«Դիցակերպ Հայկ»-էն
Մինչեւ Մեր Օրերը
Մեր պատմութեան աւանդական բաժինը զերծ չէ, անշուշտ, առասպելական բնոյթէ: Ան կը կրէ պատմականօրէն մեզ կանխող ժողովուրդներու նմանօրինակ զրոյցներու ազդեցութիւնն ու դրոշմը: Իբրեւ այդպիսին ալ` աստիճանաբար մեկուսացուեցաւ մեր քննական պատմութենէն, որովհետեւ քննական պատմութիւնը իբրեւ խարիսխ կ՛ընդունի պատմական տուեալներով ճշդուած եւ հաստատուած փաստեր` իր կառոյցին համար:
Այսուհանդերձ, մեր պատմութեան այդ առասպելաբնոյթ մասը, որ մեր ժողովուրդի գոյութեան սկիզբը կը ձգտի բնորոշել Հայկով, ինչպէս եւ անոր հոլովոյթը` մինչեւ Արա Գեղեցիկ, եթէ օտար զրոյցներու դրոշմն իսկ ունեցած ըլլան, իրենց ձգտումներով կը բնորոշեն մեր ժողովուրդի նկարագրին երկու հիմնական գիծերը:
Եւ ա՛յդ է, անշուշտ, պատճառը, որ անոնք մտած են մեր մատենագրութեան շրջագիծէն ներս եւ քալելով մեր ժողովուրդին հետ` հասած են մինչեւ մեր օրերու հայոց պատմութեան դասագրքերը:
Կը խորհիմ, հետեւաբար, որ հայոց պատմութիւն աւանդողները, խօսքը մասնաւորապէս նախակրթարաններու յատուկ է, շեշտը պէտք է դնեն այդ զրոյցներուն իմաստասիրական կողմին վրայ` անշուշտ աշակերտին համար ըմբռնելի ու նաեւ իւրացուելիք ձեւով ու շունչով:
Յեղյեղուած բնորոշումներ են, որ Հայկ կը յատկանշէ հայուն ազատատենչ ոգին, իսկ Արա Գեղեցիկ` ցեղային արիւնը անաղարտ պահելու ձգտումը:
Եթէ հիմք ընդունինք կենսաբանական այն տեսակէտը, որ ժողովուրդներու նկարագիրներու կազմութեան մէջ մեծ դեր կը կատարեն անոնց ապրած միջավայրերը` իրենց կլիմաներով ու պայմաններով, եւ կրած ազդեցութիւնները` յարաբերութիւններու թէ բախումներու պատճառով, հարկ կ՛ըլլայ եզրակացնել, կամ` առ նուազն ենթադրել, որ մեր ժողողվուրդը իր ծագման սկզբնական շրջաններէն իսկ ենթակայ է եղած իր ազատութիւնը կաշկանդող կամ ի սպառ ջնջելու ձգտող ուժերու հարուածներուն եւ, միանգամայն իբրեւ հետեւանք անոնց, օտարներու հետ ձուլուելու վտանգին:
Մեզի ծանօթ պատմական շրջանէն սկսած` այս երկու վտանգները զուգահեռաբար քալած են մեզի հետ: Մասնաւորապէս Արշակունեաց հարստութեան շրջանին, առանց նկատի ունենալու դեռ Արտաւազդ Բ.ի օրերուն պարթեւներու տիրակալական ձգտումները, իսկ գահին տապալումէն ետք մենք միշտ ենթակայ մնացինք ազատութենէ զրկանքին նաեւ, իբրեւ հետեւանք ատոր, օտարին հետ արիւն խառնելու վտանգին:
Այս բնորոշումը լրիւ պիտի չըլլար սակայն, եթէ մենք անոր չկցէինք հակազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին: Հարուածուած, բայց թրծուած այդ քուրային մէջ հայ ժողովուրդը շարունակած է մնալ նոյն «ըմբոստ Երասխը»:
