՜տ գնահատելի է ձեր փափաքը, գնահատելի է նաեւ զոհողութիւն ընելու ձեր պատրաստակամութիւնը, բայց ձեր տղան կ՛ուզէ. բժշկութեան հետեւիլ, կը սիրէ՞ այդ ասպարէզը,- հարց տուի յարգելի տիկնոջ:

– Սրտովը չէ, բայց ինքը ի՞նչ գիտէ,- ըսաւ ապագայ «տոքթոր»-ին մայրը,- իրեն ձգենք նէ, ինք կ՛ուզէ էնժենիոր ըլլալ…

– Սխալ կ՛ընէք, տիկի՛ն,- ձգեցէք, որ սիրած ճիւղը ընտրէ` իր ընդունակութիւններուն համաձայն:

– Ինչո՞ւ, տոքթորութիւնը աւելի աղէկ է, աւելի լաւ ապագայ ունի: Ո՛ւր որ երթայ` կրնայ լաւ դիրք մը ստեղծել եւ յարգուիլ ամէնքէն:

– Կրնայ ըլլալ, որ իրաւունք ունենաք, բայց մասնագիտութեան մը ընտրութիւնը յարմարութեան հարց է ամէն բանէ առաջ:

– Ինչո՞ւ, իմ տղաս որմէ՞ ետ կը մնայ: Դասարանին առաջիններէն եղած է միշտ: Տագրոջս տղան բժիշկ ելլելէ ետք մերինը բնաւ դժուարութիւն չի քաշեր:

Չուզեցի աւելի խորացնել վէճը եւ պաղ ջուր լեցնել «բժիշկ»-ի տիտղոսով յափշտակուած մօր մը տաք զգացումներուն վրայ: Սակայն այս ընթացիկ զրոյցը զիս մղեց խորհրդածելու տղոց ապագան կերտելու սխալ կերպի մը մասին, որ բաւական ընդհանրացած է քիչ մը ամէն տեղ:

Ի՞նչ կ՛ըմբռնենք, ի վերջոյ, «ապագայ» ըսելով: Ամէն ծնողի խոր փափաքն է զաւակը տեսնել յաջողած եւ երջանիկ: Ապագան, ուրեմն, յաջողութեան եւ երջանկութեան այն մտապատկերն է, որուն կը ձգտինք հասցնել նորահաս սերունդը:

Արդ, մեծերը զայն կ՛երեւակայեն իրենց տուեալներով եւ զուտ նիւթական առաւելութիւններ հաշուի առնելով:

Մեծ է թիւը այն ծնողներուն, որոնք լաւ ընելու տեղ գէշ կ՛ընեն` ստիպելով, որ պատանին իր ընդունակութիւններուն եւ հակումներուն հակասող մասնագիտութիւն մը ընդգրկէ: Կեանքին ու երջանկութեան տրուած անդարմանելի հարուածն է ասիկա:

Դժուար չէ երեւակայել վիճակը այն մարդուն, որ ամբողջ կեանքը գործ մը պիտի կիրարկէ` չուզելով, հայհոյելով, անիծելով կամ առնուազն` ձանձրանալով: Երջանկութեան աղբիւրը գործունէութեան մէջ է: Կեանքի վայելքը խոշոր չափով մը սրտի մօտ աշխատանքին հետ կապուած է: Եթէ ճիշդ է, որ ձախորդ ամուսնութիւն մը դժոխքի կը վերածէ ընտանեկան յարկը, նոյնքան ճիշդ է նաեւ ձախորդ արհեստին ներկայացուցած անպատեհութիւնը: Ի վերջոյ կեանքին նպատակը քանի մը ոսկի աւելի շահիլը չէ, այլ` շահին ու աշխատանքին մէջէն քաղուած հաճոյքը:

Յաջողութեան տեսակէտէն նոյնպէս հարցը կը ներկայացնէ կենսական նշանակութիւն: Բախտին բաժինը մէկ կողմ նետելով, որո՞նք են այն ազդակները, որ աշխատանքի մը առաւելագոյն յաջողութիւնը կ՛ապահովեն: Հոգեբան եւ մանկավարժ ըլլալու պէտք չկայ ճշդելու համար, թէ մասնաւոր յարմարութիւնները, այսինքն կոչումն ու ընդունակութիւնը ի՜նչ մեծ դեր կը խաղան միջակութիւններէն վեր բարձրացողներու կեանքին մէջ:

«Կոչում» բառը թերեւս քիչ մը շատ լայն եւ շատ խոր իմաստ ունի այս պարագային: Ամէն պատանի համալսարանի սեմին կոչումի զօրաւոր ձայնը չի լսեր իր կուրծքին տակ: Եւ ամէն լսող ալ պէտք եղած կորովն ու կամքը չ՛ունենար արգելքներ խորտակելու: Այսուհանդերձ, նախասիրութիւն կամ ընդունակութիւն ըսուած բան մը գոյութիւն ունի, զոր մեծերը շատ հեղ կ՛անտեսեն: Ահա հո՛ս է սխալը:

Երկրորդական վարժարանը նոր աւարտած անփորձ տղաք եւ աղջիկներ պէտք ունին խորհուրդի: Քիչերն են, որ վճռապէս իրենք կ՛ընտրեն իրենց ասպարէզը եւ հոն կը նետուին թարմ կեանքերու ամբողջ թափով: Իսկ մեծամասնութիւնը պատրաստ է անսալու կողմնակի խորհուրդներու:

Ծնողներու, դաստիարակներու կամ բարեկամներու տալիք ուղղութիւնը այս անկիւնադարձին վրայ վճռական նշանակութիւն ունի գալիք բոլոր տարիներուն համար: Եթէ ես անձնապէս գիտութեան սէր եւ հակում կը զգամ, իրաւունք չունիմ պատանին մղելու, որ գիտական ճիւղի մը հետեւի, եթէ ան օժտուած է արուեստագէտի խառնուածքով: Նման քայլ մը պարտադրել անոր` կը նշանակէ խափանել իր առջեւ յաջողութեան եւ երջանկութեան ճամբան:

Դիտեցէք ձեր շուրջ. որքա՜ն երիտասարդներ կան, որոնք իրենց խառնուածքին եւ կարողութիւններուն անյարիր ուղղութիւն մը որդեգրած են արտաքին ճնշումներու պարտադրանքին տակ: Եւ այս սխալը մեծ մասամբ կու գայ ծնողներու փառասիրութենէն կամ խորհրդատուներու անձնական միակողմանի տեսակէտներէն:

Մասնագիտական դիմաշրջումը լուրջ խնդիր մըն է, որ կը պահանջէ իրատեսութիւն եւ անկեղծութիւն:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայիսեան Յաղթանակի Ձեռնարկներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?