Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1969)

Յունիս 8, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւանանքի Մարդը

(Լեւոն Շանթի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով)

Լեւոն Շանթի անձին մէջ մարդուն ու գրագէտին նկարագիրը ցայտուն կերպով ի յայտ կու գայ երիտասարդութեան առաջին իսկ տարիներուն, երբ, լրացնելէ ետք Էջմիածնայ Գէորգեան ճեմարանը (1884-1891), կը վերադառնայ Պոլիս ու «Հայրենիք»-ի 21 հոկտեմբեր 1891-ի թիւին մէջ կը հրատարակէ իր առաջին քերթուածը` «Ա՜խ, տուէք ինձ» խորագրին տակ:

Պիտի չարտագրենք չորս քառեակներէ բաղկացած այդ պատառիկը: Սակայն պիտի ուզենք հոն քով-քովի բերուած գրեթէ նախնական մտածումներուն մէջ մատնանշել ապագայ մեծ գրագէտին ու թատերագրին, ինչպէս մարդուն ու դաստիարակին ընկերային-իմաստասիրական դաւանանքը:

Շանթի գերագոյն ձգտումը եւ իղձն է, առաջին իսկ օրէն, ունենալ «անսահման եւ անզուսպ ուժ»-ը` պայքարելու, «մաքառելու ամպերու դէմ, որոնք կը ծանրանան իր մտքին վրայ», ապա` «յաղթելու, ողջունելու լոյսը» եւ դառնալու «ՇԱՆԹ»…

Ինչպէս կը տեսնէք, աւազանի անունով Լեւոն Նահաշպենտեան մանկական տարիքի մէջ հայրը կորսնցնելէ ու անոր անունով «Սեղբոսեան» դառնալէ ետք, 1891-ին գրի առած իր առաջին իսկ քերթուածին ուժի, պայքարի եւ յաղթանակի կարգախօսովը կը մկրտուի ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ:

Յաջորդական տասնամեակներու ընթացքին ու մինչեւ իր մահը (1951) մեծ գրագէտն ու դաստիարակը մնաց այս նոյն դաւանանքին գաղափարաշունչ քարոզիչը` իր վէպերով ու մանաւանդ թատերական վաստակով, արուեստի իր կրակը առնելով յատկապէս հիւսիսային ժողովուրդներու յառաջապահ մտաւորականութենէն եւ իմաստասիրական հոսանքներէն:

Նիցչէ, Իպսէն, Կէօթէ (նաեւ` Շէյքսփիր) եղան այն գլխաւոր մեծերը, որոնք ի բնէ պայքարունակ իր միտքն ու հոգին կռանեցին, գրեթէ շօշափելի իրենց ներգործութիւնը ունեցան իր գրականութեան ու թատերական վաստակին վրայ, եւ ատով ալ «միջազգային» բնոյթ ու կշիռ տուին իր բոլոր լայնաշունչ ստեղծումներուն:

Եթէ հայ գրականութեան համայնապատկերին մէջ Շանթի գործը «զարտուղութիւն» նկատուելու չափ ինքնատիպ է եւ ծանրաշունչ, պատճառը պէտք է փնտռել իմաստասիրական ու ընկերային այն խորքին մէջ, որուն անհաւասարելի մեծութիւնները եղան Իպսէն կամ Կէօթէ` մարդուն ու կեանքին մէջ որոնելով աղբիւրը «ուժին» եւ «գեղեցկութեան», «ձգտում»-ին եւ «որոնում»-ին, բոլոր այն ներքին զօրութիւններուն, որոնք բնութեան ստեղծած մարդ էակը կրնան արժեւորել գաղափարաբանութեան ու ճշմարիտ մեծութեան ըմբռնումին իրագործումովը:

«Քանակ»-ը որակի վերածելու հանգանակն է, որ կը վարէ Շանթը: Բարձրանալու, ազնուանալու, «ինքզինք իրականացնելու» կոչում մը ունի մարդը, եւ եթէ այս ձգտումին մէջ զրկանք ու տառապանք կը սպասեն իրեն, պիտի չկթոտի եւ պիտի չտկարանայ: Պիտի պայքարի յաղթելու կամքով:

Գերմանիան եւ իր համալսարանները (Լայփցիկ, Ենա, Միւնիխ) որոնումի եւ մշտական ոգորումի իր այս տենդը վարակած են` մտասեւեռումի մը վերածելով իր մէջ գաղափարականութիւնը: Մարդը «առարկայ» մըն է լոկ, եթէ իրեն տրուած կեանքի տեւողութիւնը պիտի սպառէ` իբրեւ կրաւորական էակ կամ ճակատագրապաշտ էութիւն: «Ինքզինք իրականացնելու» համար պէտք է կարենայ վերստեղծել մարդը իր մէջ:

Շանթի բոլոր վէպերուն, թատրերգութեանց եւ քերթուածներուն մէջ (ինչպէս` առհասարակ հանրային մարդու եւ դաստիարակի իր գործունէութեան մէջ) բնութեան ստեղծած մարդը գաղափարաշունչ էակի վերածուած տեսնելու տենչը կայ. ու ինչ ալ ըլլայ վէպին սեռը, նիւթը կամ հիմքը, հերոսները միշտ մարդիկ են, որոնք կը խորհրդանշեն պայքարը «առարկայ» մարդուն եւ գաղափարատիպ մարդուն, վատին ու քաջին, տգեղին ու գեղեցիկին, տկարութեան ու ուժին…

«Ի՜նչ ոչնչութիւն կեանքը` առանց գործելու, առանց մաքառման, առանց անհատնում ծրագիրներու», կ՛ըսէ Երուանդ` «Երազ օրեր»-ու հերոսը, երբ հարկադրաբար պիտի բաժնուի Դիլիջանի հովուերգական ամարանոցի ուսանողուհիէն` Վարդուհիէն, որուն հայերէնի դասեր կ՛աւանդէր…

Իր բոլոր վիպական թէ թատերական գործերուն մէջ Շանթ կ՛ապրի իր հերոսներով, ինք կայ անոնց մէջ` պատմական վերիվայրումներու մէջ, պայքարի ճակատներու վրայ, ազգային թէ ընկերային կեանքի մէջ:

Եւ իր բոլոր հերոսներուն դէմ` կան միշտ տկարները, վեհերոտները, վատերը, դիւրին կեանքի ու փառքի հետամուտ հակադիր տիպարները:

«Լերան աղջիկը», «Դերասանուհին», «Մնաք բարովի իրիկունը», «Դարձը», «Եսի մարդը», «Ճամբուն վրայ», «Հին աստուածները», «Կայսրը», «Շղթայուածը», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Օշին Պայլը» ու տակաւին շարքը իր բոլոր վիպերգութեանց եւ թատերակներուն կը դառնան գրեթէ նոյն առանցքին շուրջ. որոնում, ձգտում, անկթոտ պայքար` չգտնելու, չհասնելու, տառապելու գնով, բացարձակապաշտ նոյն մտքով ու հոգիով:

Արտակեդրոն մարդ մը ու գրագէտ մըն էր Շանթ, սակայն` խորապէս մարդկային: Այնպէս, ինչպէս եղաւ իր գործը:

Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ապագան` Գետնին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?