Եւ ուշագրաւ չէ՞ այն պարագան, որ քննական պատմութեան մէջ երեւան եկած այն տեսակէտը, թէ Վասակ իրապաշտ քաղաքականութիւն մը ուզած էր վարել, կրօնական նկատումներով սուրբերու կարգը դասուած Վարդանը դեռ մինչեւ այսօր, յաչս մեր ժողովուրդին, զրկուած չէ զինք սրբացնող փառքի այդ պսակէն: Ես խորապէս համոզուած եմ, որ ժամանակի հոլովոյթին հետ մեր Յեղափոխութիւնը եւս պիտի դառնայ համաժողովրդային փառաբանանքի առարկայ:
Նոյնքան ուշագրաւ չէ՞ այն պարագան, որ Անդրանիկ, որ համազգայինի մեծարանքի արժանացաւ առաւելապէս այն շրջանին, երբ դադրած էր «սաւառնող արծիւն» ըլլալէ, բայց դադրա՛ծ էր նաեւ «դաշնակցական խումբը» բնորոշելէ: Այսինքն վերցած էր հատուածային չափանիշով զայն դիտելու կողմնակալութիւնը:
«Դիցակերպ» Հայկէն եւ գեղադէմ Արայէն մինչեւ այսօր փոխուեցա՞ն մեր ժողովուրդի պայմանները: Իր առասպելական առումով, Բելը չկայ, անշուշտ, մեր ժողովուրդի այն մէկ երրորդին վրայ, որ «Հանրապետութիւն որակումին տակ համախումբ` կ՛ապրի մեր պատմական հողերէն մէկ մասնիկին վրայ եւ իր բոյն կը վերաշինէ»: Բայց մենք նաեւ այսօր ազգային-պետական ազատութեան պակասը ունինք նոյնիսկ յարաբերական իմաստով: Կը բնորոշեմ իրողութիւնը` առանց մօտենալու կարելիութեան եւ անկարելիութեան, նախընտրութեան եւ աննախընտրութեան: Ոչ թէ Վարդան-Վասակի, այլ` Վռամշապուհի օրերը յիշեցնող գոյավիճակ մը:
Իսկ այժմու մեր տարակարծութիւն` հայ պետութեան մը իրաւական գոյավիճակի մասին, խորքին մէջ շատ տարբերութիւն չունի հինգերորդ դարու իրարու հակադիր ձգտումներէն:
Իր գոյութեան իմաստը կը մնայ, մինչեւ այսօր, նաեւ Արա Գեղեցիկի զրոյցը: Մասնաւորապէս` մեր զոյգ սփիւռքներուն մէջ: Հիմա անիկա շեշտուած է նաեւ այն իրողութեամբ, որ արեան հարազատութեան հետ խոր մտահոգութիւնը ունինք նաեւ այլասերման կամ ապահայացման:
Ի՞նչ ելք կ՛ունենան այս զոյգ գոյավիճակները, որոնք շատ ալ պայմանաւորուած չեն իրարմով: Ըսել կ՛ուզեմ` անկախ հայրենիք մը բացարձակ երաշխիք մը չէ սփիւռքներուն գոյութեան վերջ տալու եւ, հետեւաբար, «արի Արայով» բնորոշուող վտանգը կանխելու:
Խօսելով Եղեռնի մասին մենք սկսած ենք մատնանշել այն պարագան, որ վերագտած ենք մեր 1915-ի թիւը: Այս մատնանշումը նկատի չունի սերունդներու այն տոկոսը, եթէ շուրջ մէկ ու կէս միլիոնին դեռ բերրի տարիքի մէջ եղողները շարունակէին ապրիլ իրենց բնականոն կեանքը:
Վերագտնուած այդ թիւին մէջ մենք պէտք է նկատի ունենանք նաեւ տոկոսները երկու տարրերու, միայն ծնունդով հայերու եւ հայօրէն ապրող հայերու:
Այս տոկոսները կը մնա՞ն անփոփոխ: Ո՛չ: Եւ ներքին թէ արտաքին սփիւռքներու մէջ այդ փոփոխումը ի վնա՞ս մեր ամբողջականութեան տեղի կ՛ունենայ, թէ՞ ի նպաստ անոր:
Բայց պատասխանի կը կարօտի՞ այս հարցումը, երբ այնքան աղաղակող է դառն ճշմարտութիւնը…
ՍՕՍԵԱՆՑ ՏՂԱՆ